Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարօտը Մեր Թատերախաղի Գլխաւոր Հերոսն է, Այսօրուան Ու Բոլոր Ժամանակներու Հայը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Առաքելեան

Մարտ 10, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8248---Copy---CopyՃիշդ երկու ամիս առաջ Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբը յաջողութեամբ ներկայացաւ Ռոպերթ Առաքելեանի «Ոսկի խնձորը» երաժշտական թատերախաղով, ուր շուրջ քառասուն դերակատարներ կը վերափոխուէին բեմին վրայ` մարմնաւորելով մեր կեանքին ծանօթ` տարօրինակ կերպարները:

«Արեգ»-ը այսօր կը ներկայանայ նոր թատերախաղով, որուն հեղինակը, գեղարուեստական ղեկավարը եւ բեմադրիչը դարձեալ Ռոպերթ Առաքելեանն է: «Արեգ» թատերախումբին նոր` «Կարօտ» թատերախաղին առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց բեմադրիչին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչո՞ւ «Կարօտ» եւ ի՞նչ է ներկայացման գլխաւոր պատգամը:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Կարօտը հայ մարդուն համար յաւերժական դարձած զգացում մըն է, բռնագաղթ, հարկադիր արտագաղթ, ապա` սփիւռք…

Կարօտը մեր թատերախաղի գլխաւոր հերոսն է, այսօրուան ու բոլոր ժամանակներու հայը, որ դեգերելով երկրէ երկիր` բազմազգ աշխարհի դժուարին խաչուղիներուն վրայ կը փորձէ գտնել երջանկութեան ու արդարութեան բանաձեւը. «Եթէ հզօր երկիր ունենանք, աշխարհը կը յարգէ մեր Դատը եւ արդարութիւնը մեզի կը ներկայանայ ոչ թէ անկարող թշուառականի տեսքով, այլ` իբրեւ առողջ ու արժանապատիւ էութիւն…»: Հզօր երկիր ունենալու համար պէտք է սիրենք մեր հողը, մեր փողոցն ու ծառը, մեր անցեալը, մեր մշակոյթը… «Պէտք է յիշողութիւն ու կարօտ ունենանք, որպէսզի մեր հոգին երթալու տեղ ունենայ, պէտք է հայրենի տուն ունենանք, հզօր երկիր ու վերջին հանգրուան` Հայաստան»:

«Ա.».- Կարճ ժամանակի մէջ ինչպէ՞ս կրցաք իրագործել երկրորդ թատերախաղի մը բեմադրութիւնը:

Ռ. Ա.- Ճիշդ է, նման աշխատանք իրագործելու համար երկու ամիսը` շաբաթական 3 օր, 2 ժամ փորձերով չնչին ժամկէտ մըն է, սակայն մեր աշխատանքները չեն սահմանափակուած այդ ժամկէտին մէջ: Մենք ամէն ինչ նախապէս կը ծրագրենք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, սպասարկող կազմին ու դերակատարներուն հետ: Վերամուտին մենք հանրութեան խոստացած էինք իրագործել երկու ներկայացում: Դեկտեմբերին, երբ կ՛ամբողջանային առաջին ներկայացման աշխատանքները, արդէն իսկ պատրաստ էր երկրորդը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Կարօտ» թատերախաղը, եւ ես մտովի կը կատարէի դերաբաշխումը: Մեր դերասանները մնայուն պատրաստութեան մէջ են: Իրենց գերազանց «մարզավիճակը» կը նպաստէ սեղմ ժամկէտի մէջ որակեալ ներկայացում պատրաստելուն:

«Ա.».- Ձեզի համար սկզբունք է բազմամարդ ներկայացումներ ստեղծելը:

Ռ. Ա.- «Արեգ»-ի պարագային` այո՛: Մենք ունինք թատերական դպրոցի շուրջ հարիւր շրջանաւարտներ, որոնք անհամբեր կը սպասեն, որ ե՛րբ բեմ պիտի ելլեն:

Կը խոստովանիմ` չափազանց դժուար է բազմամարդ ներկայացում իրագործելը, սակայն` անհրաժեշտ: Մարդու հոգիին մէջ պէտք չէ պարապ տեղ մնայ, որովհետեւ այդ պարապը կրնայ լեցուիլ չարութեամբ: Մենք ունինք սկզբունքներ, որոնցմէ մէկը դժուարութիւններու առջեւ չնահանջելն է, զանոնք յաղթահարելը: Օրինակ` եթէ Շուշի Կոճոյեանը եւ Մարգարիտա Միքայէլեանը բեմական մարտ պիտի ներկայացնեն, Շահան Հաւաթեանը` չինարէն ու ֆրանսերէն մենախօսութիւններ, Հայկ Քէշիշեանն ու Սագօ Եագուպեանը` սրինգի զուգանուագ, ապա ոչ թէ տեսարանը կը փոխենք, այլ յամառ ու տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ անոնք կը հասնին արհեստավարժ մակարդակի:

«Ա.».- Թատերական ո՞ր հոսանքին կը հետեւին «Արեգ»-ի դերասանները:

Ռ. Ա.- Մեր սկզբունքներէն մէկն ալ այլազանութիւն ստեղծելն է, բեմադրական, խաղարկային, ոճային այլազանութիւն… Մենք նախ եւ առաջ դպրոց ենք, հետեւաբար չենք կրնար աշակերտը կաղապարել մէկ ոճի մէջ: Մինչ այժմ հանրութեան ներկայացած ենք տիկնիկային թատրոնով` «Երեք խոզուկներ» ռատիօ-թատրոնով` «Դասը», մնջախաղային` «Աշուն», «Ծառերը», համերգային` «Կաղանդի նուէր», «Շունն ու կատուն», էսդրատային` «Կիկոսի մահը», տրամաթիքական` «Անտառի դպրոցը», «Յոյսի ծառը», «Արայիկին արկածները», «Սասունցի Դաւիթ», «Ոսկի խնձորը» եւ այլ ներկայացումներով:

IMG_6078Նման խաղացանկային այլազանութեան մէջ պատանի դերասանը ձեռք կը բերէ մեծ փորձառութիւն, կը զարգանայ անոր երեւակայութիւնը, կ՛ընդլայնի մտահորիզոնը… «Կարօտ» ներկայացման մէջ մենք ունինք վերացական կերպարներ, ինչպէս` արդարութիւնը (Սէրուժ Յովսէփեան), յոյսը (Ռիթա Փափազեան), ամերիկեան դրօշակը` (Կարէն Խուտավերտեան)… որոնց մեր դերասանները կը վերաբերին մեծագոյն լրջութեամբ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք «հայրեր եւ որդիներ» յաւերժական պայքարին:

Ռ. Ա.- Հայրերը միշտ թերահաւատութեամբ կը մօտենան որդիներուն, սակայն միշտ հայրերը փոխարինողներ կը գտնուին եւ այսպէս` կեանքը կը շարունակուի: Կ՛ըսեն. «Եթէ չեն տեսներ, ուրեմն նկատեր են…»: Ես կը տեսնեմ, կը նկատեմ, կը հաւատամ ու կը հպարտանամ նոր սերունդով:

Օրինակ` «Կարօտ» ներկայացման մէջ Սէրուժ Յովսէփեանը թէ՛ դերակատար է, թէ՛ ալ բեմադրիչի օգնական: Աշխատասէր, բանիմաց, կարգապահ, պրպտող… Մեծ բեմադրիչ Էնզէյնշթայն ըսած է. «Բեմադրութիւն կարելի չէ սորվեցնել, բայց սորվիլ` կարելի է…»:

«Ա.».- Ի՞նչ հիմնական յատկանիշներով օժտուած կ՛ըլլայ արուեստագէտը:

Ռ. Ա.- Արուեստագէտը նախ օժտուած կ՛ըլլայ տաղանդով, ապա` աշխատասիրութեամբ ու տոկուն կամքով: Կեանքի երեւոյթներուն հանդէպ անտարբեր մարդը չի կրնար լիարժէք քաղաքացի ըլլալ: Մարդը պէտք է ըսելիք ունենայ, կեանքի ծուռն ու շիտակը, գեղեցիկն ու արդարը նկատելու կարողութիւն…

Ամէն ոք տարբեր արտայայտչամիջոցներ ունի. նոյն երեւոյթի դիմաց մէկը կը հայհոյէ, միւսը կ՛աղօթէ, մէկ ուրիշը կը բանաստեղծէ:

Կ՛ենթադրուի, որ արուեստագէտը մարդասէր ըլլայ, ազգասէր, հայրենասէր, համբերատար, ճշդապահ, բծախնդիր, նպատակասլաց, սակայն կը պատահի, որ ան իր տաղանդէն զատ ոչ մէկը կ՛ունենայ վերոյիշեալ յատկանիշներէն: Այստեղ արդէն կեանքի առեղծուածներն են…

«Ա.».- Իսկ մասնագիտական ի՞նչ յատկանիշներ կ՛ունենայ բեմադրիչը, որ յաճախ կ՛ըլլայ հեղինակը իր թատերախաղին:

Ռ. Ա.- Որքան մեծ ըլլայ արուեստագէտին, տուեալ պարագային բեմադրիչին կեանքի փորձառութիւնը, այնքան հարուստ կ՛ըլլայ անոր ստեղծագործական ներկապնակը: Բեմադրիչը պէտք է օժտուած ըլլայ հզօր երեւակայութեամբ, տեսնելու, եզրակացնելու, ըսելիքը խտացնելու, ապա` այն սեղմ ժամանակի ու տարածութեան մէջ զետեղելու կարողութեամբ: Եթէ բեմադրիչ, ապա ի հարկին` նաեւ թատերագիր, դերասան, հնչիւնային ձեւաւորող, բեմայարդար, դիմայարդար, մանկավարժ, հոգեբան… Կեանքի ուրախութիւններն ու դառնութիւնները ճաշակած անձնաւորութիւն: Որպէս թատերագիր` խօսքին հետ պէտք է շատ զգուշ ըլլալ, որովհետեւ

կ՛ըսեն. «Խօսքը կլոր է, մտածէ, վերջը գլտորէ»: Պահ մը երեւակայեցէք պարապ սրահ մը եւ ձեր առջեւ ամայի բեմն է: Այդ լուռ ու ամայի քառակուսիին մէջ պէտք է ստեղծենք մարդկային փոխյարաբերութիւններ` սէր, բախումներ, ձգտումներ, երազանքներ, յուսախաբութիւն, պայքար… մէկ խօսքով` կեանքի մանրակերտը, ուր հանդիսատեսը կրնայ գտնել ոչ միայն զինք յուզող հարցումներուն պատասխանները, այլ նաեւ` մտածել առաջադրուած հարցումներուն շուրջ:

Բեմադրիչը ներկայացման ընթացքին թէեւ բեմին վրայ չէ, բայց ամէն ինչ անոր մտքին, երեւակայութեան եւ գեղագիտական ճաշակի արդիւնքն է: Բեմադրիչը ներկայացման հեղինակն է: Ան բեմադրական բոլոր միջոցները` սպասարկող կազմ, դերասաններ, բեմայարդարում, ձայն, լոյս, տարազ, առարկաներ… Ամէն ինչ մէկ ընդհանուր յղացման ենթարկող եւ ամբողջ ներկայացման գեղարուեստական կերպարը ստեղծող արուեստագէտն է:

«Ա.».- Ո՞ր տարիքի հանդիսատեսը կը սպասէք «Կարօտ» ներկայացման:

Ռ. Ա.- «Կարօտ»-ը, ինչպէս` մեր նախորդ ներկայացումները, տարիքային սահման չունի: Ամէն տարիքի հանդիսատես ներկայացումէն կ՛առնէ իր բաժինը… Ի դէպ, «Կարօտ»-ը հայրենիքէն հրաւէր ստացած է մասնակցելու համար Գիւմրիի «Վերածնունդ» փառատօնին, որ պիտի կայանայ այս տարուան ապրիլի սկիզբը: Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը ընդունելով հրաւէրը որոշած է իրագործել մեր մասնակցութիւնը հեղինակաւոր այդ փառատօնին, որուն կը մասնակցին համաշխարհային մեծ արուեստագէտներ (արուեստի այլազան տեսակներու):

«Արեգ»-ի մասնակցութիւնը այդ փառատօնին յիշարժան իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ:

Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր ներկայացում իրադարձութիւն մըն է, ժամադրութիւն` հանդիսատեսին հետ, հետեւաբար այդ իրադարձութեանը անհամբեր կը սպասենք բոլորս, նկատի առնելով, որ անիկա մեր հոգիին պարտքն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Մարտ 27-ը թատրոնի միջազգային օրն է: Օգտուելով առիթէն, նախապէս կը շնորհաւորեմ բոլոր գործընկերներս, թատրոնի ընտանիքի բոլոր անդամները, նաեւ` հանդիսատեսը այդ մեծ ընտանիքին գլխաւոր անդամը:

Նախորդը

Հայալեզու Ուիքիպաշարները Կը Համալրուին, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիք Կայ

Յաջորդը

Ուրֆայի Դիւցազնուհի` Մարիամ Չիլինկիրեան

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?