Նորվեկիա
Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով
Փառատօն Օսլոյի Մէջ
Մարտ 3-8 Օսլոյի մէջ ընթացաւ «Ռետ զոն» փառատօնը, որ կազմակերպած էր Օսլոյի Եկեղեցական միջմշակութային կեդրոնը` Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ: Փառատօնին այս տարուան թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն էր:
Փառատօնի ծիրին մէջ մարտ 3-ին տեղի ունեցաւ «Մոռացութեան 100 տարիներ» խորագիրով համերգը, որուն կը մասնակցէին երգիչ-երաժիշտներ` Հայաստանէն, Նորվեկիայէն, Թուրքիայէն եւ Իրանէն: Փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքի «Զառ» թատրոնի «Արմինէ՛, քոյր» թատերական ներկայացումը, լեհ լուսանկարիչ Մակտալենա Մատրայի «Պատկերներ Անատոլիայէն» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, շուէտահայ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, «Աշխարհի կողմէ մոռցուածը. Արեւմուտքի ընտրովի յիշողութիւնը» թեմայով քննարկում` Լոնտոնէն «Կոմիտաս» հիմնարկի հիմնադիր տնօրէն Արա Սարաֆեանի, Օսլոյէն «Սիւիտա» քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի փորձագէտ Պորտ Լարսընի եւ լրագրող Սեպինա Սկատուիկի մասնակցութեամբ:
«Ռետ Զոն»-ը փառատօն մըն է, որ կ՛ընդգծէ խօսքի ազատութեան արտայայտութիւնը արուեստի միջոցով` ցոյց տալով արուեստին ուժը, լոյս սփռելու մարդկութեան պատմութեան մոռացութեան խաւարին վրայ եւ դատապարտելու անցեալին տեղի ունեցած յանցագործութիւններու ժխտողականութիւնը: Անիկա տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի հերթականօրէն, Օսլոյի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն մէկուն մէջ: Փառատօնը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Օսլոյի մէջ, 2013-ին, այնուհետեւ` Պէյրութի եւ Գահիրէի մէջ:
Յունաստան
Աթէնքի Մէջ Կայացաւ Ֆաթիհ Աքինի
«Հատումը» Ժապաւէնին
Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
Աթէնքի «Տանաոս» շարժապատկերի սրահին մէջ, երեքշաբթի, 24 փետրուարի երեկոյեան, առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ Ֆաթիհ Աքինի «Հատումը» (The Cut) ժապաւէնը` բեմադրիչին ներկայութեամբ:
Ներկայ եղան` Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ կրօնական դասը, գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով յոյն լրագրողներ, դերասաններ ու բեմադրիչներ, որոնք գնահատեցին ժապաւէնը եւ բեմադրիչը: Ժապաւէնի ցուցադրութեան նախորդեց Ֆաթիհ Աքինի ներածական խօսքը: Ան գերմաներէն խօսեցաւ հանդիսատեսներուն` բացատրելով, թէ «Հատումը» ժապաւէնին նիւթը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնն է, եւ ինք` որպէս թուրք բեմադրիչ, ուզած է այս ժապաւէնով բացայայտել նիւթը` թուրք եւ օտար հանդիսատեսներու ուշադրութեան յանձնելով պատմական եղելութեան մանրամասնութիւնները: Ֆաթիհ Աքինի ժապաւէնը մեծածախս եւ խնամուած արտադրութիւն մըն է, որուն նկարները հիմնուած կը թուին ըլլալ Ցեղասպանութեան ծանօթ լուսանկարներուն վրայ: Շատ հարազատ են անապատի մէջ նկարահանուած տեսարանները, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէն հնչիւնները` հայ դերասաններու շրթներէն:
Ֆաթիհ Աքին բացատրեց, որ երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, ան ազգայնամոլ ծայրայեղականներու թիրախ դարձած է, բայց ժապաւէնին ցուցադրութիւնը տարբեր տեսակի խոչընդոտներու չէ հանդիպած` բացի գովազդային սահմանափակումներէ: Ան աւելցուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը պէտք է լուսաբանուի ժողովուրդին մօտ, մանաւանդ որ ներկայ պահուն աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ ցեղասպանութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ կը գործուին: Ճիշդ լուսաբանումը նման ոճիրներ կանխարգիլելու միջոց է, իսկ անցեալի ճանաչումը միակ ձեւն է, որպէսզի ետին մնան անցեալին կատարուած դէպքերը:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին դարձեալ խօսք առաւ Ֆաթիհ Աքին, որ առիթը ունեցաւ նաեւ պատասխանելու հարցումներու: Իրեն ուղղուած այն հարցումին` թէ «Ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն բառը չէ օգտագործուած ժապաւէնին մէջ», ան պատասխանած է, թէ չէ ուզած սկիզբէն նախապաշարել թուրք հանդիսատեսը, այլ ընտրած է Ցեղասպանութեան իրողութիւնը պատմելու հնարաւորութիւնը:
Գերմանիա
Գերմանահայոց Առաջնորդութեան
Դպիր-Կիսասարկաւագ-Սարկաւագներու
Սեմինար
27 փետրուար-1 մարտ Գերմանիոյ Քոպլենց քաղաքին մօտ պենետիքթեան Մարիա Լաախ վանքի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ հայոց առաջնորդութեան կողմէ կազմակերպուած դպիր-կիսասարկաւագ-սարկաւագներու եռօրեայ Բ. սեմինարը:
27 փետրուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացումը: Հարաւային Գերմանիոյ հոգեւոր հովիւ Տիրատուր քհնյ. Սարդարեան սեմինարի մասնակիցներուն ներկայացուց եռօրեայ աշխատանքին մէջ նախատեսուած ծրագիրը, քննարկութեան եւ բանախօսութեան նիւթերը:
Թեմական խորհուրդի անդամ տոքթ. Սարգիս Ատամ իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սեմինարի բոլոր մասնակիցներուն` ընդգծելով հայ կեանքի մէջ հոգեւորականներու, սարկաւագներու եւ եկեղեցիի ծառայողներու ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Ան նշեց նաեւ սեմինարի անհրաժեշտութիւնը եւ գերմանահայ գաղութի եկեղեցիներու սպասաւորներուն համար շաբաթավերջ մը միասին ըլլալու, միասին աղօթելու եւ կրօնագիտական-եկեղեցական հիմնական գիտելիքները զօրացնելու առիթ մը եւ հնարաւորութիւն մը ստեղծելու նպատակը:
Օրուան բանախօսներէն տոքթ. Ս. Ատամի ներկայացուց «Բժշկական տեսանկիւնէն Մեծ պահքը» վերնագրեալ բանախօսութիւնը, որուն յաջորդեց վանքի մատուռի մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն: Սեմինարին առաջին օրը բացուեցաւ Պաւարիոյ հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Այգիկ Յովաննիսեանի «Հայ ապաստանեալներ եւ Հայաստանեայց եկեղեցին» բանախօսութեամբ:
Սեմինարին երկրորդ օրը Տիրատուր քհնյ. Սարդարեան ներկայացուց «Մկրտութեան խորհուրդը, նշանակութիւնը, անհրաժեշտութիւնը եւ նախապատրաստութիւնը» նիւթը:
Այնուհետեւ առաջնորդական փոխանորդ Սերովբէ վրդ. Իսախանեան դասախօսեց նաեւ «Սուրբ մկրտութիւն եւ Սուրբ դրոշմի խորհուրդ»-ի մասին:
Յետմիջօրէին Սերովբէ վրդ. Իսախանեան ելոյթ ունեցաւ «Սուրբ պատարագի խորհուրդը» նիւթով բանախօսութեամբ:
Աւելի ուշ տեղի ունեցաւ հիւսիսային Գերմանիոյ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Գնէլ քհնյ. Գաբրիէլեանի եւ Պաւարիոյ հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Այգիկ քհնյ. Յովաննիսեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբերը` «Գործնական գիտելիքներ եւ վարժութիւններ» նիւթով, որուն յաջորդեց Տիրատուր քհնյ. Սարդարեանի եւ Սերովբէ վրդ. Իսախանեանի «Համայնքներու մէջ սարկաւագներու ծառայութիւնները» նիւթով դասախօսութիւնը:
Աւարտին, միասնական ընթրիքի ընթացքին, պենետիքթեան Մարիա Լաախ վանքի վանահայր հայր Վիքթոր բարի գալուստի եւ յաջողութեան մաղթանքի խօսքերով ողջունեց սեմինարին մասնակիցները:
Ընթրիքէն ետք վանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք քննարկուեցաւ «Գերմանիոյ մէջ հայ ապաստանեալներ եւ Հայաստանեայց եկեղեցին» նիւթը:
Սեմինարին երրորդ օրը տեղի ունեցան միտքի փոխանակումներ եւ առաջարկներ` հայ համայնքներու մէջ հայոց լեզուի, կրօնական-եկեղեցական դաստիարակութեան, երիտասարդական հարցեր:
Կէսօրուան ժամերուն վանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ:
Սեմինարի աւարտին շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Սարգիս Ատամի:
Չեխիա
Հայկ Վարդանի Ստեղծագործութիւնները
Փետրուար 22-ին Փրակայի Սուրբ Սիմոն եւ Յուդա եկեղեցւոյ մէջ Զլինի Պոյուսլաւ Մարթինուի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Դաւիթ Շուեցի, առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացուց զուիցերիահայ երաժիշտ Հայկ Վարդանի ստեղծագործութիւնները:
Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող մերժողական քաղաքականութեան: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի
Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչները
Փետրուար 17-ին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն` գլխաւորութեամբ համաատենապետուհիներ Ռեբեքա Պէրպէրեանի եւ Մարալ Մաթոսեանի: Ներկայացուցիչներուն կ՛ընկերանար ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ Վահէ Յովակիմեան եւ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան:
Առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն` իրենց ծառայութիւններուն մէջ: Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին միութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան մասնաւորաբար Ազգային առաջնորդարանին ու թեմի եկեղեցիներուն միջեւ ՀՕՄ-ի գործակցական դաշտերը: Այս ծիրին մէջ 22 փետրուարին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աւանդական արարողութիւն` ի յիշատակ ՀՕՄ-ի ննջեցեալ անդամներուն ու բարերարներուն: ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները նաեւ առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեցին Ջաւախքին ի նպաստ յառաջիկայ ձեռնարկին, որ 1 մարտին կազմակերպուած հանգանակային նաւապտոյտ մըն է:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի
Ներկայացուցիչները Կ՛այցելեն
Ազգային Առաջնորդարան
Փետրուար 27-ին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչներ, համալսարանի մուտքի ընդունման պատասխանատու Արինա Զոհրապեան եւ Օքլընտի մէջ տեղակալ Մաթօ Սենեքերիմեան այցելեցին Ազգ. առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ: Անոնք եկած էին ներկայացնելու համալսարանին` սփիւռքի ուսանողներուն տրամադրած ուսումնական զանազան կարելիութիւնները, որոնց շարքին են նաեւ ամառնային ծրագիրներ, հեռակայ ուսանելու կարելիութիւնները եւ այլ դիւրամատչելի ձեւեր:
Ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ անցնող շաբթուան ընթացքին իրենք այցելած են գաղութի հայկական վարժարանները` տեղեկացնելու համար Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին տրամադրած ծրագիրներուն մասին:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց այցելու ներկայացուցիչներուն ճիգերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ բոլոր ծրագիրներուն մէջ:
Ազգ. «Վահան Եւ Անուշ Շամլեան»
Վարժարանի 40-Ամեակ
Փետրուար 21-ին Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Ազգային Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի շաբաթ, հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով:
Վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան երախտագիտական խօսք ուղղեց անցեալի ու ներկայի այն բոլոր նուիրեալներուն, որոնք հիմը դրին վարժարանին ու ծառայեցին անոր վերելքին: Ան նաեւ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ վարժարանի նախկին տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի` անցեալ 23 տարիներու ծառայութեան մասին:
Այնուհետեւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր գնահատանքի ու օրհնութեան խօսքին մէջ նշեց, որ այս յոբելեանը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որ բոլորս կը դնէ 100-ամեակը ազգովի ոգեկոչելու եւ մեր արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու հրամայականին դիմաց, աւելցնելով, որ սոյն տօնախմբութիւնը մեծագոյն ապացոյցն է մեր ազգի յարութեան, եւ ցեղասպան թուրքին ցոյց տալու, որ կանք ու կը մնանք:
Սրբազանը շեշտեց, որ այս հանդիսութիւնը յաղթանակի օր մըն է բոլորին համար, որովհետեւ միացեալ գործակցութեան շնորհիւ, վարժարանը իր հիմնադրութենէն ասդին եղած է հայակերտումի օճախ մը եւ ապրած է վերելք: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք 40 տարի շարունակ զոհողութեամբ եւ նուիրուածութեամբ իրենց բարոյական, նիւթական, մտային ու հոգեկան լուման նուիրաբերեցին վարժարանին: Ապա ան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գնահատանքի եւ օրհնութեան գիրը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, նաեւ գնահատուեցան 20 կամ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցող 16 կրթական մշակներ եւ անձնակազմի անդամներ:
Թալին Եագուպեան ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան
Ամերիկայի Շրջանային Յանձնախումբի
Ատենապետ
1 յունուար 2015-ին ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնին կոչուեցաւ Թալին Եագուպեան:
Եագուպեան 1993-էն ի վեր կը գործէ իրաւաբանութեան ասպարէզին մէջ, միաժամանակ գործօն անդամ է համայնքային քաղաքացիական, իրաւաբանական եւ մարդասիրական շարք մը կազմակերպութիւններու: Ան անդամ է Ամերիկայի հայկական համագումարին, ՀԲԸՄ-ի «Հայ կին»-ին եւ հայկական հիմնադրամի վարչութեանց, ինչպէս նաեւ համաատենապետ է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին:
2013-ին ան Կլենտէյլի քաղաքացիական սպասարկութեանց յանձնաժողովի անդամ նշանակուած էր: Հիմնադիր գործընկեր է «Yacoubian & Powell LLP» իրաւաբանական հիմնարկին, իսկ անցեալին աշխատած է տարբեր իրաւաբանական հիմնարկներու մէջ:
ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային յանձնախումբի անդամ նշանակուած են նաեւ Վազգէն Կուրտիկեան (խորհրդական), Սարօ Քոթոյեան (գանձապահ), Լուսի Մարտիրոսեան (խորհրդական), Ցոլեր Սաղրեան (քարտուղար), Յակոբ Սեփեթճեան (փոխատենապետ), Լուսի Վարպետեան (խորհրդական) եւ Շահան Եագուպեան (խորհրդական):
Վրաստան
Անահիտ Բոստանճեան. Հայ Եւ Վրաց
Գրականութիւնները Կամրջող
Բանաստեղծ, Թարգմանչուհի
Փետրուար 17-ին, Թիֆլիսի Գրողներու տան մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, թարգմանչուհի, արձակ եւ չափածոյ գործերու հեղինակ, հայ եւ վրաց գրականութիւններու շաղկապման գործի նուիրեալ Անահիտ Բոստանճեանի ծննդեան 65 եւ գրական գործունէութեան 40-ամեակին նուիրուած յոբելենական երեկոյ:
Բանաստեղծուհի Մաղվալա Կոնաշվիլիի բարի գալուստի խօսքէն ետք կարդացուեցան Հայաստանի դեսպան Եուրի Վարդանեանի, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի, Թիֆլիսի քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժնի ղեկավար Իա Մաքացարիայի շնորհաւորական ուղերձները` ուղղուած Անահիտ Բոստանճեանին:
Վրաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Ռեւազ Միշվելածէ ձեռնարկը անուանեց հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան տօն, իսկ Անահիտ Բոստանճեանը` երկու ազգերու գրականութիւններու նուիրեալ, այդ գրականութիւնները փոխադարձաբար կամրջող ստեղծագործող: Իր խօսքի աւարտին ան Աննա Քալանտածէի մրցանակը փոխանցեց Բոստանճեանի:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան շնորհաւորեց Բոստանճեանը` մաղթելով նորանոր բարձունքներու նուաճում եւ անոր նուիրեց Ճիովաննի Վեփվախէի հին թիֆլիսեան թեմայով գեղանկարը:
Այնուհետեւ շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: