Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կարդաց համախմբումի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, որ պէտք է օրէնքները յարգուին յատկապէս նշանակումներուն գծով:
Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար նշանակած կառավարութիւնը որեւէ այլ պաշտօնի պարագային կրնայ պատասխանատուներ նշանակել:
Այս իմաստով, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելին եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին կոչ ուղղեց յարգելու օրէնքը եւ ինքնակոչ որոշումներ չտալու:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ իրենք իբրեւ համախմբում շարունակ պիտի պահանջեն ազգային ուխտին գործադրութիւնը` սահմանադրութեամբ ճշդուած պաշտօններուն նշանակումներուն պարագային:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեանց միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի է յանգիլ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի մը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը մեղմացուցած է երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը:
Անդրադառնալով իրանեան հիւլէական թղթածրարին շուրջ միջազգային համաձայնագիրին` Ժրայսաթի ըսաւ, որ այդ համաձայնագիրը Իրանը վերածած է շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանող երկրի մը:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը վերջ կը գտնէ այն պահուն, երբ ահաբեկիչներուն զինումն ու ֆինանսաւորումը կը դադրի:


