Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Աբրահամեան Հանդիպում Ունեցած Է Նախագահ Սիսիի Հետ

March 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-15-15_SisiԱշխատանքային այցելութեամբ Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-եգիպտական քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ քննարկած տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք նշած են, որ առկայ է տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ: Տնտեսական կապերը աշխուժացնելու իմաստով կողմերը կարեւոր նկատած են միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն յաւելեալ թափ տալը, տնտեսական համաժողովներու կազմակերպումը, երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն հետ կապերու սերտացումը: Հայաստանի վարչապետը եւ Եգիպտոսի նախագահը հեռանկարային նկատած են գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան այլ ճիւղերու մէջ համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը:

Ապտել Ֆաթթահ Սիսի բարձր գնահատած է Եգիպտոսի հայ գաղութին դերը երկրի զարգացման իմաստով եւ նշած, որ անիկա լաւ կամուրջ է հայ-եգիպտական կապերու ընդլայնման եւ խորացման առումով:

Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ արաբական երկիրներուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: «Այս առումով Եգիպտոսը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներուն միջեւ հին ժամանակներէն առկայ յարաբերութիւնը վերածուած է նորօրեայ ամուր բարեկամութեան», դիտել տուած է վարչապետը:

Վարչապետ Աբրահամեան շնորհաւորած է Եգիպտոսի նախագահը` «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային համաժողովը բարձր մակարդակով կայացնելուն համար` նշելով, թէ անիկա արդիւնաւէտ հարթակ էր քննարկելու Եգիպտոսի, ինչպէս նաեւ համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` համաժողովին մասնակցելուն համար, եւ յոյս յայտնած, որ համաժողովը պիտի նպաստէ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն նոր լուծումներ գտնելուն:

 

 

Նախորդը

Աւելի Քան 15 Երկիրներու Դիւանագիտական Ներկայացուցիչներու Ներկայութեան. «Ազգովին Պիտի Շարունակենք Պայքարը` Յանուն Արդարութեան Հաստատման Եւ Մեր Իրաւունքներու Վերատիրացման» Ըսաւ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Յաջորդը

Նախագահը Համաձայնութիւն Տուաւ Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգին

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.