Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատ Երբեք Խաղաղութեան Բանակցութիւններուն Մէջ Դեր Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Փսաքի

March 18, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
3-17-15_Psaki
Ճեն Փսաքի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի` «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու համար պիտի ստիպուի բանակցիլ Ասատի հետ» յայտարարութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. «Ինչպէս միշտ ըսած ենք, միշտ ալ Ասատի վարչակարգի ներկայացուցիչներու այդ հոլովոյթին մաս կազմելու կարիքը եղած է: Ատիկա այդպէս պիտի չըլլար եւ երբեք պիտի չըլլայ, եւ արտաքին գործոց նախարար Քերրի այս ըսել կ՛ուզէր, որ անիկա (վարչակարգին ներկայացուցիչը. «Ա.») ինքնին Ասատը պիտի ըլլան»:

Փսաքի շեշտեց, որ իր երկիրը սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան փափաքներով կը շարժի: «Սուրիոյ մէջ Ասատի համար ապագայ չկայ… մենք կարելի ամէն քայլ կ՛առնենք այդտեղ անոր իշխանութեան վերջ տալու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները ընդդիմութեան եւ վարչակարգի ներկայացուցիչներուն միջեւ պիտի ըլլան»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ իր կարգին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Եթէ բոլոր այդ ջարդերէն եւ քիմիական զէնքերէն ետք, որ դուն (Միացեալ Նահանգներ) կարմիր գիծ յայտարարեցիր, Ասատի հետ նստիս եւ անոր ձեռքը սեղմես, ապա քու ձեռքդ պատմութենէն երբեք պիտի չսրբուի»:

«Հիթլերի կամ Միլոսեւիչի, Ռատովան Քարածիչի, Սատտամի կամ Ասատի ձեռքը սեղմելը տարբերութիւն չունի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Փսաքիի յայտարարութեան` Տաւութօղլու ըսաւ. «Կ՛ողջունենք հերքումը»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին հարց տուաւ. «Ասատի հետ բանակցելի ի՞նչ նիւթ կայ: Ինչպիսի՞ բանակցութիւններ պիտի ունենաս վարչակարգի մը հետ, որ աւելի քան 200 հազար մարդ սպաննած է եւ քիմիական զէնք օգտագործած»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ տագնապը «Թուրքիոյ ուժը տկարացնելու եւ Թուրքիոյ դիրքին վնաս հասցնելու» միջազգային փորձերու մէկ մասն է: «Այդ է (Ասատին) եւ ՏԱՀԵՇ-ին ցուցաբերուած աջակցութեան պատճառը», ըսաւ ան` նշելով. «Կարգ մը շրջանակներ Թուրքիոյ զարգացումը չեն ուզեր»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց. «Ֆրանսա եւ Բրիտանիա տակաւին կը կիրարկեն քաղաքականութիւններ, որոնք Եւրոպական Միութիւնը մեղսակից կը դարձնեն Սուրիոյ դէմ յարձակումին»` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութեան` Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կիրարկած քաղաքականութեան համամտութիւնը «զայն Սուրիոյ մէջ տագնապի երկարաձգման պատասխանատու կը դարձնէ»:

 

Նախորդը

«Բանակցութեան Ընթացքին Թեքնիք Հարցերուն Մեծամասնութիւնը Լուծուեցաւ Եւ Մնաց Մէկ Հարց» Ըսաւ Զարիֆ

Յաջորդը

Իսրայէլի Խորհրդարանական Ընտրութեան Մէջ Յստակ Յաղթական Մը Չկայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.