
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն ծիրին մէջ, Հիուսթըն Ռոքեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Ռոքեթցի, որ երկարաձգումէն ետք 105-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Պարտուած խումբին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 37 կէտ:
37 կէտ նշանակեց նաեւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քարի, երբ անոր կազմը 106-101 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի:
Նշենք, որ ցարդ ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրած է Աթլանթա Հոքս (47), ապա` Ուորիըրզ (46):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շիքակօ Պուլզ | 96-86 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 105-103 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 110-99 |
| Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 106-101 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 94-74 |
| Շարլոթ Հոռնեթց – Օրլանտօ Մեճիք | 98-83 |
| Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 108-101 |
| Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց | 99-92 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Պրուքլին Նեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Մայեմի Հիթ – Ֆէոնիքս Սանզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Նիւ Օրլինզ


