Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան մեկնաբանած է Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին խօսքերը:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Թուրքիան կը թերագնահատէ մեր համաշխարհային շարժման` խորապէս բարոյական շարժման ուժը, որ հիմնուած է ճշմարտութեան եւ արդարութեան ու ամուր խաղաղութեան մեր ընդհանուր յոյսին վրայ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն պիտի ճանչցուի»: