Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա կը գտնուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին, այսօր տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն ընթացքին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն հրատապ հարցեր, որոնք կը վերաբերին երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ միջազգային օրակարգին, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման:
Նաեւ տեղի պիտի ունենայ միտքերու փոխանակում Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ, որուն մէջ Ռուսիա, ինչպէս նշած է հաղորդագրութիւնը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ միջնորդական աշխուժ դեր կը խաղայ:
Նախատեսուած են նաեւ Նալբանդեանի հանդիպումները Ռուսիոյ Պետական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի եւ ռուս քաղաքագէտներու եւ լրատու միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
«Կ՛ակնկալենք նաեւ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Ռուսիա այցելութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն կը դառնայ երկկողմանի արտաքին քաղաքական երկխօսութեան հետագայ զարգացման գործին մէջ, կը ծառայէ ռուս – հայկական դաշնակցային գործընկերութեան ամրապնդման», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ: