Պոսթընի Նահանգապետի Կարեւոր
Յայտարարութիւնը
Եղեռնի Յիսնամեակի Առթիւ
Ապրիլ 24-Էն Մայիս 31 Կը Հռչակէ
Հայկական Ջարդերու 50-րդ Տարեդարձ
Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց կարեւոր նահանգի կառավարիչը` Ճոն Ա. Վոլփի, հայոց մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը ըրաւ.-
«Նկատի ունենալով, որ 1915 ապրիլ 24-էն ետք, երբ երեք հարիւր աչքառու հայեր (մտաւորականներ) բրտօրէն աքսորուեցան Կոստանդնուպոլիսէն, աւելի քան երկուք ու կէս միլիոն հայեր պարտաւորուեցան ձգել իրենց տուները ու օճախները եւ ստացուածքները ու միանալ դէպի անորոշ ճակատագիր ուղղուող կարաւաններուն, եւ
Նկատի ունենալով, որ այս անբախտ մարդոց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոնը փճացան ու կորսուեցան աքսորի ճամբաներուն վրայ ու կայքերուն մէջ` սովէ, ցրտահարութենէ կամ արեւակիզումէ, վայրագ վերաբերումէ ու մանաւանդ զանգուածային սպանդէ, եւ
Նկատի ունենալով, որ այս մարտիրոսութիւնը, որ հետեւանք էր հայոց հաւատարմութեան` իրենց հաւատքին, իրենց մշակութային ու կրթական յառաջդիմութեան եւ իրենց նուաճումներուն` արուեստներու, գիտութեանց եւ այդ յառաջդիմասէր ջանքերուն մէջ, ստիպեց վերապրողները, որ ապաւինին ամերիկեան եւ եւրոպական բարեգործութեան, դէմ յանդիման` սովի, համաճարակի ու հիւանդութեանց, եւ
նկատի ունենալով, որ հայկական ծագումով ամերիկեան քաղաքացիներ հոգեպէս կը միանան իրենց աշխարհացրիւ հայրենակիցներուն` նշելու համար այդ սպանդին կամ ջարդին յիսուներորդ տարեդարձը` մատուցելով իրենց յարգանքի տուրքը անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն խղճի ազատութեան,-
Հիմա, ուրեմն, ստորագրեալս` Ճոն Ա. Վոլփի, կառավարիչ Մասաչուսեցի հասարակապետութեան, այսու կը հռչակեմ 1965 ապրիլ 24-էն մայիս 31 երկարող ժամանակաշրջանը
Հայկական Ջարդերու Յիսուներորդ Տարեդարձը
եւ կը յանձնարարեմ, որ մեր հասարակապետութեան բոլոր քաղաքացիները հայ ծագումով իրենց համաքաղաքացիներուն հետ միասնաբար յիշեն ու նշեն այս իրադարձութիւնը:
Տրուած` Պոսթընի կառավարչատան մէջ, յամի Տեառն 1965 մարտ 30-ին, եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց անկախութեան 189-րդ տարին:
Նորին Վսեմութիւն կառավարիչին կողմէ
ՃՈՆ Ա. ՎՈԼՓի
Քեւին Հ. Ուայթ
Հասարակապետութեան Քարտուղար
Աստուած պահէ Մասաչուսեցի հասարակապետութիւնը (Թարգմ. անգլերէնէ)
Համազգային Մշակ. Ընկ. Պէյրութի Մասնաճիւղ
«Ճարտարապետական Եղեռնը»
Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւնը` «Ճարտարապետական եղեռնը» նիւթին մասին, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 ապրիլ 1965, երեկոյեան ժամ 8:30-ին, Նշան Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ:
Ընտիր հասարակութիւն մը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Վարչութեան ատենապետ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան բացումը կատարելով դասախօսութեան` յայտնեց, թէ ապրիլեան Մեծ եղեռնի առթիւ շատ խօսուած է մեր մէկ միլիոն նահատակներուն, մեր հողային կորուստներուն եւ մեր արդար իրաւունքներուն մասին: Նորութիւն մը պիտի ըլլայ լսել նաեւ «Ճարտապետական եղեռն»-ի մասին եւ բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօս Հրաչ Տասնապետեանը:
Շատ ենք գրած, ըսաւ Հ. Տասնապետեան, 1915-ի Մեծ եղեռնին զոհ գացած մէկ միլիոնէ աւելի մեր նահատակներուն եւ նիւթական կորուստներուն մասին: Շատ ենք խօսած նաեւ ազգային դատի կրած ծանր հարուածին մասին:
Բայց անդրադարձա՞ծ ենք արդեօք, թէ ճարտարապետական ինչպիսի` յուշարձաններ ենք ձգած, գեղարուեստի յաճախ անկրկնելի կոթողներ` պատմական այն հողերուն վրայ, որոնք մե՛րն են բայց խլուած մեզմէ:
Յարգելի՛ են մարդկային կորուստները: Անժխտելիօրէն արդար է նաեւ վերահաստատումը մեր քաղաքական ոտնակոխուած իրաւունքներուն: Աններելի անտեսում մը պիտի ըլլար, սակայն, չանդրադառնալ, չմատնանշել պատմա-գեղարուեստական այն անգնահատելի հարստութիւնը, որ խլուեցաւ մեզմէ: Բոլորովին թերի պիտի ըլլար, եթէ չթուէինք այն անփոխարինելի կորուստը` հայ ստեղծագործական հրաշակերտ ճարտարապետութեան, հայկական կառուցողական արուեստին աւելի քան երկհազարամեայ գանձարանին:
Հայկական ճարտարապետութիւնը, աւելցուց Հ. Տասնապետեան, կը ներկայանայ ամէնէն հարազատ պատկերը հայկական հանճարին: Եւ ճարտարապետականն եղեռնը կը կապուի հայկական ընդհանուր ցեղասպանութեան: Կարելի չէր հայ մարդը բնաջնջելէ ետք չբնաջնջել նաեւ անոր ճարտարապետութիւնը:
Այնուհետեւ, Հրաչ Տասնապետեան մանրամասն եւ լուրջ ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց հայկական ճարտարապետութիւնը: Հիմնուելով կատարուած ուսումնասիրութիւններու եւ պեղումներու վրայ` յայտնեց, թէ ինքնատիպ ճարտարապետութեան օճախներ եղած են` Վասպուրականը, Մոկաց աշխարհը, Շիրակն ու Վանանգը, Բարձր Հայքը, Ծոփքն ու Փոքր Հայքը եւ մանաւանդ` Կիլիկեան:
Ըստ Գէորգ Մեսրոպի ուսումնասիրութիւններուն, 1914-ին թրքապատկան հողերու վրայ հայոց վանքերուն թիւը եղած է 210, վանական մատուռներն ու եկեղեցիները եղած են 600-700, իսկ ոչ վանական եկեղեցիներու թիւը եղած է 1639, առանց հաշուելու հայ կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիները:
Իսկ ըստ հայր Համազասպ Ոսկանեանի ցուցակագրութեան, Վասպուրականի եւ Մոկաց աշխարհի մէջ կը գտնուէին 387 վանքեր, Բարձր Հայքի մէջ 120, Տարօնի մէջ 66 եւ Սեբաստիոյ մէջ 15 վանքեր, ընդամէնը` 588 վանքեր, առանց հաշուելու քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ գտնուած ոչ վանական եկեղեցիները:
Եւ այս բոլորը պատմական Հայաստանի ամբողջ տարածքին վրայ եղած են ազգային քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի ազգապահպանման կեդրոններ:
Մանաւանդ Տարօնի, Վասպուրականի, Բարձր Հայքի, Սեբաստիոյ, Արմաշի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանքերը Համազգային տարողութեամբ կը ներկայացնէին նիւթաբարոյական արժէք:
Ճարտարապետական այս սքանչելի կոթողները զոհ գացին թրքական թնդանօթներուն: Կա՛մ ամբողջութեամբ կործանեցան, կա՛մ դարձան խլեակներ:
1915-1922 տարեշրջաններուն միայն, ըստ Գէորգ Մեսրոպի, աւելի քան հազար վանքեր ու եկեղեցիներ հիմնայատակ, կործանած են, 691-ը, մատնուած` կիսակործան վիճակի եւ 1727-ը ամբողջութեամբ կողոպտուած:
Ապա Հ. Տասնապետեան վկայութիւններ բերաւ օտար լրագրողներէ ու դիւանագէտներէ, որոնք այցելած են այս շրջանները, թէ` ամէնէն լաւ պահուածները վերածուած են մթերանոցի ու մզկիթի, իսկ բազմաթիւներ ձգուած են իրենց ճակատագրին:
20-րդ դարու երկրորդ կէսին, եզրակացուց Հ. Տասնապետեան, ցեղասպանութիւնը ոճիր նկատուեցաւ: Պէտք չէ՞ արդեօք ցեղասպանութենէն ետք միջազգային ոճիր նկատել նաեւ գեղասպանութիւնը:
Ազգովին վճռած ենք, սակայն, մէջտեղ բերել հայ ժողովուրդի ոտնակոխուած հարցը: Պէտք է նաեւ հետապնդենք եւ հանրային միտք պատրաստենք փրկելու համար մնացորդները թրքապատկան հայ ճարտարապետութեան:
Պէտք է լրջօրէն կազմակերպենք պատմական յուշարձաններու պահպանման յանձնախումբ մը, եւ ասիկա մեր ազգային պարտականութիւնն է ու իրաւունքը, քանի որ այդ սքանչելագործ կոթողները ի՛նչ վիճակի մէջ ալ գտնուին, մե՛րն են:
Հրաչ Տասնապետեան իր մեծ հետաքրքրականութեամբ ունկնդրուած դասախօսութիւնը վերջացուց հետեւեալ սրտազեղ նախադասութեամբ. «Թող քանդեն բարբարոսները, մենք դարձեալ կը կառուցանենք»:
Երկարատեւ ծափերով գնահատուեցաւ այս լաւ դասախօսութիւնը, որուն միայն հիմնական քանի մը կէտերը ջանացինք տալ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ:
ՀՐԱԶԴԱՆ