
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանան-Յորդանան բարեկամութեան յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռայէտ Հիժազէյնի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ երեսփոխաններ Ֆայսալ Աուար եւ Ռայէտ Քուզ` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ֆատի Աուարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հիժազէյն հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Լիբանան եւ Յորդանան Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները կը կրեն` մաղթելով, որ Լիբանան կարենայ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
Պըրրի ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ միութեան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին հետեւանքները:


