Խմբագրական
Կեղծաբոյր…
Մեծ եղեռնի ոգեկոչման օրերը որքան կը մօտենան, այնքան աւելի շեշտուած կերպով Թուրքիան զարտուղի միջոցներու կը դիմէ յիսնամեակի հանդիսութեանց ազդեցութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու համար: Թրքական մամուլը կորսնցուցած է իր պաղարիւնութիւնը, եւ թրքավայել գրգռութիւններ հետզհետէ աւելի լան չափով տեղ կը գտնեն անոր էջերուն մէջ, ուր կեղծիքն ու սպառնալիքը զիրար կը հրմշտկեն:
Քանի մը շաբաթ առաջ Ատանայի հայկական եկեղեցիին տակ յիսուն տարի առաջ գտնուած ոսկորները իբրեւ թուրք զոհերու ոսկորներ կը ներկայացուէին: Յստակ էր, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր Թուրքիան: Այնուհետեւ, քանի մը օր ետք մեր ընթերցողները զզուանքով տեղեկացան «Ուլուս» թերթին մէջ երեսփոխան Ճիհատ Պապանի գրգռիչ գրութեան, ուր նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու իրաւունքը կը զլացուէր հայ ժողովուրդին: Ճիհատ Պապան կու տար ազդանշանը, որուն պիտի հետեւէր թուրք մամուլը` կրակ ժայթքելով յիսնամեակի հանդիսութիւնները կազմակերպողներուն վրայ:
Այդ բոլորին մէջ շատ յատկանշական է «Թերճիւման»-ի մէջ Ահմետ Գապագճը ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուած մը, զոր արտատպած էինք մեր երէկուան թիւով:
Տասնամեակներէ ի վեր, ամէն անգամ որ նեղ կացութեան մատնուած են իրենց ահաւոր ոճիրներու մատնանշումով, թուրքերը քաւութեան նոխազներ փնտռած են միշտ եւ զանոնք գտած` Ռուսիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ, անոնց խաղերուն զոհ նկատելով հաւասարապէս հայերն ու թուրքերը:
«Երբ այս է իրականութիւնը, ի՞նչ շահ ունին հրահրելով Նոյեան շրջանէն մնացած այդ հնաբոյր թշնամութիւնը եւ քանի մը տաքարիւն երիտասարդներ անիրաւաբար թունաւորել եւ գրգռել թրքութեան դէմ… Անատոլուի մէջ թուրքը, հայը եւ յոյնը երջանիկ եւ եղբօր պէս կ՛ապրէին, երբ մեր մէջ սպրդեցան ռուս, անգլիական կամ ֆրանսական գործակալներ եւ այդ անմեղ քրիստոնեաներն ալ համոզեցին եւ թշնամի ըրին իրենց հազար տարուան թուրք-իսլամ եղբայրներուն»:
Քիչ կը մնայ, որ թուրք լրագրողը գրէ, թէ հայ ժողովուրդի դահիճները Ռուսիան, Անգլիան եւ Ֆրանսան են: Բայց կայ աւելին.
«Այդ հին պատմութիւնները թաղենք պատմութեան անդունդներուն խորը: Մարդկօրէն սիրով եւ եղբայրութեամբ ապրինք իրարու հետ»:
Ո՞վ ըսաւ, թէ թուրքը արուեստ չունի: Եթէ չէ տուած արուեստի կոթողական գործեր, սակայն ապահովաբար արուեստի բարձրութեան հասցուցած իր միակ արժանիքը, որ կեղծիքն է:
Եղբայրօրէն ու սիրով իրարու հետ ապրելու մասին կը խօսի ժողովուրդ մը, որ իր խաւարակուռ պատմութեան ամբողջ ընթացքին վատագոյն անհանդուրժողը եղաւ միշտ, ուրիշին ստացուածքին վրայ աչք ունեցողը` շարունակ եւ կեղեքումներու ու ջարդերու անզուգական կազմակերպիչը: Որքա՜ն դիւրին է հայուն պատկանող պապենական հողերուն վրայ բուի մը պէս նստիլ ու անցեալը մոռնալու հրաւէրներ ուղղել անիրաւուածին: Ի՞նչ ըրած է ցարդ Թուրքիան եւ ի՞նչ կ՛ընէ այսօր այդ անցեալը մոռցնել տալու համար: Ոչի՛նչ: Ընդհակառա՛կն, անարգելով ազգի մը մէկ միլիոն նահատակները, որոնց ոսկորները անթաղ կը մնան իր սարքած գեհեններուն մէջ, աւելի եւս կը հրահրէ ատելութիւնը ողջերուն, որոնք իրենց մեծ մեռելներու իտէալին դրօշակիրը կը հանդիսանան:
Եթէ կայ ժողովուրդ մը, որ գերազանցապէս խաղաղասէր է ու եղբայր` այլ ժողովուրդներու, այդ ալ հայն է: Մեր էութեան մաս կը կազմէ խաղաղասիրութիւնը: Սակայն մեր էութեան մաս կը կազմէ նաեւ մէկ ուրիշ իմացում, որ արդարութիւնն է: Առանց այդ արդարութեան, ինչ որ կը խօսուի սիրոյ ու եղբայրութեան անունով, կեղծիք է ու միա՛յն կեղծիք:
Ահմետ Գապագճըները պէտք է գիտնան, թէ պատմութիւնը խորը անդունդներ չունի մանաւանդ այն ժողովուրդներուն համար, որոնց դէմ գործուած նոյնքան խոր անարդարութիւնները տակաւին չեն դարմանուած:
Թաղե՜լ, մոռնա՜լ անցեալը. գուցէ այդ մասին կարելի ըլլայ մտածել, երբ այդ անցեալէն եկող անարդարութիւնները իրենց հատուցումը գտնեն ներկային մէջ:
Մինչեւ հիմա այդ ներկային պատկերը կու տան Ճիհատ Պապանները եւ Ահմետ Գապագճըները` իրենց թրքատիպ գրգռութիւններով կեղծաբոյր խօսքերով:
Հայկական հարցին առթիւ, որ այսօր դրուած է Թուրքիոյ առջեւ, պահ մը թող մտածէ Թուրքիան, թէ Անգլիան, Ֆրանսան եւ ուրիշներ, որոնց անունը կու տայ Ահմետ Գապագճը, վերջին տասնամեակներու ընթացքին անցեալէն եկող բազմաթիւ անարդարութիւններ դարմանեցին` ազատութիւն եւ անկախութիւն տալով բազմաթիւ ժողովուրդներու: Թուրքիան կրնա՞յ իր պատմութեան մէջ յիշել նման դէպք մը, արդարութեան գործ մը, զոր կատարած ըլլայ սիրոյ ու եղբայրութեան ոգիով:
Դար մը ամբողջ Օսմանեան կայսրութիւնը բազմաթիւ անդամահատումներու ենթարկուեցաւ: Ժողովուրդներ, որոնք թրքական տիրապետութեան սարսափը ապրած էին, տիրացան իրենց անկախութեան, բայց այդ բոլորը եղան ի հեճուկս Թուրքիոյ, հակառակ իր կամքին, միայն գլխուն զարնելով: Ու մինչ Գապագճըի յիշած տէրութիւնները իսկապէս բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց նախկին հպատակներուն հետ, Թուրքիան կը յամառի անոնց մէջ տեսնել միայն թշնամիներ:
Ժողովուրդները կը դատուին իրենց արարքներով: Կեղծիքն ու սուտը անզօր են պատմութեան դատաստանին առջեւ:
Լիբանանի Երեսփոխանական Ժողովի
Մեծամասնական Ճակատը Հատուցում Կը Պահանջէ
Թուրքիայէն Հայ Ժողովուրդին Համար
Մեծամասնութեան Երեսփոխանները Կ՛որոշեն
Մասնակցիլ Ապրիլ 25-ի Հայկական Յուշատօնին
Լիբանանի արաբական մամուլի մեծագոյն օրկաններէն` «Լիսան իւլ Հալ» իր 3 ապրիլ 1965 թուակիր համարին մէջ «Խորհրդարանի մեծամասնականներու խմբակը հայոց համար հատուցում կը պահանջէ Թուրքիայէն», «Մեծամասնական երեսփոխանները կ՛որոշեն մասնակցիլ ապրիլեան Մեծ եղեռնի յուշատօնին» խոշոր վերնագիրներու տակ կը հաղորդէ.-
Լիբանանի երեսփոխանական ժողովի «մեծամասնականներու խմբակը» որոշած է իր մասնակցութիւնը բերել ապրիլեան Մեծ եղեռնի յուշատօնին եւ առաջարկել լիբանանեան կառավարութեան, որ դիւանագիտական շփումներ հաստատէ թրքական իշխանութեանց հետ` հայոց համար հատուցումներ ձեռք ձգելու նպատակով:
Այս որոշումներուն շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացաւ այն ժողովին ընթացքին, որ անցեալ չորեքշաբթի տեղի ունեցաւ երեսփոխան Նազըմ Քատրիի բնակարանին մէջ` մասնակցութեամբ «մեծամասնականներու խմբակի» անդամներուն:
Այս ուղղութեամբ վերջնական որոշումները պիտի որդեգրուին յառաջիկայ ժողովին ընթացքին, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ չորեքշաբթի, Պէյրութի երեսփոխան Ռաշիտ Սոլհի բնակարանին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, այս նախաձեռնութիւնները տեղի կ՛ունենան Թուրքիայէն հայոց տեղահանութեան եւ կոտորածին 50-ամեակին առթիւ, զոր մեծ շուքով նշելու կը պատրաստուի Լիբանանի հայ համայնքը` իբրեւ բողոք հայերու կրած մեծ վնասներուն:
Ժողովին մասնակցող երեսփոխանները այս կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք երեսփոխան Մունիր Ապու Ֆատել առաջարկ ներկայացուց, որ յառաջիկայ ժողովին քննուի հետեւեալ հարցը.
Լիբանանեան կառավարութիւնը դիւանագիտական շփումներ հաստատելու է թրքական իշխանութեանց հետ` անոնցմէ վնասուց հատուցում պահանջելու համար հայերուն:
Պարզելով իր ծրագիրը` երեսփոխանը առաջարկեց, որ թրքական կառավարութիւնը այս հատուցումները վճարէ լիբանանեան կառավարութեան, որ իր հերթին պիտի ստանձնէ գումարին բաշխումը լիբանանահայերուն:
Միւս կողմէ Ս. Խանամիրեան առաջարկեց, որ եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը ապահովէ հատուցումներուն վճարումը, գումարը յատկացուի շինարարական ծրագիրներու` ի նպաստ հայերուն, որոնք ներկայիս կ՛ապրին խրճիթներու մէջ :
Այս առթիւ ժողովականները յիշեցին այն դէպքը, որ 1951-ին պատահած էր Մեքսիքայի մէջ, ուր լիբանանցիները կրեցին ծանր կորուստներ: Այնուհետեւ լիբանանեան կառավարութիւնը հատուցումներ ապահովեց Լիբանանի Ա. դեսպան Ժոզեֆ Ապուխաթերի միջոցով, Լիբանանի այժմու դեսպանը ԱՄՀ-ի մօտ:
Այս հարցերը պատմութեան եւ իրաւագիտութեան լոյսին տակ մանրազնին քննութեան պիտի ենթարկուին յառաջիկայ ժողովին , որ պիտի գումարուի Ռաշիտ Սոլհի բնակարանին մէջ: Ժողովը վերջնական ձեւ մը տալէ ետք որոշումներուն, կառավարութեան պիտի առաջարկէ անյապաղ գործի ձեռնարկել այս ուղղութեամբ: