Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղուածք` Թրքական Մամուլէն

Ապրիլ 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-16-15_Turkish-pressՍտորեւ` թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածէ մը քաղուած հատուածներ, որոնք մեկնաբանութեան չեն կարօտիր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ իր բուռն զօրակցութեամբ ծանօթ պահպանողական, իսլամական «Ենի Շաֆաք» («Նոր Արշալոյս») օրաթերթի 13 ապրիլի թիւին մէջ Եասին Աքթայ «Պատմութիւնը անոնց, որոնց Աստուածը Նեմեսիսն է, գրուած է չարակամութեամբ եւ ատելութեամբ» խորագիրը կրող իր յօդուածին մէջ` անդրադառնալով մէկ օր առաջ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ իր քարոզին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապի «Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելը պարտադիր է. յանցանքը ծածկել կը նշանակէ թոյլ տալ, որ վէրքը արիւնահոսի» յայտարարութեան, կը գրէ. «Պապին յիշողութիւնը ցեղապաշտի եւ խաչակիրի յիշողութիւն է»:

«Եթէ ետ նայինք 1915-ին, Թուրքիան դատախազի դիրքի վրայ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ պաշտպանութեան: Վատիկանը մաս կը կազմէր այն կողմերուն, որոնք հայկական աւազակախումբերը գրգռեցին ընդդէմ պետութեան, մինչ օսմանցի զինուորները անհամար ճակատներու վրայ կը կռուէին մեծ տէրութիւններուն դէմ, եւ որոնք (հայկական աւազակախումբերը, «Ա.») պատրաստութիւն կը տեսնէին Անատոլուի մէջ, ներառեալ` այլ երկիրներու մէջ, որոնք այժմ Հայոց ցեղասպանութեան տէր կը կանգնին` կրկնելու պալքաններուն մէջ իրենց գործած ցեղասպանութիւնը», կը նշէ ան:

Աքթայ կը գրէ նաեւ. «Իրողութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն ետին կը գտնուի «անատոլուցի իսլամներու ցեղասպանութեան» անյաջող փորձը, զոր կը զղջան: Այս հաւանականութիւնը նախապաշարումէ հնարուած հաւանականութիւն մը չէ: Թերեւս աւելի քան բաւարար պիտի ըլլայ յիշել մահը Օսմանեան պետութեան երեւելիներուն (Թալէաթ Փաշա, Էնվեր Փաշա, Սայիթ Հալիմ Փաշա, Տրապիզոնի քաղաքապետ Ճեմալ Ազմի, Մասնայատուկ կազմակերպութեան ղեկավար Պահաէթթին Շաքիր, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախկին վարչապետ Ֆաթալի Խան Խոյսքի, արդարադատութեան նախկին նախարար Հալիլ Պէյ Հասմեմետով եւ բազմաթիւ ուրիշներ), որոնք հետապնդուած, յայտնաբերուած էին հայկական Դաշնակցութիւն կազմակերպութեան անհաւատալի ջանքով եւ ահաբեկուած: Բոլոր այս ահաբեկումները որոշուած էին Դաշնակցութիւն կազմակերպութեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 9-րդ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին: Անիկա կոչուած է «Նեմեսիս գործողութիւն», որ յունարէնի մէջ կը նշանակէ վրէժի չաստուածը, եւ այդ նպատակին համար մեծ պիւտճէ յատկացուած էր: Ատիկա գործադրուեցաւ կանոնաւոր կերպով եւ լաւապէս կազմակերպուած ձեւով: Գործողութիւնը թիրախ դարձուցած էր տեղահանութիւններուն առնչուած հարիւրաւոր անձեր, որոնցմէ սպանութիւնը որոշուածներուն մեծամասնութիւնը սպաննուած էին: Ասիկա աչքառու օրինակ մըն է, որ ցոյց կու տայ, թէ օսմանցիներուն կողմէ կատարուած տեղահանութիւնը երբեք ալ անարդար չէր: Ասիկա օրինակ մըն է, որ կը հաստատէ, որ աւազակախումբերը, որոնք աշխուժ կերպով կը գործէին եւ որոնց աչքերը արիւնով կուրցած էին, կը փորձէին իսլամներու աւելի մեծ սպանդ մը կատարել»:

«Անկարելի է բաւարարել կառոյց մը, որուն երեւակայութեան մէջ վրէժը Աստուած մըն է եւ որուն աչքերը փակուած են վրէժի հուրով», կը գրէ Աքթայ:

 

Նախորդը

«Իրաւազրկուած Եմէնին Նուիրուած Զօրակցութեան Փառատօն»-ի Իր Խօսքին Մէջ «Չենք Ուզեր Պատերազմը Լիբանանեան Հրապարակ Փոխադրել» Յայտարարեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Յաջորդը

«Հայ Ժողովուրդը Ցեղասպանութեան Չենթարկուեցաւ, Որովհետեւ Քրիստոնեայ Էր. Ան Զոհն Է Օսմանեան Կայսրութեան Փանթուրանական Քաղաքականութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In