«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 31 մարտին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկած են այս տարուան վերջաւորութեան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու կարելիութիւնը:
«Համանախագահները իրենց եռամսեակային հանդիպումը կատարած են Մինսքի խմբակի անդամներուն հետ Վիեննայի մէջ 31 մարտին: Անոնք գնահատականներ տուած են շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքով ընթացիկ լարուածութեան բարձրացման եւ կարեւոր նկատած են վերջին ժամանակաշրջանին կողմերու հետ իրականացուող իրենց դիւանագիտական ջանքերը: Համանախագահները քննարկած են նաեւ այս տարուան վերջին նախագահներու հանդիպման կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, որ կողմերը ներգրաւուին բանակցութիւններու մէջ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման», նշած է ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Մինսքի խմբակի համանախագահները նաեւ ընդգծած են Մինսքի խմբակի անդամներու եւ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու դերը ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան եւ վստահութեան հաստատման գործին մէջ