ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Դաշնամուրի Ուսուցիչ
Զուարթ Սարգիսեանի Յիշատակին
Լիբանանի Ֆրանսատառ օրաթերթ «Լ՛օրեան լը ժուր»-ի 21 փետրուար թիւին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց փոքր գրութիւն մը հետեւեալ վերնագրով` «Մեծարանք Զուարթ Սարգիսեանին», ստորագրութիւն` միջազգային ճանաչում ունեցող դաշնակահար Ապտել Ռահման Պաշայի:
Ահա թէ ինչ կը գրէ ան դաշնամուրի իր ուսուցչին` Զուարթ Սարգիսեանի մասին. «Զուարթ` մայր էր բոլոր իր աշակերտներուն համար: Երբեմն խիստ, բայց` ի՜նչ հրաշալի կին, ի վերուստ պարգեւատրուած բացառիկ իմացականութեամբ: Երբեմն ան խորամանկ կը ձեւանար, բայց այնքա՛ն բարի, այնքա՛ն քնքոյշ եւ վեհանձն էր: Դաշնակահարի ասպարէզիս յաջողութիւնը իրեն կը պարտիմ: Այս կ՛ըսեմ այսօր եւ իր ողջութեանը ըսած եմ իրեն քանիցս: Մոնրէալի մէջ իրեն նուիրուած վերջին հրաժեշտի հանդիսութեան ընթացքին, 18 փետրուարին, իր աշակերտներուն ու բարեկամներու ներկայութեան իր հոգւոյն համար յուզումով նուագեցինք Պեթհովենի դաշնակի սոնաթան` «Գիշերուան լռութեան մէջ»:
Երկու օր ետք, փետրուար 28-ին, անգլերէն օրաթերթ «Տէյլի Սթար»-ի մէջ կը կարդամ Դանիա Տերնայք անունով կնոջ մը գրութիւնը, որուն վերնագիրն էր` «Ինչպէս մնալ ջերմ լիբանանեան ձեւով»:
Դանիա Տերնայք կը գր, որ հակառակ Լիբանանի վրայ խուժող ձիւնամրրիկին, հակառակ ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի տագնապին եւ քաղաքական անյուսալի վիճակին` լիբանանցին գիտէ միշտ լաւատես ու ջերմ մնալ: Եթէ լիբանանցին որեւէ բան կատարելագործեց, այդ ալ մօտիկութիւնն է` իր դրացիին, թաղեցիին, քաղաքացիին ու մարդուն, հոգ չէ թէ ան ինչ համայնքի եւ ինչ կրօնի կը պատկանի: Շարունակելով` ան կը գրէ, որ միջազգային համբաւ վայելող ուրիշ լիբանանցի դաշնակահար մը` Ուալիտ Հորանի, երբ կը լսէ իր մանկութեան դաշնամուրի ուսուցիչ Զուարթ Սարգիսեանին մահուան գոյժը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, հազարաւոր քիլոմեթր հատելով , կը հասնի իր սիրելի ուսուցչին յուղարկաւորութեան, որուն համար հաւաքուած էին հանգուցեալին բազմաթիւ աշակերտներն ու անոնց ծնողները, այն ուսուցիչին` որ իւրաքանչիւր աշակերտին սրտին մէջ բոցավառած էր արուեստի սէրը:
Ո՞վ էր սակայն ուսուցչական ասպարէզի բացառիկ տաղանդով օժտուած այս անձը:
Ան ծնած էր 1927-ին, Պաղեստին, զաւակն էր Արտաշէս եւ Սուրինա Սարգիսեաններուն:
Զուարթ կանուխէն կը յատնաբերէ բացառիկ ձիրք`երաժշտութեան հանդէպ: Ան իր կրտսեր քրոջ` Աստղիկին հետ կը յաճախէ տեղւոյն գերմանական դպրոցը: Շրջան մը անոնք ընտանիքով կը փոխադրուին Եգիպտոս, ուրկէ Զուարթ եւ Աստղիկ կը մեկնին Փարիզ ու հոն կը յաճախեն Մարկարիթ Լոնկի երաժշտական դպրոցը` աշակերտելով դաշնակահար Ժաք Ֆեւրիէին:
1948-ին ընտանեօք կը հաստատուին Պէյրութ, Լիբանան: Զուարթ կը սկսի դաշնամուրի դասեր տալ ուսանողներու, Համրայի սկիզբը գտնուող շէնքի մը առաջին յարկը: Շրջան մը վերջ Փարիզէն իրեն կը միանայ քոյրը` Աստղիկը ու միասին կը գործեն: Զուարթ մերթ ընդ մերթ իր կատարողութեամբ դաշնամուրի նուագահանդէսներ կը հրամցնէ ժողովուրդին: Հետագային, երբ աշակերտներուն թիւը կ՛աւելնայ, ան կը դադրի անձնական նուագահանդէս տալէ: Ան ամէն յուլիս ամսուան սկիզբը, իր ընտրեալ աշակերտներու կատարողութեամբ, կը կազմակերպէ նուագահանդէս` ՊԷյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ: 1960 թուականին, երբ անուանի երաժիշտ Արամ Խաչատուրեան կ՛այցելէ Լիբանան, Զուարթ անոր կը ներկայացնէ իր աշակերտը` Ուալիտ Հորանին: Երգահանը Հորանիին մէջ տեսնելով փայլուն տաղանդ` զայն Մոսկուա կը տանի հոն ուսումը կատարագործելու համար: Զուարթի հայ աշակերտներէն են` ջութակահար Օննիկ Սիւրմէլեանի դուստրը` Յասմիկ եւ իրաքահայ Արմինէ Չուքասըզեան:
Զուարթ Սարգիսեան իր կեանքին ընթացքին նորանոր տաղանդներ յայտնաբերելով իր սիրած ասպարէզին մէջ` աչքերը կը փակէ իր գործը աւարտածի երանութեամբ: Ան կը թաղուի փետրուար 16-ին, Մաքհուլ փողոցի Սէյտի եկեղեցւոյ կից գտնուող գերեզմանատան մէջ: