Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահճուբեան. «Ես Հայ Եմ, Սակայն Ինքզինքս Աւելի Օսմանցի Կը Զգամ»

March 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էթիեն Մահճուբեան
Էթիեն Մահճուբեան

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Թի24» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիեն Մահճուբեան Պելճիքայի Կենթ քաղաքին մէջ «Նոր Թուրքիա» խորագիրը կրող սեմինարի մը ընթացքին յայտնած է, որ ինք հայ ըլլալով ինքզինք աւելի օսմանցի կը զգայ:

«Ես այն դիրքին մէջ չեմ, որ պէտք է ապացուցեմ հայ ըլլալս: Ըլլալով հայ` իրականութեան մէջ ինքզինքս աւելի օսմանցի կը նկատեմ: Մենք օսմանեան, իսկ ատկէ աւելի առաջ բիւզանդական ժամանակաշրջանին այս հողերուն վրայ ապրած ենք եւ մեր մշակոյթը ստեղծած: Ըստ իս, արժէքաւորը այս է, այլ ոչ թէ 1923-ին ստեղծուած քաղաքական համակարգը: Կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ հայերուն մեծամասնութիւնը կը դժուարանայ կապ հաստատել հանրապետութեան քաղաքացիութեան բնորդին հետ», նշած է Մահճուբեան` աւելցնելով, որ իր կարծիքով, վերջին տասը տարիներուն ընթացքին հայերը իրենք զիրենք Թուրքիոյ մէջ աւելի ազատ կը զգան: Ան ըսած է, որ իրեն չի հետաքրքրեր այն, որ հայերը զինք «դաւաճան» կը կոչեն: «Ի վերջոյ, ամէն հայեացք ունեցող հայ կայ: Շատ հաւանական է, որ զիս այդպէս անուանող հայեր ալ կան, սակայն ատիկա կարեւորութիւն չունի», աւելցուցած է ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ֆրանս 24»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Կալիփոլիի ճակատամարտի տօնակատարութիւնները ապրիլ 24-ին կատարելու որոշումին, ըսած է. «Ատիկա ընելու համար Հայաստանէն արտօնութիւն պիտի չխնդրենք»: Ան հերքած է այն փաստը, որ Կալիփոլիի տօնակատարութիւններուն օրը այս տարի յատուկ կերպով որոշուած է կատարել Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի օրը` պնդելով, թէ Հայաստանի ձեռնարկներուն օրն է, որ յարմարցուած է Թուրքիոյ ձեռնարկներու օրուան:

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Պատուիրակութիւնը Բարձրագոյն Մակարդակով Կը Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ղեկավարները Կը Մեկնին Ուաշինկթըն` Խոչընդոտելու Համար Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւի Քուէարկութիւնը

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.