«Մենք կը դառնանք 170-միլիոննոց շուկայի մասնակիցներ, իսկ փոքր Հայաստանին համար ատիկա շատ լաւ նուաճում է», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստան լաւ հեռանկարներ ունի Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմին մէջ, հակառակ պարագային պաշտօնական Երեւան անդամակցութեան որոշում չէր տար:
«Համոզուած եմ, որ Հայաստան ճիշդ որոշում տուած է, եւ թէ որեւէ այլ հանգամանքներու մէջ այն դժուարութիւնները, որոնք այսօր գոյութիւն ունին, կ՛ըլլային շատ աւելի», ըսած է Հայաստանի նախագահը: