Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի («փլէյ-օֆ») քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան չորս մրցումներ:
Ութ խումբերը այս հանգրուանին գծով կը կատարեն իրենց երկրորդ մրցումը:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին այն չորս խումբերը, որոնք իրենք եղան հիւրընկալ կազմերը` հետեւեալ ձեւով.
Շանվիլ – Մութթահետ` 91-88, Ռիատի – Հուփս` 108-74, Պիպլոս – Թատամոն` 102-77 եւ Սաժես – ՀՄԸՄ` 87-82:
Շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, այժմ հիւրընկալ եղող խումբերը իրենք ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն յաղթանակ արձանագրելու եւ արդիւնքը հաւասարեցնելու:
Նոյն այս կացութեան մէջ կը գտնուի ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ վաղը` պարտութեան մատնելու համար իր հիւրը` Սաժեսը:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` կիրակի, 12 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի խուռներամ շարքերով ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի մարզիկները:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Մութթահետ – Շանվիլ | 17:00 | Սաֆատի |
Հուփս – Ռիատի | 17:00 | Միշել Մըր |
Թատամոն – Պիպլոս | 18:00 | Ֆուատ Շեհապ |
ՎԱՂԸ | ||
ՀՄԸՄ – Սաժես | 18:00 | Աղբալեան |