Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Տարածքին Երկիրներ, Նահանգներ Եւ Քաղաքային Խորհուրդներ Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հոլանտայի Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու Տունը Որոշում Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ

Ապրիլ 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

arton110118-480x2339 ապրիլին Հոլանտայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ ընդունեց որոշում, ուր կարեւոր կը նկատուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կողմէ իրենց պատմութեան վերաբերեալ ընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերումը` համոզում յայտնելով, որ փոխադարձ ըմբռնումի հասնիլը 1915 թուականին վերաբերեալ անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու յառաջընթացին համար, յոյս կը յայտնուի նաեւ առ այն, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկները Հոլանտայի եւ այլուր իրենց ներդրումը կը բերեն ներգրաւուած համայնքներու միջեւ յարգանքի ու իրար ընդունման ձեւաւորման, կը յանձնարարուի կառավարութեան, 2004-ի համաձայնագիրով ընդունուած Ռաուֆուտի որոշման համահունչ, երկկողմանիօրէն եւ Եւրոպական Միութեան  ծիրին մէջ շարունակել կոչ ուղղել Թուրքիոյ կառավարութեան նոր խթան հաղորդելու մերձեցման եւ հաշտեցման եզրեր փնտռելու Հայաստանի կառավարութեան հետ:

Որոշումը ընդունուած է 127 կողմ եւ 13 դէմ համեմատութեամբ:

Սան Փաուլօ Նահանգի Օրէնսդիր Մարմինը
Ապրիլ 24-ը Յայտարարած Է Յիշատակի Օր

Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի օրէնսդիր մարմինը միաձայնութեամբ ընդունած է Փետրօ Թոպիասի 1266/2014 օրէնքը, որով Ապրիլ 24-ը կը յայտարարուի «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զոհերու յիշատակման օր»:

Քոլորատոյի Պոլտըր Քաղաքը Ապրիլ 24-ը
Հայոց Ցեղասպանութեան Օր Պիտի Հռչակէ

Քոլորատոյի Պոլտըր քաղաքը Ապրիլ 24-ը պիտի հռչակէ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր», կը հաղորդէ «Տէյլի Քամերա» թերթը:

Պոլտըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Քարաքեհեան այս նպատակով երեքշաբթի, 7 ապրիլին տեղի ունեցած խորհուրդին հանդիպումը բացաւ յիշատակի օրուան բանաձեւի ընթերցումով ու անոր կարեւորութիւնը մատնանշելով: Աշխատանք կը տարուի նահանգային մակարդակով եւս նման բանաձեւ մը վաւերացնելու:

Լաւալ Պաշտօնապէս Ճանչցաւ
Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 84-ամեակը նշող որոշում մը միաձայնութեամբ որդեգրելով Լաւալի հայ համայնքի նշանակալից ու գործօն ներկայութեան կարեւորութիւնը ընդգծելէ 16 տարի ետք` Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` 7 ապրիլ 2015-ի իր նիստին ընթացքին պաշտօնապէս ճանչնալով զայն:

Սեն Տորոթէ շրջանի ներկայացուցիչ Ռէյ Խալիլ, ծագումով հայ լաւալցի բազմաթիւ քաղաքացիներու ներկայութեան, առաջարկեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտել պատմական ճշմարտութեան մարդկային հաւաքական եւ անհատական հիմնարար իրաւունքներու սկզբունքներուն հակասող ժխտումը կամ աղաւաղումը եւ բոլոր լաւալցիները հրաւիրել իւրաքանչիւր տարուան 24 Ապրիլը նշելու իբրեւ այդ ցեղասպանութեան յիշատակման օր` առ ի զօրակցութիւն Լաւալի հայ համայնքին, եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել յիշատակը մանուկներուն, կիներուն եւ այրերուն, որոնք զոհ գացին այս ցեղասպանութեան, որուն յիշատակը Լաւալը միշտ պիտի ոգեկոչէ, որպէսզի ցեղասպանութիւնը երբեք չկրկնուի:

Բանաձեւը աջակցութիւն ստացաւ ընդդիմութեան անդամ, քաղաքապետական խորհուրդին մէջ Շոմետիի ներկայացուցիչ Ակլայա Ռեւելաքիսի, եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ  քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:

Նշենք, որ 21 հոկտեմբեր 2013-ին «Յոյսը» խորագիրով յուշարձան մը զետեղուեցաւ Լաւալի պատկանող հողի մը վրայ: Այդ յուշարձանը նուիրուած էր 1915-ին թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ 1,5 միլիոն հայերու յիշատակին:

 

 

Նախորդը

«Լիբանանահայութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրը Վերածելու Ազգային Սգատօնի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Եւ Աշխարհի Համայնավարները Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւն Կը Հրապարակեն

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?