Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ՀՅԴ-ն ձեռնպահ պիտի մնայ կառավարութեան կողմէ ստեղծուած փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին մէջ անդամ առաջադրելէ:
«Մենք ձեռնպահ պիտի մնանք փտածութեան դէմ պայքարի յանձնախումբին մէջ թեկնածու առաջադրելէ, որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր մենք ունինք փտածութեան դէմ պայքարի մեր առաջարկները, որոնց շարքին հաստատութենական համակարգ ձեւաւորելու ծրագիր, որ ոչ կը մերժուի եւ ոչ ալ կեանքի կը կոչուի», ըսած է Մինասեան` նշելով, որ փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ արդիւնաւէտ աշխատանք չի տարուիր:
«2014 թուականին, նախագահին գլխաւորութեամբ ստեղծուեցաւ փտածութեան դէմ խորհուրդ մը, հիմա ատիկա չեղեալ յայտարարուած է եւ ստեղծուած է վարչապետին գլխաւորութեամբ նոր կառոյց մը, որ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ բնօրինակ կ՛որդեգրէ», ըսած է Մինասեան: Վերջինս շեշտած է այն հանգամանքը, որ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ արդիւնք կ՛ունենայ ստեղծուած կառոյցը:
Արծուիկ Մինասեան նկատել տուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ է, ունի փտածութեան դէմ պայքարի մարմիններ, որոնք պէտք է օգնեն պայքարելու փտածութեան դէմ, սակայն կը տեսնենք, որ այս ուղղութեամբ անարդիւնաւէտ աշխատանք կ՛ընթանայ:
Փտածութեան դէմ պայքարի կարեւոր տարրերէն մէկը, ըստ Մինասեանի, անհրաժեշտ միջավայր ձեւաւորելն է: «Մարդը պէտք է հասկնայ, որ փտածութեան մէջ մտնելով աւելի մեծ վնասներ պիտի ստանայ, քան եթէ չմտնէ այդ բոլորին մէջ: Պատշաճ վարձատրութեան համակարգի գոյութիւնը նաեւ կարեւոր է: Պատասխանատուութիւնը եւս կարեւոր է, եթէ պատասխանատուութեան մասով չունենանք լուրջ համակարգ, այս բոլորին մասին խօսիլը անիմաստ է», ընդգծած է Մինասեան:
Ան նաեւ ըսած է. «Ոչ մէկ բան կը մերժենք, պատրաստ ենք համագործակցելու որեւէ անձի հետ, բայց, յստակ գաղափարներու եւ ծրագիրներու շուրջ, ոչ թէ անդէմ մարմինի մը շուրջ»: