Իսրայէլի մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցութեան համեմատութիւնը 65 առ հարիւր էր: Ո՛չ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած իշխող Լիքուտ կուսակցութիւնը, ո՛չ ալ Եիցհաք Հերցոկի ղեկավարած ընդդիմադիր Սիոնական միութիւնը կրցան յստակ յաղթանակ արձանագրել:
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, Լիքուտը ապահոված է Քնեսեթի 120 աթոռներէն 28-ը, Սիոնական միութիւնը` 27-ը, իսկ երրորդ դիրքի վրայ է Արաբական միացեալ ցանկը, որ ապահոված է 13 աթոռ: