Եղեռնի Յիսնամեակին Առթիւ
Ութերորդ Մահացու Մեղքը
Յիսուն տարիներ առաջ սրբապղծութիւն մը տեղի կ՛ունենար հողի մը վրայ, որ բռնագրաւուած էր կանխաւ, 600 տարիներ առաջ անարգօրէն` բարի ու քրիստոնեայ ժողովուրդէ մը: Հողը կը կոչուէր Կիլիկիա եւ Հայաստան, իսկ սեփականատէր ժողովուրդը` հայ: Այս երկրագունդին վրայ մարդկային պատմութեան թատերաբեմը հազար տարին անգամ մը հազիւ խաղարկութեան կը դնէ այսպիսի ողբերգական տռամ մը` Ցեղասպանութիւն վերնագրով: Բարբարոսական ու զազրելի, մարդկային երեւակայութենէն ու կրօններու դաստիարակութենէն բոլորովին հակոտնեայ ոգւով ու ծրագիրներով մշակուած ցեղասպանութիւն մը. ու անունը այդ պետութեան այստեղ արտասանել կամ արձանագրել պիտի չուզեմ` նկատելով այդ եօթը մահացու հիմնական մեղքերու վրայ ութերորդ մը իբրեւ: Մարդկութիւնը կամ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիները եթէ կ՛ուզեն իւրացնել ութերորդ մեղք-ին անունը, թող դիմեն մեզի` հայ ժողովուրդին, մենք այդ ութերորդ մեղք-ին դառնութիւնը դարերով ճաշակած ենք լաւապէս ու ամբողջապէս եւ սակայն անարդարօրէն, բռնօրէն, վերջինը` յիսուն տարիներ առաջ…
Այսօր, աշխարհի ծագերուն ցիրուցանուած հայութիւնը, երկաթէ վարագոյրէն անդին թէ ասդին, արդար ու սրբազան ուխտով մը, թէեւ արտասուքը աչքերուն եւ սրտերը ալեխռով, սակայն ճակատը պայծառ, կուրծքը եւ թիկունքը զօրեղ եւ անընկճելի, կը գոչէ արդարասէր շէնքերէն ու հաստատութիւններէն աւելի մարդո՛ց սրտերուն եւ խղճմտանքին, թէ` պէտք կա՞ր այս նախճիրին, ցեղասպան արարքին, մեզի` աշխարհի առաջին քրիստոնեայ եկեղեցիին ու իր բանաւոր հօտին` հայ ժողովուրդին. թէ` պէտք կա՞ր կործանելու Աստուծոյ տուներ, կրթական վառարաններ, սուրբ ու բարի ընտանեկան օճախները, վերջապէս` կոտորել ու ցրուել ազգ մը ամբողջ անապատի աւազներուն եւ արեւու կիզող ճառագայթներուն ներքեւ. մինչ` երկինքին հայցող ազնուազարմ աչքերը մեր նահատակեալ ժողովուրդին, խաչեալ մեր Փրկչին խօսքը կ՛արտասանէին հոգեւին` «Տէ՛ր, զի ոչ գիտեն զի՛նչ գործեն…»:
Հայ ժողովուրդի Գողգոթան հազարախաչ էր, խաչեր, որոնք փոխան փայտի, իմ ժողովուրդին արդարութեան դէմ բռունցք բարձրացնող ոսկրացած բազուկները եղան: Երկու հազար տարիներ առաջ Քրիստոս խաչուեցաւ Գողգոթայի բարձունքին` թեւատարած ու երկու ձեռքերը խաչի թեւերուն գամուած. սակայն 1915-ին Խաչեալ Փրկիչը մեր` իր արիւնած աջ ձեռքը կը փրցնէ Խաչէն վար ու այս ժողովուրդին կ՛երկարէ՝ Աւետարաններուն մէջ չարձանագրուած սիրով ու գորովով եւ կ՛աղաղակէ. «Եկայք առ իս ամենայն վաստակեալք եւ բեռնաւորք եւ ես հանգուցից զձեզ»:
Արդարագոչ իւղաներկ այս պատկերը տարիներէ ի վեր կախուած կը մնայ Անթիլիասի մէջ, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի անուան յուշարձան մատուռի Ս. Խորանին վրայ, Հայ ժողովուրդին այնտեղ հաւաքուած սպիտակափայլ ոսկերներուն եւ գանկերուն դիմաց:
Այսօր, յիսուն տարիներ վերջ, ամենայն սրտիւ եւ ազգովին կը պահանջենք աւետարանական ոգւով «Բախեցէք եւ բացի ձեզ, հայցեցէք եւ գտչիք»: Կ՛ուզենք, ե՛տ կը պահանջենք մեր հողերը սեփական եւ գերութեան շղթաները փշրելով` կ՛ուզենք վերադառնալ հայրենի մեր օճախները, ու այնտեղ, Քրիստոսի Սերմնացանի առակի չորրորդ սերմին նման` պարարտ մեր հողին վրայ ինկած բարի սերմերը կ՛ուզենք ըլլալ, որ բեղմնաւոր է ու արգասաբեր` մեր ժողովուրդի հոգեւոր ու իմացական ստեղծագործութեանց եւ ապրումներուն համար:
Ազա՛տ ու անկախ ամբողջական Հայաստա՛նն է, որ կը պահանջենք:
Վեց հարիւր տարիներ ամբողջ հոգեւոր հայրենիքի մխիթարութեամբ ապրեցանք, այսուհետեւ կը պահանջենք ազատագրումը բռնագրաւուած մեր հողերուն եւ Արդի Հայաստանով կազմուած ընդհանրական ու պատմական անկախ Հայաստանը կը պահանջենք: Արարա՛տը կ՛ուզենք մենք, Նոյեան Տապանով նուիրականացած ու պատմականացած, Արարատը, մեր ապրումներուն եւ ոգեղինացած ուժին պատուանդանը կրանիթեայ, որուն համար մենք կ՛երդնունք մեր ուխտը սրբազան, արեւածագէն դէպի արեւմուտ, Արարա՛տը վկայ…
Այսօր, յիսուն տարիներ վերջ, մենք չե՛նք արտասուեր այլեւս, այլ խրոխտ ու յաղթական կը կանգնինք աշխարհի ժողովուրդներուն առջեւ` կրօնական, գիտական ու մշակոյթի մեր ամրակուռ զրահներով զարդարուած: Մեր միտքը յստակատես եւ այժմ ու մեր սիրտը բաբախուն` Արդարութեան Արեգակին ու Արդար Դատաւորին վճիռովը: Կո՛չ կ՛ընենք աշխարհի մարդկութեան եւ սիրեցեալ Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի արդարադատ կառավարութեան, անոր բազմակրօն եւ բազմալեզու ջերմ ժողովուրդին, որպէսզի մասնակից ըլլան մեզի հետ մեր աղօթքներով եւ մեր ահեղագոչ արդարութեան ձայնին ձայնակից ըլլան մեր այս Մեծ եղեռնի 50-ամեակին առիթով:
Օրհնեա՛լ մնայ ու յաւէտ խնկելի մեր մէկեւկէս միլիոն նահատակ քոյրերուն եւ եղբայրներուն յիշատակը:
ՀՐԱՆԴ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
