Յարգելի՛ պր. նախագահ,
Չորեքշաբթի, 11 մարտին, գիշեր ժամը 11:00-ի շուրջ, երբ անկողին մտնելէ առաջ հեռատեսիլի կայանները կը դարձնէի, «Թէլէ Լիւմիէր» կայանէն պատահմամբ հանդիպեցայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առիթով հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի կազմակերպած ոգեկոչման հանդիսութեան հեռարձակման: Լայիք ըլլալուս` ընդհանդրապէս նշեալ կայանի հեռարձակումները չեմ դիտեր, սակայն այս մէկը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ըլլալուն` հետեւեցայ:
Երբ հանդիսավար Ժորժ Քըրտահին ձեզ հրաւիրեց խօսք առնելու, լիբանանեան քաղաքական կեանքի ընդմէջէն ձեր քաղաքական կեցուածքներուն եւ ընդհանրապէս ձեր նկարագիրի գիծերուն ծանօթ ըլլալով, ուզեցի անպայման ձեր խօսքը լսել:
Մանրամասնութիւններուն անդրադառնալէ առաջ ամիջապէս ըսեմ, որ քաղաքական մարդոց խօսքը ընդհանրապէս կ՛ըլլայ կարճ, դիպուկ եւ օրուան խորհուրդը շեշտող: Ձեր խօսքը` իբրեւ քաղաքական մարդու, շատ երկար էր, ընդհանութիւններ շօշափող եւ յաճախ նիւթէն դուրս: Օրինակ` Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ցաւալի հարցը, զոր ձեզի նման քաղաքական մարդիկը կ՛արգելակեն, ի՞նչ կապ ունէր Հայոց ցեղասպանութեան պատմական դէպքին հետ` չհասկցայ:
Ձեր խօսքը սկսաք հայ ժողովուրդին պատահածը ողբերգութին անուանելով եւ երկու յաջորդական անգամներ կրկնեցիք ատիկա, ինչ որ խօսքի մը մէջ կը նշանակէ հաստատում: Զգալի էր, որ կը խուսափիք ցեղասպանութիւն եզրը գործածելէ կամ ձեզի այդպէս թելադրուած էր: Երկարօրէն անդրադարձաք Լիբանանի նախագահական ընտրութեան: Անշուշտ ամէն ոք կը ցանկայ, որ ան օր առաջ տեղի ունենայ, սակայն չկրցայ հասկնալ ատոր առնչութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետ: Անդրադարձաք ներքրիստոնէական և ներլիբանանեան երկխօսութեանց, որոնք կատարելը ձեր պարտականութիւնն է` ի շահ Լիբանանին, սակայն այդ երեւոյթին այս առիթով անդրադառնալը, կը ներէք, տեղին չէր: Յանկարծ յիշեցիք Ռուանտան ու պաղեստինցի ժողովուրդը եւ անոնց նկատմամբ պատահածը որակեցիք ցեղասպանութիւն: Պահ մը մտածելով` եզրակացուցի, որ զանոնք ցեղասպանութիւն որակեցիք, որովհետեւ երկուքին պարագային ալ Թուրքիան դերակատար չէ եղած, որ ամէն լիբանանցի Իսրայէլը կը նկատէ թշնամի: Հոս յայտնի ըրիք, որ ձեր արտայայտութիւններուն մէջ զգուշ էք, որպէսզի Թուրքիոյ իշխանաւորները չնեղացնէք: Հուսկ մէջբերեցիք ձեր բարեկամին` պր. Էրտողանի նախորդ ապրիլին արտասանած խօսքը, որուն մէջ ան դիտել տուաւ, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմին Թուրքիա ապրող բոլոր ժողովուրդներն ալ ծանր պայմաններու մէջ եղած են:
Որքան գիտեմ, պր. Էրտողանը ձեր բարեկամն է, որուն յաճախ այցելելու եւ անոր հետ խորհրդակցելու սովորութիւնը ունիք: Ապա սկսաք բարոյախօսութեան` ըսելով, որ ազգերը իրարու նկատմամբ պէտք է ներողամիտ ըլլան, քով-քովի գան եւ անցեալը մոռնան ու համակեցութեամբ ապրին: Արդեօք նման բան կարելի՞ է: Պատմութեան ընթացքին երբեւիցէ դուք հանդիպա՞ծ էք նման երեւոյթի, որ յանցագործն ու զոհը քով-քովի գան` առանց անոնց դատի կատարման, հատուցման եւ յանցագործին պատիժի ենթարկման: Նման բան նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ վեհանձնութիւն, որ յանցագործը ընդունի իր սխալը: Ձեր ազգային յիշողութիւնը կը թուի կարճ ըլլալ: Նոյն թուրքը Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն սովամահ ըրաւ յատկապէս Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը: Ի մասնաւորի ձեր ծննդավայր Պիքֆայան եւ յարակից գիւղերը եղան մեծագոյն տուժողները: Ո՞վ պիտի ամոքէ սովամահ ժողովուրդի հոգիներուն խռովքը, եթէ չյիշենք զանոնք: Ռէալփոլիթիք խաղացողը ի վերջոյ իր վարած քաղաքականութեան զոհը կը դառնայ, նայեցէք ձեր դրացիներուն, մանաւանդ` Թուրքիոյ պարագային:
Ձեր խօսքի աւարտին, հակառակ նախապէս լիբանանահայութիւնը զանազան առիթներով վիրաւորած ըլլալնուդ, փորձեցիք շոյել զայն` Լիբանանի տնտեսական ու մշակութային բարգաւաճման գծով ունեցած ներդրումին համար, վկայակոչելով Պիքֆայայի բարձունքին կանգնած յուշարձանը, որ բարձրացած է առ ի երախտագիտութիւն ասպնջական Լիբանանին: Արդեօք այս խօսքերը անկեղծ զգացումի արտայայտութի՞ւն են:
Յարգելի՛ պրն. նախագահ, մեծ է այն քաղաքագէտը, որ նախ անկեղծ է ինքնիր համոզումներուն մէջ, ապա, իր ազգին նկատմամբ: Այդ պարագային է, որ ժողովուրդը կը վստահի, կը հաւատայ անոր եւ զայն կը պահէ իր հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Յարգանօք,
Յ. ԱՍՊԵՏ