Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. «Մենք Ենք Հրաշքը» Կամ Ձեւականութենէ Հեռու Մնալու Հրամայականը (Պուրճ Համուտի Ազգային Միացեալ Վարժարանի Կառուցման Առիթով)

Մարտ 17, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

16364017271_8791574f35_oՀաստատապէս, վերոնշեալ չակերտուած երեք բառերը կը պատկանին բոլոր անոնց, որոնք գիտակից են իրենց երազի յաղթանակի մեծութեան եւ առհասարակ անոր ունեցած գերակշիռ ազդեցութեան` անհատի թէ հաւաքական կեանքի յաջողութիւններու մէջ:

Եւ ի՛նչ կ՛արժէ կեանքը, երբ հետամուտ չէ գեղեցիկ երազներու իրականացման, յուսահատութեան դէմ մաքառումի, քաոսէն դէպի կատար բարձրանալու պատրաստակամ կեցուածքի, այլապէս ալ նոր շունչով, խայծով եւ որակով վարակելու շրջապատ մը ամբողջ:

Արդեօք հրաշքի համազօր երեւոյթներ չե՞ն այն բոլոր ազգանուէր գործընթացներն ու մտածումները, որոնք կը ծառայեն բացառաբար հայրենակերտումի եւ հայապահպանումի մեր դարաւոր ձգտումներուն:

Աւելի՛ն. սփիւռքահայ իրականութեան դառն պաստառի ամբողջ լայնքին, եւ հակառակ ընդարմացած, հոգելլկիչ եւ մաշեցնող առօրեային, ներազգային ճակատին մէջ առկայ բացթողումներուն հրաշափառ միթէ արարքներ չե՞ն այն բոլոր նախաձեռնութիւնները (թէեւ հազուադէպ), որոնք կը միտին գաղութահայութեան վերականգնումին եւ յառաջդիմութեան:

Ո՛վ կրնայ իր աչքերը թաքցնել այն գեղեցկագոյն երազին ի տես, երբ հաւաքական կեանքի մեր ածուին դիմաց` ոգեկան թռիչք ու զարգացման ճանապարհներ կ՛ուզենք սալայատակել` հայ նորահաս սերունդներու ազգային գիտակցութեան ամրապնդումին նպաստող եւ նորարար գիտութեան ջամբումին դարպասը հանդիսացող հայաշունչ բերդին` հայ վարժարանի էապէս վերանորոգումին ընդմէջէն:

Երկտասնամեակէ մը ի վեր լիբանանահայ գաղութի կեանքի վերածաղկումին, վերահայացման թէ վերաշխուժացման բազում հրամայական գործընթացներուն առընթեր,  նաեւ սրբազան կարօտը ունէինք իրականացած տեսնելու հաւաքական երազ մը, թէեւ շատ յապաղած, այլապէս միշտ ցանկալի կեդրոնական հայ վարժարանի մը ընդմէջէն, Պուրճ Համուտի հայահոծ երկնակամարին տակ:

Այո՛, ուժեղ եւ անբեկանելի կարօտ, հանդէպ այն վարժարանին, ատիկա ըլլայ կեդրոնական թէ լայնատարած, կանաչապատ թէ հոգեպարար, բազմայարկանի թէ արդի կեանքի ամէնէն լաւ սարքերը պարփակած, պերճ ու լուսաշող դաշտերու ներկայութեամբ բոցկլտուն, համեստ ընտանիքի հայ մանուկին թէ պատանիին երեւակայութեան թռիչք տալու ուժականութեամբ օժտեալ, ազգային դաստիարակութեան թէ մարդկային արժանիքներու առաւել բոցավառումի հաւատամքով ամրապինդ, ժամանակակից ու միշտ նորոգեալ մանկավարժական ուսմունքի կատարեալ գործադրութեան յանձնառու, աւելի՛ն. ուսումնատենչ սերուդներու օրրան ըլլալու արդար ակնկալութեամբ:

Այլ խօսքով, կեդրոնական վարժարան մը, որուն արհեստավարժի,  մասնագիտացած ուսուցչակազմի եւ պաշտօնէութեան հետ միատեղ, հոն, այդ հայաշունչ երդիքին տակ գործեն այնպիսի ակադեմական կրթութիւն ունեցող խորհրդատուներ թէ տնօրէնութիւն(ներ), որոնք զերծ պէտք է մնան տնտեսական ու բարոյահոգեբանական սպառիչ ճնշումներէ եւ  առանձնաբար լծուին նոր հայու կերտումին:

Այն հայուն, որ իր ամբարած գիտութեամբ եւ հոգեկան հարստութեամբ պիտի կարենայ նուաճել միջազգային ամպիոններ եւ պատուաբեր տիտղոսներ:

Այն հայուն, որ իր ստացած հայեցի կրթութեամբ եւ ազգային դաստիարակութեամբ պիտի կարենայ ստանձնել ու ղեկավարել ազգային կեանքի բեմահարթակը:

Այն հայուն, որուն մէջ արմատաւորուած պիտի ըլլան հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ սէրն ու յարգանքը:

Այն հայուն, որուն հայեացքները պիտի ըլլան դէպի սրբազան Արարատի գագաթին, կատարելապէս դէպի հայրենիք ուղղելու իր քայլերը եւ մեծապէս հրճուելու վերանկախացած հայրենիքի նուաճումներով:

Այն հայուն, որ ազատ խօսքի ու կամքի ջատագով է, քննական մտքի նախանձախնդիր, պայծառ անհատականութեամբ յագեցած,  հետամուտ է նորարար եւ արհեստավարժ արտայայտութիւններու վայելքին:

Արդարեւ,

Պիտի ըսուի, հաւանաբար, թէ իտէալական մտածումներու եւ բարեպաշտ մօտեցումներու ժամանակները ա՛լ անցեալին կը ծառայեն:

Պիտի մատնանշուին այնպիսի աններելի սխալներ, որոնք կը վերաբերին կրթական, ուսումնական, դաստիարակչական, վարչական եւ կազմակերպչական բնագաւառներուն:

Լոյսին պիտի բերուին այնպիսի յամեցող գործընթացներ, աչք ծակող թերացումներ, որոնք  հաւաքական մեր կեանքի պատուհաս են դարձած, յաճախ ուղղակի վիրաւորելով կրթական-դաստիարակչական մարզի ամբողջ տարողութիւնը:

Եւ եթէ երբեք ուզենք աւելի յանձնուիլ ժխտական եւ հոգեսպանդ երեւոյթներու, ապա մենք մեզ պիտի գտնենք անհամար մտմտուքներու յորձանուտին մէջ եւ ամլացնող մօտեցումներու դէմ յանդիման:

Յայտնապէս, այս հասկացողութենէն թելադրուած եւ առանց ստորագնահատելու տասնամեակներու ընթացքին հայ վարժարանի դերն ու առաքելութիւնը, ժամանած պէտք է նկատել այն պահը, որպէսզի ինքնասրբագրութեամբ եւ առանց հաճոյակատար զգացումներու, անյապաղ լծուինք ճիշդ հունաւորումի եւ առողջ առաջադրանքներու  որդեգրման:

Այլ ասած, ազգային վարժարանի տեսադաշտին պէտք է ագուցել դէպի ապագայ սաւառնելու յանձնառութիւնն ու գիտակցութիւնը` անոր ընծայելով պատեհ առիթն ու ժամանակակից կեանքի համահունչ բոլոր կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ,  հարկ է ընդգծել, թէ եթէ երբեք մեր կրթական-դաստիարակչական իրականութիւնը կը տուայտի, ապա ատիկա  ոչ թէ անոր համար, որ ուսեալ ու մասնագէտ տարրեր գոյութիւն չունին, ակադեմական բարձր կրթութեան տէր անհատներու բացակայութենէն կը տառապինք, կրթական արդի մեթոտներու նուազ հակամէտ ենք, եւ կամ ինքնաղեկավարման ունակ չենք, այլ այն պատճառով, որ ներազգային կեանքի բոլոր հարթակներուն կը պակսի ռազմավարական մտածողութիւնը, որուն տիրելու համար հարկաւոր է ցուցաբերել որակական ու քաղաքակիրթ մօտեցումներու տրամադրուածութիւն, ազգային համոզում եւ մարդկային հրաշակերտ զգացողութիւն:

Այլապէս, ինչ բանի պիտի ծառայէ նման վարժարանն անգամ, եթէ երբեք անոր երդիքին տակ պիտի չտողանցեն հարիւրաւոր աշակերտներ:

Իսկ ապահովելու համար թուաքանակ եւ որակային ոստում, հարկ է հաւատալ հայաբոյր հրաշք գործելու մեր կարողութեան, ուժին եւ կարելիութիւններուն:

Յաւակնոտութիւնը իր դրական արտայայտութեամբ ինքն իր մէջ կը պարփակէ տեսլական ունենալու հրապոյրը, անպայման յաղթելու կամքն ու մտադրութիւնը:

Թէ ինչ կ՛ակնկալէ հայ երիտասարդութիւնը ազգային միացեալ վարժարանէն, պատասխանը միանշանակ եւ առանց վարանումի` հրաշագործութիւն, յանուն մարդկային արժանիքներու խարսխման, ազգային դիմագիծի, շունչի, որակի ու արժանապատուութեան պահպանման, այո՛, հաւաքական մեր կեանքի ոգեկան բարձրացման:

 

 

Նախորդը

Անհետացող Սերունդը

Յաջորդը

Բաց Նամակ Պարոն Ամին Ժեմայէլի

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In