Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կը Դատապարտէ Եւ Կը Զգուշացնէ Պապը

April 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան
Էրտողան

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հռոմի պապի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութեան եւ յոյս յայտնած ու զգուշացուցած, որ «այլեւս այդպիսի ձեւով չսխալի»:

Էրտողան յիշեցուցած է Ֆրանչիսկոս պապի` Անգարա կատարած այցելութիւնն ու ըսած. «Մեր հանդիպումին ընթացքին ես բոլորովին այլ քաղաքական գործիչ տեսած էի: Հոգեւորական չեմ ըսեր` քաղաքական գործիչ տեսած էի: Սակայն այդ յայտարարութենէն ետք թէ՛ քաղաքական, թէ՛ կրօնական առումով բոլորովին այլ մտածելակերպով մարդ տեսանք», ըսած է ան:

Էրտողան դարձեալ պնդած է, թէ իրենց արխիւները բաց են, եւ Հայաստանին կոչ ուղղած է բանալու իր արխիւները` նշելով, որ իրենք պատրաստ են բանալու նոյնիսկ զինուորական արխիւները: «Սակայն եթէ ատիկա պիտի չընէք, միայն քաղաքական լոպիներով, հայկական սփիւռքի միջոցով Թուրքիոյ դէմ պիտի գործէք, մենք պիտի չարտօնենք, որ պատմական դէպքերը մեր երկրին դէմ գործելու արշաւի վերածէք», ըսած է ան:

Ան նշած է, որ պատմաբաններու գործը քաղաքական գործիչները, կրօնական գործիչները պէտք չէ ընեն: «Ես կը կրկնեմ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու կոչը` նշելով, որ մեր արխիւները մինչեւ վերջ բաց են: Պապը, հաւանաբար, այլեւս չսխալի: Զինք կը դատապարտեմ եւ կը զգուշացնեմ», ըսած է Էրտողան:

«Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» կը հաղորդէ, որ Էրտողան ըսած է. «Հայաստանին եւ անոնց առջեւ դռները բացած երկիրներու խորհրդարաններուն կը դիմեմ. երկրիս քաղաքացիութիւնը ունեցող ու չունեցող շուրջ 100 հազար հայ կայ, իրենց երկիրներուն մէջ քանի՞ հատ կան: Մեր երկրին մէջ հայերու նկատմամբ որեւէ վատ վերաբերմունք, այլ քաղաքացիներու նկատմամբ բացասական վերաբերմունք եղա՞ծ է», ըսած է Էրտողան` պնդելով, թէ շատ հայեր «իրենց երկրէն փախչելով Թուրքիա կու գան, եւ Թուրքիան զանոնք կը հիւրընկալէ»:

«Մենք կրնանք զանոնք արտաքսել, սակայն չենք ըներ: Անոնք տակաւին մեր երկրին մէջ կը հիւրընկալուին: Այդպիսի վերաբերմունք ցոյց տուող երկրի դէմ այդպիսի կեցուածք որդեգրելը անհասկնալի է», ըսած է Էրտողան: Ան յիշեցուցած է Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերակառուցման մասին ու նշած, որ այնտեղ պատարագ կը մատուցուի:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ երէկ քուէարկութեան դրուած բանաձեւին` Էրտողան նշած է, որ Թուրքիան իրեն ուղղուած մեղադրանքները պիտի չընդունի եւ յայտարարած է, որ եթէ նոյնիսկ բանաձեւը որդեգրուի, ատիկա Թուրքիոյ համար որեւէ արժէք պիտի չունենայ: Ըստ անոր, այդ որոշումը «մէկ ականջէն պիտի մտնէ, միւսէն` պիտի ելլէ»:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցիէն Ղեկավարներ Հայոց Ցեղասպանութեան Շուրջ Յայտարարութիւն Մը Տարածած Են

Յաջորդը

Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Վեթերանները Ծիծեռնակաբերդ Այցելեցին

RelatedPosts

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար  Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»
Հայկական

Լաւրով. «ՀԱՊԿ-ի Դուռը Հայաստանի Համար Չի Փակուիր. Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն Պիտի Չվտարեն»

November 11, 2026
Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի  Կազմակերպութենէն  Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»
Հայկական

Լեպետեւ. «Հայաստան Չէ Ծանուցած ԱՊՀ-ի Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու Ծրագիրներու Մասին»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.