Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ղեկավարները Կը Մեկնին Ուաշինկթըն` Խոչընդոտելու Համար Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւի Քուէարկութիւնը

March 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մեւլութ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին բանաձեւին ներկայացումէն մէկ շաբաթ ետք, թուրք բարձրաստիճան ղեկավարներ կը մեկնին Ուաշինկթըն` ամերիկացի օրէնսդիրները բանաձեւը քուէարկութեան ներկայացնելէ տարհամոզելու համար:

«Ասպարէզ»` յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մինչեւ ապրիլ 24 պիտի մեկնի Ուաշինկթըն:

Երեքշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք Ուաշինկթընի մէջ Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Հայաստանը մեղադրած էր հայ-թրքական յարաբերութիւնները խոչընդոտելու համար:

«Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ. Յարաբերութիւններ 21-րդ դարուն մէջ» խորագիրը կրող ելոյթին ընթացքին ան ըսած է. «Մինչ Թուրքիան անկեղծութեամբ կը մօտենայ Հայաստանին` 1915-ի միջադէպերը լուծելու ձգտումով, Երեւան կը կեդրոնանայ իրադարձութիւններու վրայ` խոչընդոտելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը»:

«Կը փափաքինք, որ շահագործումը (Հայոց ցեղասպանութեան հարցին «Ա.») վերցուի եւ յանուն խաղաղութեան ուղեկցուի լուսաբանող պատմական փաստերով: Մենք պատրաստ ենք աջակցելու որեւէ տիպի ուսումնասիրութեան», աւելցուցած է Չիչեք:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին մէջ փոփոխութեան վերաբերեալ հարցումի մը, յայտնած է. «Յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը պիտի չփոխուի: Հակառակ պարագային, մեր յարաբերութիւնները շատ պիտի տուժեն, եւ գիտենք, որ ամերիկեան ղեկավարութիւնն ալ զգայուն է այդ հարցին մէջ»` աւելցնելով, որ հայկական լոպին այս տարի աւելցուցած է ջանքերը:

Չաւուշօղլու ըսած է, որ Հայաստան դրացիներու հետ յարաբերութիւնները պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ: «Բոլոր դրացի պետութիւններուն հետ խնդիրներ ունեցող երկիրը պէտք է մտածէ` արդեօք ե՞ս եմ սխալ, թէ՞ բոլորը: Մենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորենք, սակայն միայն նախապայմաններու կատարումէն ետք», ըսած է ան` յայտարարելով, որ միայն ցեղասպանութեան պնդումներէն հրաժարիլը քիչ է, Հայաստանի «պէտք է քաշուի նաեւ գրաւեալ տարածքներէն»:

Բալայեան. «Հայաստան Երբեք Հարցականի Տակ
Չի Դներ Ցեղասպանութեան Փաստը»

Տիգրան Բալայեան
Տիգրան Բալայեան

Հայաստան ու միջազգային հանրութիւնը բազմիցս յայտարարած են, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը պէտք է ընթանայ առանց նախապայմաններու: Այս մասին հայաստանեան լրատու կայքի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  քարտուղար Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը:

«Ճիշդ այդ սկզբունքին հիման վրայ 2008 թուականին սկսած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Նման ընդհանուր հասկացողութեամբ մենք սկսանք հոլովոյթը եւ համաձայնութիւն գոյացուցինք: Թէ՛ մեր թուրք գործընկերներուն հետ կնքած համաձայնագիրներուն մէջ, թէ՛ հրապարակաւ մենք յստակ յայտարարած ենք, որ Հայաստան երբեք Ցեղասպանութեան փաստը հարցականի տակ չի դներ կամ չի վիճարկեր ատոր միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը: Ինչ կը վերաբերի  Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, եթէ Թուրքիա կը փափաքի օգնել լուծման հոլովոյթին, թող կարելի եղածին չափ հեռու մնայ այդ հոլովոյթէն», նշած է Տիգրան Բալայեան:

Նշենք, որ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի ընկերութեան  տուած հարցազրոյցին մէջ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն կը դառնան, երբ  Հայաստան հրաժարի Հայոց ցեղասպանութենէն եւ «բռնագրաւած» տարածքներէն:

Նախորդը

Մահճուբեան. «Ես Հայ Եմ, Սակայն Ինքզինքս Աւելի Օսմանցի Կը Զգամ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Զգացողութեան Հաղորդիչները

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.