Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Եւ Աշխարհի Համայնավարները Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Յայտարարութիւն Կը Հրապարակեն

April 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-10-15_Communist«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ աշխարհի տարածքին գործող 11 համայնավար կազմակերպութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ: Ըստ թրքական «Էօզկիւր Կիւնտեմ» կայքին, Թուրքիոյ, Յունաստանի, Պրազիլի, Պոլիվիոյ, Չիլիի, Էքուատորի, Քոլոմպիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Հնդկաստանի եւ Մարոքի մէջ գործող համայնավար կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ յայտարարած են. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարուան մէջ, անգամ մը եւս կը նզովենք ցեղասպանութեան ոճրագործները: Ցեղասպանութիւն իրականացնողները չեն կրնար ազատիլ պատմութեան դատաստանէն»:

Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրադրութեանց եւ ընդգծուած է, որ հայ ազգի նկատմամբ թրքական թշնամանքը այսօր եւս կը շարունակուի: «Թրքական պետութեան հակահայ թշնամանքը կը շարունակուի: Անոր մէկ փաստն էր 19 յունուար 2007-ին տեղի ունեցած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր` հայազգի Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, որուն ծալքերը մինչեւ այսօր չեն բացայայտուած, իսկ յանցագործները խնամքով կը թաքցուին: Թրքական կառավարութիւնը չի ճանչնար իր երկրին սահմաններուն մէջ ապրող որեւէ ազգային փոքրամասնութեան կեանքի իրաւունքը: Թրքական պետութիւնը խտրական քաղաքականութիւն կը վարէ ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ լազերուն, չերքեզներուն եւ յոյներուն նկատմամբ: Մենք չենք մոռցած եւ չենք մոռնար Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Աշխարհի Տարածքին Երկիրներ, Նահանգներ Եւ Քաղաքային Խորհուրդներ Կը Ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հոլանտայի Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու Տունը Որոշում Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Սարգսեան. «Պատասխանատու Ենք Բոլորին Առջեւ, Որոնք Վտանգուած Են Նոյնիսկ Մեր Օրերուն»

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախցիների Հաւաքական Եւ Անվտանգ Վերադարձի Իրաւունքն Անսակարկելի Է»

September 21, 2026
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները  Կարգաւորող Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.