Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայ Տունը Պիտի Չզրկենք Մեսրոպեան Գիրերու Ջերմութենէն

March 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo-70-25-2-2015Այսօրուան (25 փետրուար) իր համարով «Ազատ օր» կը դառնայ 70 տարեկան:

Չենք հաշուեր մինչեւ Բ. Աշխարհամարտ մեր թերթին կտրած ուղին` «Նոր օր» անունով: Այդ առումով, 70 առաւել քսան այսքան տարուան վաստակ մըն ալ կ՛աւելնայ մեր թերթի տարիքին վրայ:

Յամենայն դէպս «Ազատ օր» անունով ահա եօթանասուն տարիներէ ի վեր անխափան կը հրատարակուի ՀՅԴ Յունաստանի Կ. կոմիտէին պաշտօնաթերթը:

Դաշնակցական պաշտօնաթերթ ըլլալու իր կոչումով իսկ` միայն դաշնակցականներուս չի պատկանիր, այլեւ ամբողջ մեր գաղութի հայորդիներուն կը պատկանի «Ազատ օր»-ը:

Մենք հպարտ ենք, որ իր հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն մեր թերթը ամէն ճիգ թափած է եւ յաջողած է հաստատակամ ու փարած մնալ Յունաստանի ամբողջ հայութեան ազգային կեանքի շարժիչն ու հայելին եւ, միաժամանակ, յառաջապահ արթուն պահակը ըլլալու իր կոչումին եւ առաքելութեան:

Մենք նոյնպէս հպարտ ենք, որ ինչպէս յունահայ գաղութը, այնպէս ալ «Ազատ օր»-ը այս ամբողջ տասնամեակներուն իր ողջ էութեամբ ապրեցաւ ու բաբախեց հանուր հայութեան հետ` ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայ կեանքի վերիվայրումներուն հետ ամէնօրեայ կապ պահելով:

Մենք ուրախ չենք, որ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին «Ազատ օր»-ը այսօր կը հանդիսանայ միակ հայ օրաթերթը: Մնացած ենք առանձին, որովհետեւ հայ մամուլի համընդհանուր տագնապին դէմ յանդիման` մեր աւագ պաշտօնակիցները չկրցան տոկալ եւ ընկրկեցան, կամ ալ ընդմիշտ փակուեցան:

Տագնապը կը բախէ նաեւ «Ազատ օր»-ի դռները` թէ՛ նիւթական հնարաւորութեանց սղութեան, թէ՛ հայ մամուլի առաքելութեան նուիրուելու պատրաստ «խենթերու» շարքերուն նօսրացման եւ թէ՛ ընդհանրապէս մտաւորական մեր ուժերուն տեղատուութեան պատճառով:

«Ազատ օր» իր 70-րդ տարեդարձը նաեւ խոր անձկութեամբ նշելու հոգը կ՛ապրի, որովհետեւ պետական սնանկացման ահաւոր ոլորապտոյտին մատնուած ամբողջ Յունաստանին հետ ծանրօրէն խոցուած է կարողականութիւնը յունահայ մեր գաղութին:

Աւելի քան 70 տարի «Ազատ օր»-ը կանգուն պահած մեր ընթերցողները, նաեւ ու մանաւանդ, ազգային մեր կազմակերպ կառոյցները այսօր մեծ դժուարութիւն ունին ապահովելու նիւթական երաշխիքները մեր թերթի անխափան հրատարակութեան:

Բայց մենք ծնունդն ենք եւ սնանած ենք մարտունակ աւանդովը գաղափարական այն շարժումին, որուն բնաբանը միշտ ալ եղած է`

«Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»:

Այսօր մենք կը վառենք մեր թերթին 70-ամեակին մոմը եւ զայն մարելու պահուն կը վերանորոգենք, բոլորիս անունով, տասնամեակներ առաջ մեր կատարած հաւաքական երդումը.

Հայ տունը պիտի չզրկենք մեսրոպեան տառերու ամէնօրեայ այցելութենէն եւ ջերմութենէն:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Գ./2015. Սպասելով Յաջորդ Քայլին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի Հրկիզուած Եւ Հրոյ Ճարակ Դարձած Արխիւներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.