ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզ պիտի մղեն ծախսեր կատարելու ծուղակի մէջ. մի՛ իյնաք: Խնայասիրութիւնը ձեր սկզբունքը թող ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի գնահատեն ձեր ինքնատպութիւնը: Արտայայտեցէք զայն ազատօրէն: Օրուան ընթացքին հաճելի ժամեր պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ուշադրութեամբ չհետեւիք օրուան հարցերուն, վնասով դուրս պիտի գաք, տեղեկութիւններ պիտի կորսնցնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ աճապարուած մի՛ ըլլաք, ձեր բախտին աստղերը պիտի հետեւին ձեզի` լաւ ճամբաներ ցոյց տալով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի պիտի արգիլեն յառաջդիմել` ըստ ձեր ծրագրին: Մի՛ թուլնաք, այլ զօրացէք, որպէսզի յաղթահարէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մէկու մը օգնել` խօսքերով դիւրին է: Պէտք է լաւ մտածել օգնութեան լաւագոյն ձեւը ճշդելու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մէկու մը լաւ բան սորվեցնելը օգտակար աշխատանք է: Առիթը պիտի ունենայ նման աշխատանք մը լծուելու: Համբերատար եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մէջ պաշտպանեցէք ձեր շահերը: Դուք ձեզ մի՛ մեկուսացնէք, այլ ընկերային եւ աշխատունակ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աւելորդ ձեւեր մի՛ կատարէք այսօր, այլ միայն կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ: Պէտք է իմաստուն ըլլալ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ի՞նչ են օրէնքները սիրային յարաբերութեան մէջ. առաջին սէրը ընդհանրապէս դժուարութիւններ կ՛ունենան: Արթնամիտ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գիծ մը քաշեցէք չարախօսներու արտայայտութեանց վրայ, որոնք բնաւ իրաւունք չունին գոյութիւն ունենալու: Ձեր հասունութիւնը ցոյց տուէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ անարդարութիւն մը պիտի սրբագրէք: Ձեր լաւատեսութիւնը պիտի գնահատուի: Միշտ արդար եղէք: