Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Ապրիլ 1965)

Ապրիլ 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Չէ՛ Աստ Քանզի Յարեաւ

Քսան դար ամբողջ, մարդկութիւնը Քրիստոսի խաչելութեան ու յարութեան խորհուրդին մէջէն, կը փնտռէ երկրային կարճատեւ կեանքի մխիթարութիւնը ու նաեւ իմաստը` օրերու շղթային:

Քսան դար ամբողջ, խաչելութեան ու յարութեան խորհուրդը իւրաքանչիւր մարդու եւ իւրաքանչիւր ազգի կեանքին մէջ կը լեցնէ պարապը հոգիներուն, որոնք այլապէս պիտի իյնային յուսահատութեան անդունդներուն մէջ:

Ամէնէն անհաւատներն իսկ քրիստոնէական վարդապետութեան այս հանգանակին մէջ կը գտնեն այն խորհուրդը, որ իմաստ կու տայ կեանքին` յարութեան անմար յոյսով:

Բոլոր ժողովուրդներու մէջ ամէնէն աւելի հայն է, որ կ՛ըմբռնէ խորունկ իմաստը Նազովրեցիի խաչելութեան ու յարութեան, որովհետեւ հայութիւնը քրիստոնէութեան մէջ գտած է ոչ միայն մարդկօրէն ապրելու լաւագոյն եղանակը, այլ նաեւ իր բոլոր ցաւերուն ու տառապանքներուն մէջ ապաւինած է քրիստոնէութեան դաւանած բարձր իմացումներուն` հոգեկան իր արժանիքները պահպանելու համար քանդիչ ուժերու ահաւոր աւերէն:

Հայաստան աշխարհի հազարաւոր եկեղեցիները մեզի համար չեն եղած լոկ պաշտամունքի վայրեր, այլ` մեր հոգեկան անկախութիւնը պաշտպանող անառիկ բերդեր, ուր եկած են փշրուիլ թշնամիի բոլոր հարուածները, ուր թշնամին երբեք չէ կրցած մուտք գործել, եւ եթէ քանդած է մեր եկեղեցիները, չէ կրցած սակայն հայ ժողովուրդի հոգիէն խլել այդ եկեղեցիներուն ներքին բովանդակութիւնը հարստացնող ոգին:

Հայը հաւատացած է յարութեան ոչ թէ կրօնական մոլեռանդութեամբ մը, այլ` մոլեռանդութեամբը ժողովուրդի մը, որ բոլոր արժէքներէն վեր կը դաւանի հոգեկան բարձր արժէքներու անկորնչելիութիւնը:

Յիսուն տարի առաջ մեր ժողովուրդը ապրեցաւ իր Կարմիր Զատիկը: Խաչուած Յիսուսի ձեռքերէն ու ոտքերէն քամուող արիւնը այս անգամ առատօրէն հոսեցաւ անմեղներու յօշոտուած մարմիններէն: Դիւային ծրագրով մը հայութեան մահը նիւթող արիւնարբու գազանները կը կարծէին յաջողած ըլլալ իրենց անմարդկային ոճրին մէջ` մեռելներուն մէջ փնտռելով մեզ:

Ապրիլեան նախճիրէն վերապրած հայութիւնը իր հրաշափառ յարութեամբ կրկնել տուաւ այն, ինչ որ քսան դար առաջ պիտի ըսուէր Մեծ Խաչեալի մասին.

– Չէ՛ աստ, քանզի յարեաւ:

Այսօր հայութիւնը իր վերածաղկումով ու իր զանգուածները փոթորկող ազգային գիտակցութեամբ, լաւագոյն կերպով կ՛իմաստաւորէ Աւետարանին խօսքը: Այսօր մեր ժողովուրդը, կապած իր վէրքերը, յարութեան խորհուրդին մէջ կը գտնէ նաեւ իր յարութեան իմաստը ու բովանդակութիւն կու տայ իր ապագայի յոյսերուն:

 

Յուշատօնը Եւ Տեղական Մամուլը

«Ինչպէ՞ս Կրնանք Երեւակայզել
Լիբանան Մը Առանց Հայերուն»

Պէտք Է Արտօնուի Հայոց Ցոյցը
Կը Գրէ «Լիսան Իւլ – Հալ»-ի Խմբագրապետը

«Լիսան Իւլ Հալի» խմբագրապետ Ժըպրան Հայեք իր թերթի 17 ապրիլի թիւի խմբագրականին մէջ կ՛անդրադառնայ «Հայ նահատակաց յւոշատօնին» եւ կը գրէ.-

Չենք գիտեր պատճառը, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը կ՛ուշացնէ իր որոշումը` լիբանանահայերու 25 ապրիլի խաղաղ ցոյցը արտօնելու: Որովհետեւ չենք տեսներ որեւէ ընդդիմութիւն` համայնքային եւ կամ քաղաքական որեւէ հոսանքի մը կողմէ, Լիբանանի մէջ: Որովհետեւ այս ցոյցը իր առաջին հերթին մարդկային բնոյթ ունի: Որովհետեւ այս ցոյցը չի վնասեր ոեւէ լիբանանցիի:

Եւ լիբանանահպատակ հայերը փաստեցին, որ կազմակերպուած են` կառավարելու այսպիսի ցոյց մը, որ որեւէ վնաս պիտի չտայ ներքին ապահովութեան սկիզբէն մինչեւ վերջ:

Մենք կը տեսնենք, թէ առիթը յարմար է, որ ցոյց տանք մեր սէրը մեր հայ եղբայրներուն, որոնք դարձան մէկ մասը լիբանանցի ժողովուրդին, եւ որոնք բաժին հանեցին իրենց աշխուժութենէն, ճարպիկութենէն եւ հաւատարմութենէն` լիբանանցի ժողովուրդի վերածնունդին, եւ այս բաժնեկցութիւնը իր արժէքն ունի:

Այդ հալածուածները եւ ջարդուածները, որուն իրենց ասպնջականութիւնը գտան մեր տուներուն մէջ յիսուն տարիէ ի վեր (եւ ոմանք ատկէ առաջ իսկ), այդ թշուառ չարչարեալները… Ինչպէ՞ս կրնանք երեւակայել Լիբանան մը այսօր կամ վաղը` առանց հայերուն:

Ինչպէ՞ս կրնանք երեւակայել Լիբանան մը` առանց հայ բժիշկներուն, հիւանդապահուհիներուն, ուսուցիչներուն, նկարիչներուն, երկրաչափներուն, վաճառականներուն, արհեստաւորներուն, գործաւորներուն եւ հայ գիրի խնկարկուներուն:

Լիբանանը առանց հայերուն նուազ հարուստ է, նուազ աշխուժ եւ նուազ բարգաւաճ` գիտութեամբ եւ արտադրութեամբ:

Հայերը իրենց քաջութեամբ, աշխատասիրութեամբ եւ իրենց բոլոր կարողութեամբ եղան լիբանանցիներ մեզի նման, կը հպարտանանք իրենցմով եւ իրենց նուիրուածութեամբ լիբանանեան հայրենիքին եւ

իրենց սէրովը` արաբական աշխարհին:

Արդեօք իրաւունք ունի՞նք մենք կամ կառավարութիւնը արգիլելու ոգեկոչումը իրենց հայրերուն, մեծ հայրերուն եւ եղբայրներուն,  որոնք ինկան իբրեւ նահատակներ` չարչարագին եւ թշուառ:

Ու մենք կոչ կ՛ուղղենք, որ արտօնուի հայոց ցոյցը:

Կը փափաքինք, որ լիբանանահայերուն արտօնուի տօնել իրենց նահատակներուն յուշատօնը իրենց ուզած վեհ ճամբով:

Եւ աւելի՛ն. կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան կառավարութեան եւ բոլոր պաշտօնական ու ազգային մարմիններուն եւ բոլոր համայնքներուն, որ մասնակից ըլլան իրենց հայ եղբայրներուն սուգին եւ մասնակցին անոնց թափօրին կամ որեւէ բանախօսական յուշ-հանդիսութեան` կազմակերպուած այս առիթով:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին Տպաւորութիւններ Այցէ Մը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?