Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անատոլուի Հոմերոս»-ին Հրաժեշտը

Մարտ 18, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_anad-homer«Արդի Թուրքիոյ ողբերգութիւնն է, որ կը հալածէ մեր յուշերը… պատերազմներ, տեղահանութիւններ, սպանութիւններ, ցեղասպանութիւններ, նաեւ` բնութեան քանդում»

ԵԱՇԱՐ ՔԵՄԱԼ
(1923-2015)

Քեմալական Թուրքիայէն մղոններ հեռու (գաղափարական իմաստով), բոլորովին տարբեր այլախոհ քեմալական Թուրքիա մըն ալ գոյութիւն ունի եւ այդ ալ յանձին թուրք գրականութեան երեք Քեմալներուն` Թահիրի, Օրհանի եւ Եաշարի:

… Այս վերջինն է, ծագումով քիւրտ Եաշար Քեմալը` «Անատոլուի Հոմերոս»-ը, որ շիջեցաւ փետրուար 28-ին:

Հաւանաբար հայորդիին համար Եաշար կը յիշուի իբրեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ փրկիչը: Արդարեւ, 1951-ին, երբ ան կ՛իմանայ, թէ (միւս) քեմալական Թուրքիան մտադրած է քանդել իր ընտանեկան պարագաներու ծննդավայր Վանի մօտակայ եկեղեցին, ան ամէն միջոցի կը դիմէ փրկելու համար այդ գեղեցկութիւնը` զայն նկատելով ոչ միայն հայկական, այլ միջազգային մշակութային ժառանգութիւն մը:

Սակայն Եաշար Քեմալի իսկական հեղինակութիւնը իր գրչին մէջ է, որ կարելի է տեսնել: Թէեւ ծանօթ` իբրեւ Անատոլուի Հոմերոս, միեւնոյն ժամանակ զայն նաեւ կարելի է անուանել… Լատին Ամերիկայէն եւ յատկապէս Քոլոմպիայէն հեռու` Անատոլուի Կապրիէլ Կարսիա Մարքեսը:

Քեմալի համար այս բաղդատականներն ու գրական վերլուծումները այդքան ալ կարեւորութիւն չունէին, իսկ եթէ այդպիսի բաղդատական մը կատարուէր, անվարանօրէն ան պիտի ուզէր բաղդատուիլ Ֆրանսայի իրապաշտ դպրոցի ներկայացուցիչ Սթենտալի հետ, անշուշտ` ոչ թէ ապրելաձեւի իմաստով, այլ` միայն ու միայն գրչի բնագաւառէն ներս եւ յատկապէս շնորհիւ իր «Մեմետ» տիպարին, որ բազմիցս կը նշուէր զանազան գործերու մէջ: Այսպէս, մինչեւ իսկ իր կեանքի վերջին օրերը շարունակ կը կարդար ու կը վերակարդար… կամ աւելի ճիշդը` իր մօտ նստած կը կարդային, նկատի ունենալով, որ ան գրեթէ կորսնցուցած էր իր տեսողութիւնը:

Հազիւ հինգ գարուններ բոլորած, արկածի մը արդիւնք, իր աջ աչքը կորսնցուցած, ապա իր հօր սպանութեան ահաւոր քստմնելի արարքին ականատես եղած, հոգեպէս գերազդուած, Եաշար քանի մը տարի ծանրօրէն կակազելով խօսեցաւ, եւ ի վերջոյ հետզհետէ ինքզինք վերագտաւ:

Տաւրոսեան լեռնաշղթայի լանջին, Արեւելեան Անատոլուի տափաստաններու վրայ կատարուած այս դէպքերուն արտացոլացումը, կարելի է հետեւիլ իր գրութիւններուն եւ յատկապէս, այդ չքաւոր «Մեմետ» տիպարին ընդմէջէն:

Եաշար շարունակ գրեց եւ պայքարեցաւ անարդարութեան, շահագործման եւ զեղծարարութեան դէմ, իսկ ծագումով քիւրտ ըլլալը շարունակ պատճառ դարձաւ, որ ան ներկայանայ դատարան: Ի՜նչ զուգադիպութիւն… Եաշարի անդրանիկ նորավէպը` «Պեպեք»-ը, կարդացուեցաւ դատախազին կողմէ, երբ ան 17 տարեկանին ձերբակալուած էր համայնավարութիւն քարոզելու պիտակին տակ:

Իսկ անոր վերջին գործը` «Նայէ՛ Եփրատը, որ կը քշէ ու կը տանի արիւնը» շատ բան կը յիշեցնէ հայորդիին…

Հուսկ, այլ Քեմալ մը… «Անատոլուի Հոմերոս»-ն է, որ հրաժեշտ առաւ` սուգի մատնելով թէ՛ գրական եւ թէ՛ արդարութեան աշխարհը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Հակահայ Կառոյցի Նոր Ղեկավարը Կը Պատրաստուի Ապրիլ 24-ին

Յաջորդը

Մամուլի Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?