Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 12 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատա Ուալ Ատապը:
Նշենք, որ վաղը, միեւնոյն ժամուն, Նըժմէի դաշտին վրայ Սաժես կը մրցի Իժթիմահիի դէմ:
Ինչպէս արդէն ծանօթ է, Իժթիմահի ապահոված է Ա. դասակարգի իր տոմսը, մինչ երկրորդ խումբին անունը ցարդ յստակացած չէ:
Թէեւ այժմ Սաժես երեք կէտի առաւելութիւն մը ունի ՀՄԸՄ-ի վրայ, սակայն, ատիկա չի նշանակեր, որ անիկա բարձրացած կը նկատուի Ա. դասակարգ:
Եթէ Սաժես պարտութիւն մը կրէ Իժթիմահիէն եւ ՀՄԸՄ յաղթէ Ռիատա Ուալ Ատապին, Իժթիմահիի հետ Ա. դասակարգ բարձրացող երկրորդ խումբը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ, որովհետեւ երբ երկու խումբերուն միջեւ կէտերը իրարու հաւասար ըլլան, նկատի կ՛առնուին անոնց երկուքին միջեւ արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքը եւ ոչ թէ կոլէվըրէյճը:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայեն յաղթելու իրենց մրցակիցին:
Բնականաբար անոր մէջ իրենց բաժինը պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք վաղը ուղղուելով դաշտ, պիտի քաջալերեն իրենց մարզիկները: