Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցիէն Ղեկավարներ Հայոց Ցեղասպանութեան Շուրջ Յայտարարութիւն Մը Տարածած Են

Ապրիլ 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դոկտ. Վոլթըր Եունկ
Դոկտ. Վոլթըր Եունկ

Գերմանական Հեսը եւ Նասաուի աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ դոկտ. Վոլքըր Եունկ եւ Քուրհեսը-Վալտեքի աւետարանական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս դոկտ. Մարթին Հայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակած են յայտարարութիւն մը եւ զայն տարածած իրենց հովուապետութեան տակ գտնուող շրջաններու եկեղեցիներուն: Անոնք յայտարարութեան կողքին նշեալ եկեղեցիներուն ուղարկած են պաշտամունքի նիւթեր` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն ի յիշատակ պաշտամունք կատարելու, ինչպէս նաեւ 24 ապրիլի ժամը 5:00-ին Ազգային խորհուրդի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցնելու յանձնարարական մը: Անոնց յայտարարութիւնը նաեւ հրապարակուած է գերմանական մամուլին մէջ:

Գերմանացի հոգեւորականներուն յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անընդունելի է, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կարելի չէ քննարկել եւ ատիկա կատարողը դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուի: «Ցեղասպանութիւն մը ժխտելը կամ մոռնալը բնաջնջումին վերջին քայլն է: Մեր սեփական փորձառութենէն մեկնելով կը հաստատենք, որ սեփական պատմութեան քննական հայեացք նետելը եւ ոգեկոչումը մաս կը կազմէ պատասխանատուութեան, որ ծնունդ կ՛առնէ նախկին սերունդներու յանցանքէն: Մենք վստահ ենք, որ թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն զոհերուն համար կարեւոր է, այլ նաեւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման հոլովոյթին, կարծիքի ազատութեան, գիտութեան եւ դրացի Հայաստանի հետ աւելի լաւ յարաբերութեան համար: Պատմութեան նկատմամբ թափանցիկ եւ անկեղծ վարմունք մը կրնայ հակակշռել ցեղապաշտ ազգայնականութիւնն ու բռնարարքներու փառաւորումը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Գերմանացի հոգեւորականները կը նշեն, որ Գերմանիան Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի, կը գնահատեն, որ երկրին խորհրդարանը այդ մէկը խոստովանած է եւ «կը սպասենք, որ Գերմանիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները պաշտպանեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, երբ իրենց թուրք գործընկերներուն հետ խօսին եւ ատիկա (ճանաչումը, «Ա.») Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան նախապայման դարձնեն»:

Յայտարարութեան մէջ անոնք նաեւ իրենց շրջաններու տեղական կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն Հայոց ցեղասպանութիւնը դպրոցական դասագիրքերուն եւ նիւթերուն մէջ ներառելու քայլեր որդեգրելու:

 

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Թամմամ Սալամի

Յաջորդը

Էրտողան Կը Դատապարտէ Եւ Կը Զգուշացնէ Պապը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?