Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Տեսակցեցաւ Սլովենիոյ Նախագահին Եւ Փոխվարչապետին Հետ

Մարտ 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-10-15_nal-113Պաշտօնական այցելութեամբ Լիւպլիանա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեսակցած է Սլովենիոյ նախագահ Պորուտ Փահորի հետ: Կողմերը անդրադարձած են քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան խորացման ուղիներուն, գործարար համաժողովներու կազմակերպման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, մշակութային եւ գիտակրթական մարզերուն մէջ  փոխադարձ գործակցութեան խորացման կարելիութիւններուն:

«Տեսակցութեան ընթացքին միտքեր փոխանակուած են շրջանային խնդիրներու եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն  շուրջ: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ լուծման  ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: Սլովենիոյ նախագահը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ եւ անոնց առաջարկներուն հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարար Նալբանդեան նաեւ տեսակցած է Սլովենիոյ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Քարլ Էրիաւեցի հետ:

Նալբանդեան ըսած է, որ իր այցելութեան  հիմնական ուղերձն է` խորացնել տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը Սլովենիոյ հետ:

Կողմերը պայմանաւորուած են յաւելեալ ջանքեր գործադրելու` քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ գործակցութեան սերտացման, արտաքին գործոց  նախարարութիւններու միջեւ պարբերական խորհրդակցութիւններու կայացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան զարգացման նպատակով: Զրուցակիցները նաեւ համաձայնած են երկու երկիրներու խորհրդարաններուն առաջարկել կազմել պատգամաւորական բարեկամութեան խումբեր:

Արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Նալբանդեան վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` հիմնուելով Եւրոպական Միութեան հետ վերջին տարիներու ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն վրայ, խորացնելու Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ գործակցութիւնը բոլոր կարելի  ուղղութիւններով` «հաշուի առնելով Հայաստանի պարտաւորութիւնները այլ միջազգային  համարկման ձեւաչափերուն մէջ»:

Նալբանդեան նաեւ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ նախատեսուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահներուն ազրպէյճանական – ղարաբաղեան տագնապին լուծման ուղղուած ջանքերը: Այս ծիրին մէջ, Սլովենիոյ փոխվարչապետը վերահաստատած է իր երկրին անվերապահ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն  առաջարկններուն հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ուքրանական ճգնաժամին, միջինարեւելեան հոլովոյթներուն եւ  Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է Երեւան:

Է. Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն դասախօսութիւն մը կարդացած է Լիւպլիանայի համալսարանին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Տէօչէ Վելլէ»-ի. Գերմանիոյ Խորհրդարանը Կը Ծրագրէ Յատուկ Քննարկումով Մը Յարգել Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Յաջորդը

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Տեսակցած Են Եւրոպական Միութեան Դեսպաններուն Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?