Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի հիմնադրութեան 45-ամեակին առիթով:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 50 ճատրակ խաղացողներ:
Տեղի ունեցան հինգ դասակարգի մրցումներ (8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան), բոլորն ալ` 6 հանգրուանով:
Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Շըհատէ Ապու Նըմրի:
Օրուան գլխաւոր իրաւարարն էր ֆետերասիոնի անդամ Ալի Ժաուիշ, իսկ մրցումներուն հսկեցին Գէորգ Կոստանեան, Ժիրայր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Հրայր Պրունսուզեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողքին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի աղջկանց ճատրակի նախկին ախոյեան Սիւզան Մուրատեան:
Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
8 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ՏՂԱՔ).
1.- Կի Գալուստ, 2.- Յակոբ Յովակիմեան եւ 3.- Յովիկ Քաշմանեան:
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ՏՂԱՔ).
1.- Հայկ Թենպելեան, 2.- Հրակ Կիւրիւնեան եւ 3.- Նիքոլա Մուրատեան:
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ԱՂՋԻԿՆԵՐ).
1.- Ռիթա Սալլում, 2.- Կլորիա Ճալըքեան եւ 3.- Փաթիլ Գրիգորեան եւ Արլի Տէր Աբրահամեան:
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ՏՂԱՔ).
1.- Փիթըր Մուրատեան, 2.- Նարեկ Կիւրիւնեան եւ 3.- Կորիւն Գազեզեան եւ Կորիւն Կիւլեան:
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ԱՂՋԻԿՆԵՐ).
1.- Նանօր Առնելեան, 2.- Սթեֆանի Կիրակոսեան եւ 3.- Լորի Գարաճեան:
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ՏՂԱՔ).
1.- Ճիօ Գալուստ, 2.- Կարօ Գալֆայեան եւ 3.- Ճեսի Գրիգորեան:
16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ (ՏՂԱՔ).
1.- Հրակ Լախեան, 2.- Քարլօ Դարբինեան եւ 3.- Հրակ Ճինպաշեան: