Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եաշար Քեմալ Ինչպէ՞ս Աղթամարը Փրկեց Փլուզումէ

Մարտ 18, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_aghtamarԵաշար Քեմալի մահուան առթիւ շատ բան գրուեցաւ անոր մասին ու դեռ ալ կը գրուի: Այս կարգէն, ինչպէս մենք ալ ըրինք, շատեր յիշեցուցին, որ Եաշար Քեմալի շնորհիւ էր, որ Աղթամարի հայոց Ս. Խաչ եկեղեցին ատենօք փրկուած էր փլուզումէ: Թէ Աղթամարի եկեղեցին ինչպէ՞ս փրկուեցաւ, այս մասին Եաշար քեմալ ինք ալ պատմած է: «Ռատիքալ» կը վերահրատարակէ Եաշար Քեմալի այս մասին գրածը.

Տիգրանակերտի դաշտին վրայ գաղթական ընտանիքներ հաւաքուած էին, չէին գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթային: Անոնց մասին ալ գրեցի: Բազմաթիւ գիւղեր շրջելէ ետք Տիգրանակերտի մէջ գործս վերջացաւ, հոնկէ անցայ Վան: Շոգենաւ առի, դէպի Վան կ՛երթայի: Միւս կողմէ` չէի գիտեր, թէ «Ճումհուրիյէթ» թերթին ղրկուած իմ յօդուածներս հրատարակուա՞ծ էին, թէ՞ ոչ: Շոգենաւին մէջ դիմացս սպայ մը նստած էր, օձիքին վրայ ալ օձի նշան կար, ուստի հասկցայ, որ բժիշկ էր: Բժիշկին քով տրցակ մը «Ճումհուրիյէթ» կար, թերեւս 20 հատ: Մարդը թերթը բացած` կը կարդար: Իմ անունս տեսայ եւ շատ ուրախացայ: Ուրեմն յօդուածս հրատարակուած էր: Անմիջապէս բժիշկին քով վազեցի եւ մեծ յուզումով հարցուցի. «Հարիւրապետս, կրնա՞մ ձեր թերթին նայիլ անգամ մը»: Հարիւրապետը զարմացաւ իմ յուզումը տեսնելով, բացատրեցի, այն ատեն «դուք Եաշար Քեմա՞լն էք ուրեմն» ըսաւ: «Այո՛» պատասխանեցի եւ յարձակեցայ թերթերուն վրայ: Այո, բոլոր յօդուածներս հրատարակուած էին «Անատոլուէն նոթեր» խորագրին ներքեւ: Բոլորն ալ կարդացի, հարիւրապետը զարգացած, մշակոյթի տէր մարդն մըն էր եւ զարմանքով կը նայէր իմ յուզումիս: Ի վերջոյ ստիպուեցայ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ այդքան յուզուած էի: Եթէ իմ յօդուածներս չհրատարակուէին, Էրճիշի ազգականներուս մօտ պիտի երթայի եւ հոն  գրագիր պիտի դառնայի: Մինչդեռ հիմա առաջին քայլ մը առած էի լրագրողի ասպարէզէ ներս եւ կը հաւատայի, որ պիտի յաջողէի:

Այս բոլորէն ետք հարիւրապետը ըսաւ.

«Այս ի՞նչ բախտ է, լա՛ւ որ ձեզի հանդիպեցայ: Հոս, Աղթամարի կղզիի մէջ հայերէ մնացած եկեղեցի մը կայ: Ճարտարապետական գլուխ գործոց մը: Այս օրերուն կը փլցնեն զայն: Վաղը ձեզ հոն պիտի տանիմ: Այս եկեղեցին այս հողերուն հարստութիւնն է, նոյնիսկ եթէ հայերը շինած ըլլան զայն: Մարդկութեան ապրանքն է, ո՛վ կ՛ուզէ ստեղծած ըլլայ: Կրնա՞ք օգնել ինծի եւ իր հայրենիքիս: «Դեռ նորահաս լրագրող եմ, իմ ձեռքէս ի՞նչ կու գայ որ»:

Այսպէս ըսի: Որովհետեւ նաեւ վարանում մը ունէի, կը վախնայի, որ իմ անցեալս մէջտեղ կ՛ելլէր, եթէ այսպիսի գործերու միջամուխ ըլլայի: Ես տակաւին առաջին վայրկեանէն կը կորսնցնէի գործս:

Իրիկուան ժամերուն Վանի նաւահանգիստէն շոգենաւ նստանք, հարիւրապետ տոքթ. վիրաբուժ Ճաւիթ պէյ զիս տարաւ Վանի միակ պանդոկը: Իրարմէ բաժնուեցանք յաջորդ օր մէկտեղուելու որոշումով: Հարիւրապետը առաւօտուն կանուխ եկաւ զիս առնելու: Աղթամար եկեղեցի պիտի երթանք: Մեր այդ շրջանի Վանի թղթակիցն էր Իլիաս Քիթապճը, 60 տարեկան, հասուն, գեղեցիկ մտածումներով մէկն էր: Հարիւրապետին հետ նախ գացինք զայն տեսնելու, ան շատ բան պատմեց մեզի եկեղեցիին մասին: Ձեռքէն եկածը ըրեր է, բայց չէ յաջողած փլուզումին առաջքը առնել: Կուսակալն ալ լաւ եւ բանաստեղծ մարդ է եղեր, սակայն հրահանգ ստացեր է եւ ձեռքէն բան չէր գար:

Իլիաս պէյ ինծի յանձնարարեց.

«Հեռաձայնեցէք Նատիր Նատիին: (Մարմարա – Նատիր Նատի այդ շրջանին «Ճումհուրիյէթ»-ի արտօնատէրն ու խմբագրապետն էր ու ազդու մարդու համբաւ ունէր): Ան մեզ կը հասկնայ, եթէ մէկը արգելք պիտի ըլլայ, ան ալ Նատիր Նատին է»: Որոշեցինք հեռաձայնել: Բժիշկին հետ ճամբայ ելանք դէպի Աղթամար: Վանայ լճի ջուրը կախարդական երեւոյթ ունէր, ամէն վայրկեան գոյն կը փոխէր: Փոքրիկ նաւակով մը կղզի ելանք: Տակաւին կարգը եկեղեցիին չէր եկած, բայց եկեղեցիին մօտը գտնուող փոքրիկ մատուռը գրեթէ փլցուած էր:

Հարիւրապետը հրահանգեց աշխատաւորներուն:

«Մինչեւ որ ես գամ այս եկեղեցիին ձեռք պիտի չդպցնէք»:

Աշխատաւորները «մեր գլուխի վրայ հրամանատարս» ըսին: Մենք Վան վերադարձանք եւ հեռաձայնով փնտռեցինք «Ճումհուրիյէթ»-ի խմբագրատունը: Այդ օր մինչեւ իրիկուն հեռաձայնը չկապուեցաւ: Յաջորդ առաւօտ դարձեալ կանուխէն հեռաձայնեցինք: Քանի մը ժամ վերջ Նատիր պէյ մեր դիմացն էր: Իրեն բացատրեցի խնդիրը, որքան որ իմացած էի հարիւրապետէն: Նատիր պէյ պատասխանեց.

«Մի՛ յուզուիք, Աւնի պէյ այս խնդիրը կը կարգադրէ: Զինք լաւ կը ճանչնամ, քաղաքակիրթ մարդ է»:

Աւնի Պաշմանը այդ շրջանին կրթութեան նախարար էր:

Երկու օր վերջ Իլիաս Քիթապճը եւ հարիւրապետ Ճաւիթ պէյ պանդոկս եկան: Շատ ուրախ էին: Աւնի Պաշման հեռագիր քաշեր է, որպէսզի կուսակալը դադրեցնէ փլուզումը: Աղթամարի եկեղեցւոյ փրկութեան թուականն է 25 յունիս 1951:

«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Հրատարակուած վերի թղթակցութիւնը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպիսի՛ ճակատագրէ մը փրկուեր է Աղթամարի եկեղեցին: Նշենք մասնաւորաբար, որ Եաշար Քեմալի գրիչէն ելած այս յօդուածին մէջ Աղթամար եկեղեցին յիշուած է որպէս Աղթամար, այլ ո՛չ թէ Ագտամար, ինչպէս նորաձեւութիւն դարձած է այսօր:

Նախորդը

«2015 Թուականն Է. Սակայն Թուրքիան Դեսպանատներ Չունի Ո՛չ Հայաստանում, Ո՛չ Էլ Կիպրոսում, Իսրայէլում, Սիրիայում». Թուրք Վերլուծաբան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հակահայ Կառոյցի Նոր Ղեկավարը Կը Պատրաստուի Ապրիլ 24-ին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?