«Փոքր Գիւղաքաղաքը»
Երեսնական թուականներ:
Պոլիս:
Նախակրթարանի աշակերտներ ենք:
Հայ դպրոցի տղաք:
Աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն մեզի կ՛աւանդուին թրքերէնով, թուրք ուսուցիչներու կողմէ եւ պետական լուսաւորութեան` մաարիֆի կողմէ պատրաստուած դասագրքերէ: Ինչ որ կ՛աւանդուի թուրք պետական դպրոցի մէջ, նոյնը եւ կ՛աւանդուի համապատասխան դասարաններու մէջ: Խօսքը չենք ըներ դեռ թրքերէն լեզուի եւ գրականութեան դասերուն, որոնք ամէն օր այնպէս մը կ՛աւանդուին մեզի, որ մեր կրակուբոց տղաքը փարսախներով ետ կը ձգեն իրենց թուրք տարեկիցները` իրենց իսկ լեզուին մէջ:
Աշխարհագրութեան դասն է:
Նոր գլուխ մը կը սկսինք, որ կը կոչուի` «Ռուսիա վէ Քաֆքասլար», նոյն ընդարձակ գլխուն ենթագլուխը կը կազմէ` «Քաֆքաս հիւքիւմեթլերի»-ն, որ գլխաւորաբար կը խօսի Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի մասին: Կը տրոփեն մեր սրտերը:
Արդէն իսկ գոց գիտենք Հայաստանի մասին գրուածները, սակայն ուսուցիչը արդեօք նոր բաներ մը պիտի բարեհաճի՞ ըսել Հայաստանի մասին, տրուած ըլլալով, որ խիստ կարճառօտ են ու ժլատ` Հայաստանի շուրջ գրուածները: Մօտաւորապէս սիւնակ մը տրամադրուած է իրենց ցեղակից Ազրպէյճանին, կէս սիւնակ` Վրաստանին, իսկ Հայաստանի մասին գրուածները կրնամ վերարտադրել` եղածին պէս.
«Սովեթ Էրմենիստան, մեսաֆեսի 29,000 քիլմոմեթրէ քարէ: Նիւֆուսու 760,000 քիշի: Մերքեզի Էրիվան օթուզ պին նիւֆուսլու քիւչիւք պիր քասապատըր»:
Նախակրթարանի տղաք ենք, բայց կը զգանք գիտակցաբար կատարուած խեղաթիւրումը, մանաւանդ հայոց երեսին նետուած անարգանքը, ըստ որում, մեր քաղաքամայր Երեւանը կը դառնար` կ՛ըլլար «երեսուն հազարնոց փոքր գիւղաքաղաք մը»: Մեր ուսուցիչը սովորութիւն չունէր դասը բացատրելէ յետոյ, բացատրուած գլուխը կարդալ տալու մեզի: Բայց այդ օր, Կովկասի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տալէ եւ հայոց անունն իսկ բերան չառնելէ ետք, մեզի կարդալ ալ տուաւ «Քաֆքաս հիւքիւմեթլերի»-ն` չէինք գիտեր` ի՛նչ նպատակով:
Ուսուցչին մեկնելէն ետք, կատակախառն, այլ յուզումնալից վայրկեաններ.
– Լսեցի՞ք, տղա՛ք, Երեւանը գիւղաքաղաք մըն է եղեր:
– Գիրքին մէջ Էրմենիստան գրեր են` ատիկա ալ բան մըն է:
Պզտիկ է` կը մեծնայ, ի՞նչ կայ որ:
Մեր «տերտը» դաստիարակ ուսուցչուհիին ալ կը բացատրենք` քանի մը սրտապնդիչ խօսք լսելու ակնկալութեամբ: Ժպտելով կը մռլտայ քթին տակէն.
– Անգամ մը «Լառուս»-ին մէջ ալ նայեցէք,
Արմենի»-ն փնտռեցէք, թերեւս ուրիշ բաներ ալ գրուած ըլլան հոն…:
Աւելորդ է ըսել, թէ մենք քառասուն հեղ կարդացեր, բզիկ բզիկ ըրեր, լափեր էինք «Լառուս»-ին գրածները մեր երկրի մասին: Ի՜նչ մեծ մխիթարութիւն էր մեզի համար, այդ Լառուսներուն մէջ Մոիզ տը Խորէն եւ Թիկրան լը Կրան գոց սորվիլը…:
Պէտք է ըսել, սրտի ճմլումով ընդգծել, որ մենք հայոց պատմութենէն «հասրեթ» մնացած, «հայկականութեան» գծով չտես մեծցած սերունդ մը եղանք, թէեւ թունդ հայ` սրտով:
Այսօր, յիսնամեակի սեմին, միտքս ու հոգիս կը կլանուին մեր «Փոքրիկ գիւղաքաղաք»-ով, արծուեբոյն մեր Երեւանով:
Այս տարուան յունուարին մէջ երեւանեան մամուլէն տեղեկացանք, թէ վաթսունչորսի վերջին օրերուն Երեւան արդէն իսկ ողջունած էր իր վեց հարիւր յիսուն հազարերորդ քաղաքացին: Թուրքին «փոքր գիւղաքաղաք» նկատածը արդէն իսկ վեց հարիւր յիսուն հազարէն աւելի բնակչութեամբ հրաշազան քաղաք մըն է` հայկական ճիգի եւ քաջութեան կենդանի կոթող` Արարատի փէշերուն:
Միտք կ՛ընեմ բանալ նոյն «Լառուս»-ը, որ մեզի այնքան կը տաքցնէր իր լոյսով: 1964-ի «Լառուս»-ն է, որ Անգարայի դէմ կը գրէ.
– Անգարա, Թուրքիոյ մայրաքաղաքը` կեդրոնական Անատոլիոյ մէջ: Բնակչութեան թիւ` 646,000:
Ուզեցին մեզ քարտէսէն սրբել, բայց ահա նոյն քարտէսին վրայ մեր մայրաքաղաք Երեւանը իր պատուաւոր տեղը կը գրաւէ համայն աշխարհի առջեւ հպարտ ու ճակատաբաց, Թուրքիոյ մայրաքաղաքէն աւելի բազմամարդ իր բնակչութեամբ:
Ժողովուրդներու մայրաքաղաքը իրենց պատի՛ւն իսկ է:
Բարեկամս Օսման պէյ, հայերս գիտե՞նք, թէ՞ չենք գիտեր ազնուօրէն վրէժ լուծել…
ՍԱՐԳԻՍ ԱՇՃԵԱՆ
Մեծ Եղեռնի Սեւ Օրերէն
Թուրքը Մտաբերելով` Կը Դողամ
Երբ թուրքը 1915-ին հրէշային դաժանութեամբ տեղահանութեան եւ մահացումի ենթարկեց ողջ թրքահայութիւնը, ես 15 տարեկան էի. ինչե՜ր տեսայ իմ մանկական աչքերով:
Ես երզնկացի եմ, Ցատկեղ գիւղէն: Օր մը յանկարծ յայտնեցին, թէ բոլոր հայերը ուրիշ տեղ պիտի փոխադրուին: Արդէն կը գտնուէինք չարաշուք շշուկներու սարսափին մէջ: Միւտիւրը չեթեներով պաշարեց գիւղը: Բոլոր գեղեցիկ կիները եւ աղջիկները զատեցին. տղամարդոց անասելի չարչարանքներու ենթարկեցին, շատերը սպաննեցին եւ թաղեցին մեր աչքերուն առջեւ: Հայրս, եղբայրներս, հօրեղբայրներս եւ ուրիշներ չարչարեցին, յետոյ անոնց հող փորել տուին, մէջը լեցուցին եւ ողջ ողջ թաղեցին. այս հրէշութիւնը ընել տուողներէն էին Տեհար եւ Հենտի պէկ կոչեցեալ սեւ հոգիներ: Միւսները եւ իր գործակիցները վրանին տակ նստած` վայրենօրէն կը հրհռային: Այսպէս, բոլոր գիւղերը դատարկեցին, քշեցին մինչեւ Քեմախի Պողազը եւ Եփրատի մէջ թափելէ առաջ, շատերու ատամները քաշեցին, աչքերը փորեցին, երկաթէ տաք թասեր դրին գլուխներուն վրայ, սուր ու կացինով զարկին ու զարկին. գետը ծածկուեցաւ դիակներով: Եւ այս բոլորը ըրին պզտիկներուն, մեր մայրերու եւ մամիկներու աչքերուն առջեւ: Մեր ողբէն ու գալարումներէն, ցաւի աղաղակներէն աւելի դիւային ուրախութիւն կը զգային մարդակերպ բորենիները:
Անհաւատալի հրաշքով փոքր խումբ մը հասանք մինչեւ Արաբկիր: Ես ալ ողջ մնացող քիչերէն եղայ: Իմ եւ բոլոր հայերու հոգիներուն մէջ կուտակուած անէծքը օր մը պիտի այրէ այդ անգութ ցեղը:
ՎԱՐԴԱՆՈՒՇ ՆՐԱՆԵԱՆ