Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Կիներու միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի վարչութեան անդամ Սօսի Փոլատեանին հետ, որ վերջերս Գահիրէի մէջ իր մասնակցութիւնը բերած էր երկու խորհրդաժողովներու` Արաբական լիկայի յատուկ խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ` ԷՍՔՈՒԱ-ի կազմակերպած «Պէյճինկ + 20» միջազգային խորհրդաժողովին:
Սօսի Փոլատեան յայտնեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին գործունէութիւնը ծաւալուն է եւ ամբողջ տարուան ընթացքին կը կատարուի, սակայն 8 մարտը կարծէք հաշուետուութեան օր մըն է` ամփոփելու եւ ներկայացնելու հետապնդուած աշխատանքը, իրագործուած նուաճումները, ինչպէս նաեւ` լուսարձակի տակ առնելու խորհուրդին դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովներուն` Ս. Փոլատեան յայտնեց, որ 31 յունուարին եւ 1 փետրուարին Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ Արաբական լիկայի կնոջական հարցերու յատուկ յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններուն, բացի Սուրիայէն:
Ան նշեց, որ խորհրդաժողովին նախագահեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ ներկայութեամբ կիներու հարցերու բաժանմունքի պատասխանատուին:
«Արաբական լիկայի կազմակերպած այս խորհրդաժողովը 35-րդն էր եւ կը կրէր «Մենք` մէկ կին ենք» խորագիրը, որ կը նշանակէ, թէ արաբական երկիրներուն մէջ կինը նոյն կինն է եւ գրեթէ նոյն հարցերով կը տառապի` ըլլայ ան Եգիպտոսի, Լիբանանի, Յորդանանի, Սուրիոյ, Մարոքի, Իրաքի թէ այլ երկիրներու մէջ: Խորագիրը կը պարփակէ նաեւ այն իմաստը, որ արաբական աշխարհի կիները մէկ են եւ իբրեւ այդպիսին` պէտք է իրարու միջեւ կիսեն իրենց ցաւերն ու տառապանքը», ըսաւ ան:
Ս. Փոլատեան ըսաւ, որ խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի, ինք` իբրեւ խորհուրդի դիւանի անդամ եւ խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Ղատա Համտան:
«Արաբական լիկայի խորհրդաժողովին ընթացքին տիրող մթնոլորտը կարելի է բնորոշել մէկ բառով` պոռթկումի մթնոլորտ արաբական երկիրներուն մէջ տիրող պատերազմական կացութեան եւ յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արծարծուած հիմնական հարցերն էին` աղքատութեան, մեծ թիւով գաղթականներու գոյութեան, բռնութեան, բռնաբարումի, մարդու եւ մարդկային մարմինի գործարաններու վաճառքի հարցերը:
Սօսի Փոլատեան ընդգծեց, որ խորհրդաժողովին մասնակից բոլոր երկիրները ունէին նոյն մտահոգութիւնները, նկատի ունենալով, որ այդ հարցերը արաբական ընկերութիւնները քայքայելու պատճառներ են:
«Խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանան ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը, երբ Ռանտա Պըրրի առաջարկեց կազմել շտապ օգնութեան յանձնախումբ մը, որ կազմուած պիտի ըլլայ արաբական երկիրներու մասնագէտ ներկայացուցիչներէ, եւ որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուղղուիլ տագնապի մէջ գտնուող շրջանները, որպէսզի լաւագոյն ձեւով գոհացնէ այդ շրջաններուն կարիքները: Առաջարկին մէջ ներառուած էր նաեւ այն, որ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներուն կողմէ պէտք է ստեղծուի նաեւ սնտուկ մը` այդ յանձնախումբին առաքելութիւնը շարունակելու նպատակով», ըսաւ ան:
Սօսի Փոլատեան նշեց նաեւ, որ խորհրդաժողովին ընթացքին լիբանանեան պատուիրակութիւնը շեշտած է այն իրողութիւնը, թէ պատերազմներու ընթացքին ամէնէն աւելի կինը կը վնասուի եւ իբրեւ լուծում` առաջարկած է կնոջ ուժականութիւն շնորհելու եւ անոր տնտեսական կարողութիւնները բարելաւելու միջոցներ տրամադրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան ինքնաբաւ ըլլայ եւ պահպանէ ընկերութիւնը:
Միւս կողմէ, Ս. Փոլատեան շեշտեց նաեւ, որ խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական տօնակատարութիւն մը, նկատի ունենալով, որ 1 փետրուարը արաբ կնոջ յատուկ օրը կը խորհրդանշէ: Ան յայտնեց, որ տօնակատարութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան կարգ մը երկիրներու պատուիրակութիւններ ներկայացնող կիներ, որոնց շարքին` Ռանտա Պըրրի:
«Խորհրդաժողովը եզրափակուեցաւ «Արաբ կնոջ Գահիրէի յայտարարութիւն» անունով, որ կ՛ընդգրկէ արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ Արաբական լիկային գործելաձեւը ճշդող բարեկարգումի օրակարգը, որ կ՛ընդգրկէր ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, կնոջ դէմ բռնութեան դիմադրութեան եւ այլ հարցեր: Բարեկարգումի այդ օրակարգին մէջ հաստատուեցաւ, որ կարգ մը կիներ պետական եւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ պէտք է ըլլան մեղմացնելու համար զանազան տագնապները», շեշտեց ան:
Սօսի Փոլատեան դիտել տուաւ, որ կնոջ իրաւունքներու առումով տարուած այսօրուան աշխատանքը զայն գաղթականութեան պայմաններէն փրկելու առումով առաջնահերթութեան վերածուած է, հետեւաբար թէ՛ տեղական եւ թէ՛ շրջանային առումով ի գործ դրուած ջանքերը տարրական պէտքերը հոգալու նպատակով կը կատարուին:
Ան յայտնեց, որ խորհրդաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումները վերածուեցան բանաձեւերու եւ ներկայացուեցան քանի մը օր ետք կատարուած ԷՍՔՈՒԱ-ի խորհրդաժողովին, որուն քննարկումներուն լոյսին տակ անոնք պիտի փոխանցուէին ՄԱԿ-ին:
Սօսի Փոլատեան անդրադարձաւ նաեւ ԷՍՔՈՒԱ-ի «Պէյճինկ + 20» խորհրդաժողովին` զայն նկատելով Արաբական Լիկայի բանաձեւերը եւ քննարկումները ՄԱԿ-ին փոխանցող կամուրջը:
«Երկօրեայ այս ժողովին ընթացքին իւրաքանչիւր երկիր ներկայացուց իր գործունէութիւնը, արձանագրած նուաճումները եւ դիմագրաւած դժուարութիւններն ու խոչընդոտները: Արաբական շրջանին մէջ կիները դէպի արդարութիւն եւ հաւասարութիւն առաջնորդելու կարգախօսով ընթացաւ այս խորհրդաժողովը, հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխանորդին եւ ԷՍՔՈՒԱ-ի պատասխանատուին», յայտնեց ան:
Ս. Փոլատեան նշեց, որ այս խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ` ընդգծելով անոր շինիչ ըլլալու իրականութիւնը:
Ան աւելցուց, որ «Պէյճինկ + 20» խորհրդաժողովին Սուրիա իր մասնակցութիւնը բերած էր ոչ կառավարական կազմակերպութեան մակարդակով:
«ԷՍՔՈՒԱ-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի կողմէ իբրեւ նուաճում ներկայացուեցան. ա) Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին մշակած տասնամեայ ռազմավարութիւնը, բ) երկրին բոլոր նախարարութիւններուն մէջ գտնուող այն պատասխանատու պաշտօնեաները, որոնք խորհուրդին հետ կապի մէջ են` կնոջ իրաւունքները պաշտպանելու առումով, ինչպէս նաեւ` անոնց ունեցած ներդրումը խորհուրդին աշխատանքներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ, գ) տնտեսական յաջողութիւնները, դ) նախարարութիւններուն եւ երեսփոխանական մնայուն յանձնախումբերուն կողմէ կիներուն վերաբերող որեւէ ուսումնասիրութիւն մշակելու պարագային խորհուրդի ներկայացուցիչին ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի տարածքին խորհուրդին նախաձեռնութեամբ հիմնուած վարժանքի 7 կեդրոններ, որոնք կը ծառայեն կիներու զարգացման եւ բարգաւաճման ծրագիրներու իրագործման: Իսկ խորհուրդին աշխատանքները խոչընդոտող արգելքներն են օրինական բարեկարգումի իմաստով մշակուած օրինագիծերու վաւերացումը, անչափահաս աղջիկներու ամուսնութեան պարագային խորհուրդը ունեցաւ իր խօսքը եւ մշակեց օրինագիծ մը, որ իւրաքանչիւր համայնքի դատաստանական խորհուրդին կողքին ըլլայ դատաւոր մը, որ հետեւի այդ պարագային», ըսաւ Ս. Փոլատեան:
Ան յայտնեց, որ խորհրդաժողովէն ետք յայտարարուեցաւ Արաբական ուխտը, որուն մասին լուրջ աշխատանք պիտի կատարուի: Այդ ուխտին մաս կը կազմեն կնոջ եւ անոր աղքատութեան, ուսման, վարժանքի առիթներուն, առողջութեան, կնոջ բռնաբարումին, պատերազմական իրավիճակը, տնտեսական իրավիճակը, յատկապէս կինը պատասխանատու դիրքերու հասցնելու կէտերը:
Լիբանանեան մակարդակի վրայ, Ս. Փոլատեան շեշտեց, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը տակաւին կը շարունակէ լիբանանցի կնոջ փոքր գումարներով վարկեր ապահովելու իր ծրագիրը, որ յաջողութեամբ կ՛ընթանայ եւ կը նպաստէ կնոջ տնտեսական իրավիճակին բարելաւումին եւ զարգացումին:
Այդ ծրագիրին կողքին, խորհուրդին մշակած բոլոր օրինագիծերը կը մնան վաւերացուելու եւ ապա գործադրուելու առկայ:
«Այս չորս օրուան ընթացքին ունեցած ապրումներս ու մտորումներս իւրայատուկ էին: Իբրեւ հայ` անկարելի էր մոռնալ, որ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ մտածեցի, որ դար մը առաջ այս նոյն արհաւիրքը պատահած է մեր ազգին եւ 100 տարի ետք չարիքը կը կրկնուի: Միաժամանակ մտածեցի, սակայն, որ մենք ազգ մըն ենք, որ մեռելներէն յառնած ենք եւ ապրած` մեր զարթօնքը: Այս բոլորը ի մտի ունենալով` անհրաժեշտ կը տեսնեմ, որ արաբական երկիրներուն մէջ ապրող կիները, արաբ թէ հայ պէտք է յանգին այն եզրակացութեան, որ օր մը այս բոլորը վերջ պիտի գտնեն: Անհրաժեշտ կը գտնեմ կնոջ պատասխանատու պաշտօններու յանձնումը, որովհետեւ կինը քաջ կեցուածք ունի, համբերատար է, հնարամիտ է, յամառ աշխատող է, երբ որ ան պարտականութիւն մը ստանձնէ, կրնայ ուղիղ եւ արդար կերպով աշխատիլ, ինչպէս նաեւ` ճիշդ որոշումներ տալ: Հետեւաբար կինը պէտք չէ միայն ըլլայ ծրագրողը, աշխատողը եւ պատրաստողը, այլ նաեւ որոշումները տուողը` բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ», եզրափակեց Ս. Փոլատեան: