ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Տիեզերքում աստուածային մի ճամբորդ է իմ հոգին, Երկրից անցւոր, երկրի փառքին անհաղորդ է իմ հոգին, Հեռացել է ու վերացել մինչ աստղերը հեռաւոր, Վար մնացած մարդու համար արդէն խորթ է իմ հոգին: |
Այս քառեակը մեծ գրող եւ մարդասէր Յովհաննէս Թումանեան գրած է իր մահէն միայն քանի մը ամիսներ առաջ: Հոս կը գտնենք մահամերձ բանաստեղծին մտորումները, որոնք կ՛անէանան տիեզերական անսահման հեռուներուն մէջ, ազատագրուած` նիւթական կեանքէն: Սա բանաստեղծին հոգիի սլացքն է, տիեզերական տարածութեան եւ ժամանակի անհունութեան մէջ, դէպի լուսաւոր աշխարհներ, աստեղային հեռաստաններ: «Երկրից անցւոր» երկրային կիրքերու նկատմամբ անտարբեր բանաստեղծը կը խոստովանի` ըսելով. «Ես իմ ողջ էութեամբ ապրում եմ մարդկային կեանքից աւելի մեծ կեանքով»: Ան արհամարհոտ հայեացք ունի դէպի երկրային փառքը` թռիչք դէպի լուսաւոր գոյութիւններ: Աներկիւղ ընդառաջ կ՛երթայ դէպի վախճանը` փարելով տիեզերական անհունութեան: Ասիկա երկրի փառքին անհաղորդ հոգիի մը եզակի ճամբորդութիւնն է, որ հեռացեր եւ վերացեր է մինչ աստղերը հեռաւոր: Ապագային մէջ ինքզինք տեսնելու յայտնութիւն, ճամբայ է, ուր Աստուած կը խօսի բանաստեղծին հետ: Թումանեանի մինչեւ աստղերը հեռացած եւ վերացած հոգին կը տեսնէ, որ աստղերէն անդին գտնուող ոլորտը աւելի իրական է, քան` «վար մնացած մարդու» աչքին երեւցող ֆիզիքական աշխարհը: Տիեզերական աստուածային ճամբորդը այժմ շատ լաւ կը գիտակցի, որ հոգեւոր աշխարհն ու անոր օրէնքները աւելի զօրեղ են, քան ֆիզիքականը:
Երկրի փառքին անհաղորդ բանաստեղծը, անհատի երջանկութիւնը տիեզերական մեծ կեանքի հոսանքին մէջ անէացմամբ եւ անանձնականութեամբ գնահատելով սահմանները, անտեսելով` դուրս կու գայ տիեզերական աստուածային ճամբորդութեան:
Թումանեանի ստեղծագործական ուղին տեւելով քանի մը տասնամեակ, կ՛աւարտի քառեակներով: Քառեակները Յովհաննէս Թումանեանի վերջին ներշնչումներն են: Կեանքի վերջին տարիներուն ան կը գրէ քանի մը տասնեակ քառեակ` թիւով 46, որոնց մեծ մասը կը տպագրուին բանաստեղծին կենդանութեան օրերուն: Ճիշդ է, որ քառեակները գրած շրջանին ան գրած է չափաւոր` «Հայրենիքի հետ» ժողովածուն` նաեւ քաղաքացիական, խոհափիլիսոփայական եւ անձնական բանաստեղծական շարքեր: Եւ սակայն այդ տարիներուն Թումանեանի ստեղծագործական որոնումներուն կիզակէտը եղան քառեակները, որոնք դարձան անոր երեսնամեայ գրական գեղարուեստական եւ փիլիսոփայական աշխարհայեացքին ամփոփումը: Ան իր ստեղծագործական ուղին կ՛աւարտէ բանաստեղծական մանրանկարի` քառեակի ժանրով: Գոյութեան մեծ գաղտնիքներուն հասնելու ձգտումով, ժանրային իր այս խախտումը (մեծէն դէպի փոքրը գացող) պայմանաւորուած էր անով, որ քառեակը լայն հեռաւորութիւն կու տար բանաստեղծին` հասնելու մտքի եւ յոյզի առաւելագոյն խտացման: Ստեղծագործական այդ միտումները Թումանեանին քով աւելի շուտ սկսած էին, սակայն իրենց ամենացայտուն արտայայտութիւնը կը գտնեն քառեակին մէջ: Իրենց հոգեբանական բովանդակութեամբ քառեակները բազմաթիւ թելերով կապուած են Թումանեանի ստեղծագործական մնացեալ ժանրերուն եւ զարգացման նախորդ փուլերուն հետ: Իւրաքանչիւր քառեակի մէջ կարելի է նկատել գրողին ամբողջ ստեղծագործութեան ընդմէջէն անցնող, իրեն բնորոշ միտումներ, պատկերներ, որոնք քառեակի ձեւով կը ստանան սեղմ, բայց առաւել կատարեալ եւ ամբողջական իրենց արտայայտութիւնը:
Թումանեանագիտութեան մէջ քառեակները բնագաւառ չեն եղած, ընդհակառակը, անոնց մասին խօսուած է հիացմունքով, իբրեւ բանաստեղծի հանճարին ամենաբարձր արտայայտութիւնը: Վէճեր ծագած են քառեակներու ըմբռնման եւ մեկնաբանութեան հարցին շուրջ: Սակայն տակաւին կը կարծուի, որ իր ամբողջ խորութեամբ չէ պեղուած եւ բացայայտուած քառեակներուն կենսական եւ փիլիսոփայական բովանդակութիւնը, որ կը նկատուի թումանեանագիտութեան դժուարագոյն խնդիրներէն մէկը: Քառեակները իրենց մէջ կը պարունակեն իմաստի եւս պատկերային կառուցուածքի քանի մը շերտ:
Քառեակները կարելի է վերլուծել տարբեր եղանակներով: Կարելի է քննել միասին` իբրեւ գեղարուեստական ամբողջութիւն, նաեւ վերլուծել մասնատելով` ըստ իրենց ժամանակագրական կարգի կամ ալ` ըստ իրենց թեմատիկ յատկանիշերուն: Առանձին նիւթ են նաեւ անոնց լեզուական եւ տաղաչափական յատկանիշերը:
Թումանեանին հանգիստ չեն տուած իր տիեզերական մտածումները: Քառեակներուն հիմնական խորհուրդը մարդու եւ տիեզերական կեանքի յարաբերութեան խորհուրդն է: Կեանքի եւ մահուան առեղծուածը:
Դիւրին է նկատել, որ քառեակները Թումանեանի ամենավերացական յղացումներն են, հակառակ իր առարկայական յղացումներուն, ինչպէս` պոէմները, աւանդութիւնները, պատմուածքները:
Հայրենի բնաշխարհի պատկերները եւ տիեզերական անմատչելի ոլորտներու պատկերները, իրարմէ թէեւ հեռու իրենց «վայրերով», նոյնքան մօտ եւ մտերիմ են իրենց բանաստեղծական զգացողութեամբ Թումանեանի մտապաստառին վրայ: Թումանեանի տիեզերական կեանքի զգացողութիւնը զարմանք կը յարուցէ: Քիչերուն տրուած է այսպիսի զգացողութիւն, ինչպէս` Ուոլթ Ուիթմենին, որ կը զգայ տիեզերքի եւ իր ապրած կեանքի անքակտելի կապը: Թումանեան պիտի ըսէր` «Կեանքը – տիեզերական կեանքն է, եւ մարդու կեանքի ամբողջ վեհութիւնն ու քաղցրութիւնն էլ հէնց էն է, որ իր շրջապատի միջոցով ապրի էն մեծ կեանքով»: Նաեւ` «Հնագոյն Հայաստանի բնակիչները, որսկան, հովիւ` բաց երկնքի տակ, իրենց բարձր երկնամերձ աշխարհքում միշտ խօսել են աստղազարդ երկնքի հետ»:
Թումանեան կ՛ըսէ. «Տիեզերքի տէրն եմ ես, ո՞վ է արդեօք նկատել», «Տիեզերքում աստուածային մի ճամբորդ է իմ հոգին»: Իր այս մտածելակերպը բանաստեղծական երեւակայութիւն ըլլալէ առաջ, մարդկային բնաւորութիւն է, մտածողի նկարագիր, որ իր ստեղծագործական կեանքը սկսաւ եւ աւարտեց` զրուցելով տիեզերքին հետ: Ահա այսպիսի խորք ունի տիեզերքի եւ մարդու յարաբերութեան իմաստաւորումը Թումանեանի քառեակներուն մէջ: Նաեւ քառեակներէն իւրաքանչիւրը սրբագործուած է Թումանեանի մեծ կեանքի իրողութիւններով եւ յուզմունքներով, բանաստեղծը իր կեանքի վերջաւորութեան կը խոստովանի` ըսելով. «Դրանք իմ հոգու կենսագրութիւնն են»:
Արուեստի մէջ միտքը այն ատեն կը դառնայ արժէք, երբ ունի ոչ միայն արտայայտելու նրբութիւն, այլեւ արտայայտուելու բարոյական իրաւունք, որ միայն ապրումով ու կենսափորձով կը տրուի: Թումանեանի կեանքի բոլոր ոլորտները ձեւով մը իրենց թափանցումները գտած են քառեակներուն մէջ:
Ան իր տրտմութեան ժամերուն մտաբերած է արեւելեան իմաստունները, մանաւանդ` պարսկական հանճարները, ինչպէս` Խայեամը: Իր ժամանակի մտածումները արտայայտած է հինաւուրց քառեակներով, որոնք խորապէս հարազատ են հայ բանաստեղծութեան աւանդներուն իրենց ձեւի սեղմութեամբ, ինչպէս` Նահապետ Քուչակի հայերէնները, իսկ արծարծումներու էութեամբ` Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»-ը:
Որքան սահմանափակ է քառեակներու բանաստեղծական ձեւը, նոյնքան անսահմանափակ է բովանդակութիւնը` իր լոյսերով եւ ստուերներով: Հոն կը գտնենք հակասութիւններ, որոնք կ՛ամբողջացնեն զիրար, ինչպէս խորունկ տրտմութիւն, եւ` պայծառ հայեացք, եւ` դժգոհութիւն, եւ` գոհութիւն: Իրերամերժ ապրումներ, բանաստեղծը ինքզինք նկարագրած է` «խնդացող տխուր, սրտաբեկ ուրախ»: Քառեակները իրենց հակասութիւններով է, որ ամբողջական են:
Քառեակները պէտք է ընկալել ոչ թէ իբրեւ առանձին քառատողի հաւաքածոյ մը, այլ` մեծ անհատի մը ապրումներու ամբողջական արտայայտութիւն, իբրեւ բանաստեղծական միասնական շարք:
Թումանեան կը սիրէր կեանքը անուանել մեծ կեանք, որ կը կապէր ոչ միայն ազգային եւ հասարակական միջավայրին, այլեւ համայն մարդկութեան եւ տիեզերական մեծ կեանքին հետ:
Թումանեան համոզուած էր, որ երջանիկ ըլլալու համար անհրաժեշտ է վեր բարձրանալ մանր եւ չար կիրքերէն, բարութեամբ եւ լայնախոհ սիրով լեցուիլ աշխարհի նկատմամբ: Ան մարդու երջանկութեան աղբիւրը կը նկատէ մարդու սիրտը: Թումանեան իր ընկերոջ տղուն կը գրէ. «Երջանկութիւնը հէնց նրանով է լաւ, որ աշխարհքի բոլոր լաւ բաների նման` օդի նման, լոյսի նման միշտ ու ամէն տեղ կարող ենք գտնել ու երջանկութեան աղբիւրը մարդու, իրեն սիրտն է»: Եւ մեծ ու հարուստ սիրտ ունեցող մարդիկ կարող են վշտանալ եւ շատ վիշտ ու ցաւ ունենալ, բայց երբեք դժբախտ չեն լինում նրանք»:
Իր ներումի եւ վեհութեան գաղտնիքը եւ ակունքը իր մեծ ու հարուստ սիրտն էր, որ միշտ լոյս կը ճառագայթէր իր շուրջդին, վատը լաւ կը տեսնէր:
Ինչքան ցաւ եմ տեսել ես, Նենգու դաւ եմ տեսել ես, Տարել, ներել ու սիրել, Վատը` լաւ եմ տեսել ես: |
Ան անցնելով անհամար փորձութիւններու մէջէն, կրցած էր ըմբռնել սիրոյ եւ բարութեան գերագոյն իմաստութիւնը, հասած էր ներքին խաղաղութեան, կրցած էր մանրուքները անտեսել, հայեացքը չշեղել նպատակակէտէն, որ եղած էր` համամարդկային եւ ազգային շահերը գերադասել անձնականէն եւ փառքէն: Հոգիի խաղաղութեան հասնողներ քիչ են, եւ այդ քիչերուն մէջ է Թումանեանը, որ մարդասիրական իր սքանչելի եւ անձնուէր գործունէութեան համար բանտերը, ապա մեղադրեալի աթոռին նստած էր:
Մեծ եւ անընդգրկելի են բանաստեղծին տեսնելու եւ հասկնալու ձգտումները: Ան կը մերժէ` ինչ որ ստոր է եւ վարը մնացած: Իր մէջ ստեղծուած է շրջապատող կեանքի բոլոր հարցերուն գնահատման ուրիշ` աստուածային չափանիշ: Աստուծոյ հետ հաղորդակցող Թումանեանը կը մերժէ իր շնչաւոր կեանքը եւ կը դիմէ հոգիին: Միտքը, զգացումը եւ կամքը չէ, որ կը մերժէ, այլ` ագահութիւնը, ոչ գոհունակ վիճակը:
«Հէյ ագահ մարդ, հէյ անգոհ մարդ, միտքդ երկար, կեանքդ կարճ, Քանի-քանիսն անցան քեզ պէս, քեզնից առաջ, քո առաջ, Ինչ են տարել նրանք կեանքից, թէ ինչ տանես դու քեզ հետ, Խաղաղ անցիր, ուրախ անցիր երկու օրուան էս ճամբէդ»: |
Երկրային ամէն բան, նոյնիսկ երկիրը կ՛անցնի, ուստի բանաստեղծը կոչ կ՛ընէ յոյս չդնել անցողիկ բաներու վրայ: Բանաստեղծին յաւիտենական տունը, ժառանգութիւնը եւ վարձքը երկինքի մէջ է:
Երկու օրուան ճամբան խաղաղ, ուրախ եւ սիրով անցնելու համար պէտք է հրաժարիլ ագահութենէ, դժգոհութենէ: Գոհունակութիւնը երջանկութեան բանալիներէն մէկն է:
Մարդկային միտքը, որ կրնայ թափանցել ժամանակի եւ տարածութեան անչափելի սահմանները, կը հակադրուի կարճատեւ կեանքին, որ տիեզերական յաւերժութեան մէջ ակնթարթ մըն է միայն: Թումանեանը շատ խելօք, բայց եւ անխելք մարդ արարածին կը յիշեցնէ հանրայայտ ճշմարտութիւնը, քանի-քանին իրմէ առաջ անցած են նոյն ճամբայէն` ոչինչ տանելով այս աշխարհէն: Պէտք է խաղաղ եւ անչար անցնիլ բնութենէն սահմանուած կարճատեւ կեանքի ուղին:
Թումանեանի քով յստակ է հումանիստական (մարդասիրական) համամարդկային բովանդակութիւնը, ան կը դիմէ համայն մարդկութեան` անկախ ազգային եւ ընկերային տարբերութիւններէն:
Թումանեանի ստեղծագործութիւնը միշտ ոգեշնչուած է մարդկային գոյութեան բարձր իտէալներով, որ կը վերաբերի համայն մարդկութեան ճակատագրին, անոր ներկային եւ ապագային: Թէեւ մարդը շատ հեռու է կատարելութենէն, սակայն Թումանեան իր հաւատքը միշտ վառ կը պահէ եւ երբեք չի հրաժարիր վերջնական յաղթանակի հասնելու գաղափարէն: Այդ իտէալը իր ամբողջ հարստութեամբ կը մարմնաւորուի Թումանեանի ստեղծագործութեան մէջ:
Արեւելքի եդեմներին իջաւ պայծառ իրիկուն, Հեքիաթական պալատներում սպասում եմ իմ հոգուն Ինչ եմ շինում էս ցեխերում, աղմուկի մէջ վայրենի Ախ, թէ նորից գտնեմ ճամբան դէպի էնտե՜ղ, դէպի տո՜ւն: |
Արեւելքի եդեմները բանաստեղծին կը խորհրդանշեն բարձր եւ մաքուր, յաւերժօրէն կայուն եւ գեղեցիկ իտէալ մը: Թումանեանի աշխարհահայեացքին մէջ Արեւելքը իբրեւ պատմական եւ ստեղծագործական հասկացողութիւն, էական տեղ կը գրաւէ:
Հին Արեւելքը, իր հանճարեղ բանաստեղծներով եւ փիլիսոփաներով, բարոյական խորիմաստ հասկացողութեամբ կը հակադրուի Արեւմուտքին հետ, բանաստեղծին մտապատկերին մէջ, կը կոչէ զայն` «Արեւելք աստուածային-հայրենիքը իմ հոգու»: Քանի որ Արեւմուտքի մէջ կը տիրեն մեքենայի եւ ոսկիի ստրուկները:
Բանաստեղծը հարց կու տայ. «Ի՜նչ եմ շինում էս ցեխերում, աղմուկի մէջ վայրենի»: Ցեխը բանաստեղծի բառապաշարին մէջ կը խտացնէ մարդկային ստոր արատները, իսկ «վայրենի աղմուկը» հոմանիշ է մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ իշխող թշնամանքին, ատելութեան, ունայն կիրքերուն:
Այդ գեհենէն կ՛ուզէ փախչիլ բանաստեղծը` երազելով. «Ա՜խ թէ նորից գտնեմ ճամբան դէպի էնտեղ, դէպի տուն»:
Եդեմը կը խորհրդանշէ հաճութիւն եւ խաղաղութիւն, որուն կը ցանկայ բանաստեղծին հոգին, եւ կ՛երազէ իբրեւ իր տունը երկնային: Այն ապաստանը, ուր պէտք է անդորրութիւն գտնէ իր ստեղծագործող հոգին, որպէսզի ապրի: Տունը իրեն համար բոլոր լուսաւոր ձգտումներուն եւ բարձր հոգեւոր վայելքի հոմանիշն է: Անյայտ, բայց երանելի աշխարհը, զոր բանաստեղծը կը նկատէ իր հոգիին հայրենիքը, ուր կ՛ապրին սէրն ու ժպիտը:
Բանաստեղծը հաստատ համոզուած է, որ Եդեմի տարածքը կը գտնուի Արեւելքի մէջ, Եդեմի տեղադրման բոլոր վարկածներն ալ կը յանգին այս եզրակացութեան, եւ որ նոյնիսկ իր հայրենիքի տարածքը կը համապատասխանէ անոր:
Դէպի երկնային արքայութեան շտապող պոէտը գիտէ, որ ինքը այդ թագաւորութեան քաղաքացին է եւ ժառանգորդը: Ան չի կասկածիր, որ այդ թագաւորութեան հեքիաթական վերին պալատներուն մէջ կը սպասեն իր հոգիին:
Այս աշխարհի վրայ երկնային չափանիշներով ապրող բանաստեղծը հաստատ գիտէ, թէ օր մը երկինքը երջանիկ պիտի ըլլայ եւ բնակի յաւիտեան սիրոյ եւ արդարութեան մէջ :
Ահա թէ ինչպիսի ճամբայ կը փնտռէ բանաստեղծը, չի փնտռեր հարստութիւն, առողջութիւն, այլ` տուն տանող ճամբայ, այսինքն` Աստուծոյ ներկայութիւնը, հաստատ գիտնալով, որ անոր մէջ է խաղաղութիւնը, արդարութիւնը եւ յաղթութիւնը:
Միթէ այս քառեակին շարունակութիւնն ու ամբողջականութիւնը կարելի չէ՞ տեսնել յաջորդ քառեակին մէջ:
«Իմ սո՜ւր, արթուն ականջում Մի խոր ձեն է միշտ հնչում, Անհուն, անքուն կարօտով Իրեն մօտ է ինձ կանչում»: |
Տակաւին, երբ անբուժելի հիւանդութեան մասին խօսք չկար, անէացման միտքը, վերացումը գրաւեր էր հայ գրականութեան ամենաուրախ մարդը, մեծ կեանքի եւ մեծ կամքի բանաստեղծին: Իրապէս ան ներքեւ ձգած մեծ լերան տակ «ե՛ւ փառքը, ե՛ւ գանձը, ե՛ւ քէն, եւ նախանձ, ամէնը, ինչ որ ճնշում են հոգին», «Վար մնացած մարդու համար արդէն խորթ է իմ հոգին»:
«Իսկ կարօտը ինձ համար ամենաթանկագին զգացումն է Կարօտից է առաջ գալիս ամէն բարձր բան: Իտէալներն ինչ են որ,- հոգու կարօտներ», «իսկ իմ ուզած կարօտը ուրիշ բան է – նա իտէալացնում, ազնուացնում է մարդուն, թռիչք ու ձգտում է տալիս հոգուն»:
Կարօտի մասին նաեւ այսպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը. «Մարդ միշտ ունի մի քնքուշ էակի հետ գեղեցիկ – գեղարուեստական կապերով կապուած լինելու կարօտը, երազային կեանքով երբեմն ապրելու տենչը»:
Խոր ձայնը, որ կը հնչէ անընդհատ իր սուր եւ արթուն ականջին, եւ որ անհուն կարօտով միշտ իր քով կը կանչէ, սերտօրէն կապուած է բանաստեղծի տիեզերական խոհերուն հետ, արուեստագէտի գերագոյն կոչումի հետ, որ ըստ Թումանեանին, պէտք է ըլլայ ճանչնալ եւ հասկնալ, այլ ձեւով ըսուած` «ընթերցել տիեզերքը»: Բանաստեղծին տիեզերական մտորումներուն մէջ շատ անգամ նոյնացած են Աստուած, բնութիւն, պաշտած էակ, որոնք աղբիւր են բարիի եւ գեղեցիկի, հետեւաբար` նաեւ բանաստեղծութեան, արուեստի:
Թումանեանի ամենախորիմաստ քառեակներէն մէկն է`
«Ամէն անգամ քո տուածից երբ մի բան ես դու տանում, Ամէն անգամ, երբ նայում եմ, թէ ինչքան է դեռ մնում, Զարմանում եմ, թէ` ո՜վ շռայլ, ինչքան շատ ես տուել ինձ, Ինչքան շատ եմ դեռ քեզ տալու, որ միանանք մենք նորից»: |
Մեծատառով, գլխագիրով նշուած շռայլը, որմէ բանաստեղծը իր վերին պարգեւը ստացած է, այժմ կը վերադարձնէ Անոր` կրկին Անոր հետ միանալու համար: Վերին պարգեւը բանաստեղծական ձիրքն է, աշխարհին ինչ-որ բան ըսելու կոչումը, որ բանաստեղծը կը զգայ իր էութեան մէջ: Կը գիտակցի, թէ ինք յատուկ պարտականութիւն մը ունի կատարելիք: Այս հասկացողութիւնը, այսինքն` երկնային էակին, բանաստեղծը կ՛արտայայտէ իր քառեակներուն մէջ տարբեր անուններով, միշտ կը գրէ մեծատառով` Աստուած, Ստեղծող, անճառ Մին, իսկ յաճախ` Դու, Նա:
Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը զինք հանգիստ չէ ձգած, Թումանեան գրիչով եւ գործով ծառայած է իր ժողովուրդին, այն խոր գիտակցութեամբ, որ ինք առաքելութեամբ մը ներկայ է այս երկրի վրայ:
Ժողովուրդին գործերուն նուիրուելով ան շատ անգամ կը հեռանար իր ստեղծագործական ներշնչումներէն եւ կը խոստովանէր, որ` «երեսուն տարի է ես միայն պատրաստւում եմ իմ գործով` գրականութիւնով զբաղուելու ու դեռ չեմ սկսել»: Հառաչանքով ըսելով` «Ինչքա՜ն ծաղիկ պիտի բուսնէր, որ չբուսաւ էս հողին, Ի՜նչ պատասխան պիտի ես տամ հող ու ծաղիկ տուողին»:
Թումանեանի երազն էր աշխարհին վերադարձնել այն բոլորը, ինչ ան ստացած էր Արարիչէն:
Իսկական արուեստագէտը երբեք չի կրնար բաւարարուիլ իր կատարածով եւ յանձնուիլ ինքնագոհ տրամադրութեամբ:
Ան գիտակցօրէն կը խօսի մարդոց բարիք եւ սէր պարգեւելու եւ անկէ ծնած հոգեւոր երանութեան մասին: Իր ստացած «Ծով բարութիւն, շնորհք ու սէր»-ը առատօրէն բաժնել եւ յանձնել մարդոց: Այս քառեակը իր աստուածաբանական եւ վերացական սաւառնումներուն մէջ անգամ կը մնայ ամուր կապուած երկրային կեանքին, շնչելով աշխարհի եւ մարդու մեծ սիրով, տալով` լիանալու եւ գոհանալու մէջ:
«Հազար տարով, հազար դարով առաջ թէ ետ, ի՜նչ կայ որ. Ես եղել եմ, կա՛մ, կը լինեմ յար ու յաւէտ, ի՜նչ կայ որ. Հազար էսպէս ձեւեր փոխեմ, ձեւը խաղ է անցաւոր, Ես միշտ հոգի, տիեզերքի մեծ հոգու հետ, ի՜նչ կայ որ»: |
Այս խորիմաստ եւ գեղեցիկ քառեակը չէ տպուած հեղինակի կենդանութեան օրով: Պահպանուած ձեռագիրներէն ի յայտ կու գայ, որ հեղինակը բաւական աշխատած է եւ ստեղծած է բազմաթիւ տարբերակներ` փոխելու համար կրկներգը` «ի՜նչ կայ որ»: Սակայն քառեակը իր բովանդակութեամբ եւ կատարելութեամբ անվերապահօրէն պէտք է դասուի թումանեանական լաւագոյն քառեակներու շարքին: Թումանեան այստեղ իր անձնական անմահութեան մասին չէ, որ կը խօսի, այլ` մարդու եւ Աստուծոյ յաւերժական կապերու մասին:
Հոգին յաւերժ է, կ՛ապրի մեծ հոգիին հետ: Յաւիտենութիւնը սկիզբ եւ վերջ չունի: Կապուած չէ ժամանակի հետ: Մարդու հոգին եւս, որ սերտ կապերով կապուած է իր Ստեղծիչին հետ, կրնայ յաւիտեան գոյատեւել: Թումանեան գիտէ, որ հոգին սահմանափակուած չէ մարմնով, չէ պարփակուած ձեւով, չէ ամփոփուած սահմաններու մէջ, անոր համար ալ միտքը կրող բանաստեղծը շատ լաւ կը գիտակցի, որ քանի որ Աստուծոյ հոգին անմահ է, ապա Աստուծոյ հոգիէն ծնած հոգին (մարդու հոգին) նոյնպէս պէտք է անմահ ըլլայ:
Թումանեան աստուածային փառքը տեսած եւ կերպարանափոխուած, իր հոգիի մաքրութեամբ եւ առաքինութեամբ կատարելագործուած անմերձենալի լոյսին մէջ բնակողին հետ մերձենալուն համարձակութիւնը եւ արտօնութիւնը կը զգար` «Ես միշտ հոգի տիեզերքի մեծ հոգու հետ, ինչ կայ որ»:
Թումանեան իր կեանքի վերջին տարիներուն իր վրայ իջած աստուածային փառքին այնպէս կ՛անդրադարձնէր, որ զինք տեսնող մարդիկ կարծէք զԱստուած կը տեսնէին, ան յատկապէս իր կեանքի վերջին շրջանին իր կատարած գործերով փառաբանեց զԱստուած:
Թումանեան գիտցաւ, քանի որ Աստուած յաւիտենական է, եւ ինքը Աստուծոյ (Տիեզերքի մեծ հոգու) հետ է, ուրեմն մասնակից է Անոր յաւիտենութեան: Իր էութիւնը լեցուած է Աստուծոյ լոյսով եւ խաղաղութեամբ: Կ՛ապրի «տիեզերական մեծ կեանքով»: Բանաստեղծը կը գոչէ ուրիշ քառեակի մը մէջ, «Դու Աստուած ես, Դու անհուն ես, անանուն ես ու անես»: Սա այն վիճակն է, որով մարդը հեռանալով երկրային գոյութենէն` կը միանայ տիեզերական մեծ կեանքի յաւերժական ընթացքին հետ:
«Ես եղել եմ, կա՜մ, կը լինեմ յար ու յաւէտ, ինչ կայ որ»:
————–