50-Ամեակի Ոգեկոչումը
Կիպրոսի Մէջ Հանդիսութեան Ներկայ
Պիտի Ըլլան Կառավարութեան Անդամները
Կիպրահայութիւնը կը պատրաստուի փառաշուք սգահանդէսով մը ոգեկոչելու ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակը:
Կեդրոնական յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեանի, տենդագին աշխատանքի լծուած է:
Եկեղեցական գոհաբանական աղօթքէ ետք, ապրիլ 25-ի առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչումի հանդէսը Նիկոսիոյ ՕՀԷՆ սրահին մէջ:
Սոյն սգահանդէսին հրաւիրուած են եւ ներկայ պիտի գտնուին Կիպրոսի կառավարութեան նախարարական կազմը եւ օտար բոլոր եկեղեցական պետերը:
Այս առթիւ հրաւիրուած են ծանօթ բանախօսներ, որոնք պիտի արտայայտուին օրուան մասին:
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Սփիրոս Կիպրիանու, որուն ելոյթը Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց օտար դիւանագիտական շրջանակներու մէջ, հրաւիրուած է սոյն սգահանդէսին: Կիպրիանու յայտնած է, թէ Եղեռնը նկարագրող ժապաւէնը, որ պատրաստուած է Ամերիկայի կեդր. յանձնախումբին կողմէ, պիտի տրամադրուի Կիպրոսի կեդր. յանձնախումբին` ցուցադրելու համար հանդէսի ընթացքին:
«Մարդկութեան Դէմ
«Ոճիրները Անժամանցելի Են»
Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ հայ ժողովուրդին արտայայտած զգացումները, բողոքը եւ դիմումը քաղաքակիրթ աշխարհին` վրդովա՜ծ են թուրքերը այլազան պատճառներով…
Ցեղասպանութեան խարանը կրկին կը դրուի իրենց ճակտին վրայ, արդարօրէն, ու բնականաբար իրենց գլուխը անհանգիստ է…
Ա. Աշխարհամարտէն ետք աշխարհի ղեկավար մեծ պետութիւնները փութով անտեսեցին իրենց «փոքր դաշնակից» հայ ժողովուրդին նահատակութիւնը:
Հայը փո՜քր ժողովուրդ էր եւ հետեւաբար, անզօր, իր բողոքի ձայնով ազդելու մեծերու քաղաքականութեան, շահերուն եւ աշխատանքներուն վրայ:
Եկաւ սակայն, դժբախտաբար, Բ. Աշխարհամարտը, եւ հայոց նահատակութեան պատասխանատու ոճրագործ ազգին անպատիժ մնալէն քաջալերուած` նոր ցեղասպանութիւններ գործուեցան Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ:
Այս անգամ զոհերը մեծ կամ ազդեցիկ ժողովուրդներ էին, եւ կարելի չէր անտես առնել զանոնք… Համաշխարհային հանրային կարծիքը եւ արդարութեան ատեանները բողոքի ձայն բարձրացուցին, հեղինակաւոր դէմքեր եւ պետական ներկայացուցիչներ երեւան եկան, ի վերջոյ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ պաշտօնապէս դատապարտել տալու համար ցեղասպանութիւն գործողները եւ ցեղասպանները:
Պատերազմը լրացած է քսան տարիէ ի վեր, եւ սակայն տակաւին ցեղասպաններ կը փնտռուին, ու` պատերազմի ոճրագործներ, գրեթէ ամէն օր կը դատուին Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ կամ այլուր եւ պատիժներ կը կրեն:
Աւելի քան 10 հազար նման ոճրագործներ կը սպասեն իրենց դատերուն, եւ ցարդ հազարաւորներ ալ դատապարտուած են:
Միջազգային մամուլը պարբերաբար հարց կը յուզէ, թէ կարելի՞ է ժամանցումի օրէնքին ենթակայ նկատել ցեղասպանները, թէ ոչ` անոնք ընդմիշտ պիտի հետապնդուին, եւ պիտի չօգտուին հասարակ չարագործներու տրուած այդ պատեհութենէն:
Երկու մեծ երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ եւ Խորհրդային Միութիւն, կը պնդեն, թէ կարելի չէ ժամանակ նշանակել` ցեղասպաններու հետապնդման համար, եւ թէ` անոնք որեւէ պատրուակ պէտք չէ գտնեն արդարութենէ խուսափելու համար:
Յատկանշական է այս մասին նաեւ Ֆրանսայի որոշումը, որ հրատարակուած է պետական պաշտօնաթերթին մէջ:
«Մարդկութեան դէմ ոճիրները, ինչպէս սահմանուած են Միացեալ ազգերու 1956 փետրուարի 13-ի որոշման մէջ, որ կը ճշդէ մարդկութեան դէմ ոճիրներու սահմանումը, որ զետեղուած է միջազգային դատարանի 1945 օգոստոս 8-ի սահմանադրութեան մէջ անժամանցելի են իրենց էութեամբ:
Ներկայ օրէնքը պիտի գործադրուի իբրեւ պետական օրէնք»:
Ֆրանսայի պետութեան տուած այս յստակ որոշումը ոչ միայն յատկանշական է, այլեւ նոր ուժ մը կու տայ ցեղասպանութեան դէմ ցարդ ընդունուած միջազգային օրէնքներուն: Արդարութիւնը ժամանակի հետ կապուած հարց չէ՛ ցեղասպանութեան պարագային, եւ ոճրագործներն ու բարոյական պատասխանատուները պէտք է հետապնդուին, որքան ալ անցած ըլլայ ժամանակը ոճիրի թուականէն:
Միջազգային տիրապետող մտայնութիւն մըն է այսօր արդարութեան այս ճշգրիտ ըմբռնումը եւ նոր յոյս կու տայ, տկար անիրաւուած ու ջարդուած բազմութիւններուն:
Թուրքիա կը տեսնէ ու կը զգայ` արդարութեան այս սպառնալիքը եւ մեղապարտի իր դիրքով, կը վախնայ: Ահա թէ ինչո՛ւ շարունակ կը յիշեցնէ, թէ «հին պատմութիւններ» են հայկական ջարդերը, «պատմութեան էջերուն խորերը թաղուած», եւ թէ` հարկ է մոռնա՜լ զանոնք…
Ո՞ր ոճրագործը տարբեր բաղձանք ունի արդէն. մոռնա՜լ զոհերը, մոռցնե՜լ տալ…
Եւ սակայն, կա՞յ սգակիր մը, որ իբրեւ մարդ` կորսնցուցած չըլլայ իր գիտակցութիւնը եւ մոռնա՜յ իր հարազատները, իր տուած զոհերը: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակները իր ժողովուրդին: Եւ ո՞ր մարդն է, որ իր անմեղ հարազատներու թափած արիւնը մոռացութեան նիւթ պիտի նկատէր:
Հայ ժողովուրդը, եւ այս պարագային, իրեն հետ ըլլալով ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը, կը յայտարարէ, թէ «մարդկութեան դէմ ոճիրները անժամանցելի են», եւ որքան ալ «հիննան», անոնց պատասխանատու ոճրագործները պիտի գան արդարութեան ատեաններու առջեւ: Հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ ինքն իր ձեռքով պատժել այժ ոճրագործներէն ոմանք, սակայն չէ ստացած հատուցումը, բարոյական ու նիւթական արդար գոհացումը իր թափած արեան` այդ ցեղասպաններու ժառանգէն:
Մենք վրէժ եւ յաւերժական ատելութիւն չենք քարոզեր եւ ոճիրներու դէմ ոճիրներ չենք առաջարկեր:
Հայ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջէ` իր հողերուն վերադարձը եւ իր կեանքին շարունակութիւնը, իր դարաւոր հայրենի հողերուն վրայ:
Այս արդարութեան ձայնը եթէ թուրքերը այսօր չուզեն լսել վաղը կամ միւսը օր եւ անխուսափելիօրէն օր մը պիտի լսեն ինչպէս հարկադրաբար լսեցին յոյն, պուլկար, սերպ եւ այլ ժողովուրդներու արդարութեան ձայները եւ ակամայ գոհացում տուին անոնց:
Որովհետեւ «մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները անժամանցելի են», եւ արդարութեան յաղթանակը անխուսափելի է, ինչպէս կը հաստատէ պատմութիւնը:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»