«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Զոնա Նորթէ Տիարիօ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Արժանթինի Վիսենթէ Լոփես քաղաքի օրէնսդիր խորհուրդը այս տարուան իր առաջին լիագումար նիստին մէջ 100-ամեակի նախօրեակին դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Աւագանիի անդամները միաձայնութեամբ որդեգրած են Օսմանեան կայսրութեան կառավարման տարիներուն գործադրուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող նախագիծը: