Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Տեսակցած Են Եւրոպական Միութեան Դեսպաններուն Հետ

March 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-10-15_FotorCreated21Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ-ի  ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Լիլիթ Գալստեան տեսակցած են  Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան դեսպաններուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Բրիտանիոյ, Պուլկարիոյ, Էսթոնիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Չեխիոյ եւ Լաթվիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ  Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպաններու  պաշտօնակատարները:

Հանդիպման հիւրընկալը` Եւրոպական Միութեան Հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Թրայան Հրիսթէա, ընդգծելով նման ձեւաչափով քաղաքական հանդիպումներու եւ քննարկումներու  կարեւորութիւնը, խօսքը փոխանցած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն, որպէսզի անոնք ներկայացնեն ներքաղաքական եւ շրջանային զարգացումներուն առնչութեամբ ՀՅԴ-ի պատկերացումներն ու ծրագիրները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի  ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, էական դիտելով եւրոպական չափանիշներով պետութեան կառուցման հեռանկարը, ընդգծելով կուսակցութեան ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած եւրոպական արժէքներու նկատմամբ ՀՅԴ-ի յանձնառութիւնը, ներկայացուցած է ՀՅԴ-ի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու ընթացիկ ժամանակաշրջանի  առաջնահերթութիւնները:

Սահմանադրական բարեփոխումներու ՀՅԴ-ի հայեցակարգի շարք մը դրոյթներուն  անդրադարձած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, կարեւոր նկատելով այս ուղղութեամբ խորհրդարանական կառավարման եւրոպական երկիրներուն փորձը, ինչպէս նաեւ Վենետիկի յանձնախումբի մասնագիտական եզրակացութիւնը մայր օրէնքի յառաջիկայ մշակման հանգրուանին մէջ:

Լիլիթ Գալստեան անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան շարունակման խնդիրին, առանձնացնելով գործակցութեան այնպիսի բաղադրիչներ, որոնք կը նպաստեն երկրին մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման եւ հոլովոյթներու խորացման:

Եւրոպական Միութեան շարք մը դեսպանները   յատկապէս հետաքրքրուած են ընկերային եւ քաղաքական համախոհութեան այն մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութեամբ, որուն շնորհիւ  կարելի պիտի ըլլայ ապահովել սահմանադրութեան բարոյական օրինականութիւնը, համոզիչ ըլլալը եւ նպաստել վերջինիս գործադրման: Դեսպանները  հետաքրքրուած  էին նաեւ  ներքաղաքական վերջին դէպքերու ծիրին մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած դերակատարութեամբ եւ իշխանութեան հետ հետագայ գործակցութեան ձեւաչափին առնչուող հարցերով: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մամլոյ դիւանը, երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ:

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան Տեսակցեցաւ Սլովենիոյ Նախագահին Եւ Փոխվարչապետին Հետ

Յաջորդը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթ Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.