Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասի պաշտպանութեան զինուորական դիրքին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն զոհուած է աւագ ենթասպայ` 1972 թուականին ծնած Հայկ Սարգիս Քէշիշօղլեան: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը: