Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Գ./2015. Սպասելով Յաջորդ Քայլին

March 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_Los-5Հոկտեմբերի 10-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւնները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 2009 թուականի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն յետս կոչելու որոշումը ոչ միայն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն նախապայմաններու լեզուով խօսելուն, հայ ժողովուրդին նկատմամբ թշնամական քաղաքականութեան շարունակութեան, Հայաստանի սահմանը փակ պահելուն, Արցախի հարցին շահարկման ու արցախեան ճակատի վրայ բախումներու լարման պատճառով մեր երկրի նախագահին հակադարձութիւնն էր, այլեւ` հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան պահպանման ի խնդիր առնուած պատասխանատու քայլ:

Անցնող տարիներուն, գերպետութիւններու բանեցուցած ճնշումին իբրեւ արդիւնք սկիզբ առած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները դուռ բացին ներհայկական իմաստով քաղաքական սուր տարակարծութեանց. այնուհետեւ հայ քաղաքական մտքի շրջահայեացութիւնն ու ներազգային շարունակուող բողոքները յաջողեցան լուսարձակի տակ պահել ձեւականօրէն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման կոչուած, սակայն խորքին մէջ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային շահերուն սպառնացող տխրահռչակ արձանագրութիւններուն վտանգը:

Փաստօրէն նշեալ արձանագրութիւններն ու հայկական կողմին բարի կամեցողութիւնը ոչ միայն դրական անդրադարձ չունեցան, այլեւ անգամ մը եւս փաստեցին, որ Թուրքիա մտադիր չէ առանց նախապայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու:

Թուրքիա ստորագրութիւնները քարոզչական գետնի վրայ շահարկելով կը շարունակէ` աղաւաղել պատմութիւնն ու ամէն նենգութիւն ի գործ դնել` խուսափելու համար պատմութեան հետ առերեսուելու յանձնառութենէն, խափանելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ համահայկական նախաձեռնութիւններն ու Հայ դատի գործընթացը: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ պետական այրերը հայկական կողմին ուղղուած «ժեսթ»-երով կամ «ցաւակցական» ուղերձներով կը փորձեն միջազգային հանրութեան մօտ բարի կամեցողութեան պատրանք ստեղծել` առանց հայ եւ թուրք յարաբերութիւններ ստեղծելու համար խորքային լուծումներ որոնելու:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը սեպտեմբեր 2014-ին գումարուած ՄԱԿ-ի վեհաժողովի ամպիոնէն պաշտօնապէս զգուշացուցած էր թրքական կողմը, որ իր համբերութիւնը սահման ունի, ու հնարաւոր չէ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները օգտագործել Երեւանի հետ նախապայմաններու լեզուով խօսելու եւՀայոց ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը յառաջ մղելու համար:

Արցախի ուղղութեամբ եւս, զօրակցելով Ազրպէյճանին եւ արձանագրութիւնները շաղկապելով արցախեան հարցին, Թուրքիան  հնարաւորինս զիջումներ կը փորձէ խլել հայկական կողմէն:

Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին Անգարա կատարած այցելութեան պատահականօրէն չէր յաջորդեր արցախեան սահմանին վրայ աճող լարուածութիւնն ու ազերիական թափանցման փորձերու բազմապատկումը: Սոյն այցելութեան առիթով Ալիեւն ու Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուն կը նշէին, որ ազրպէյճանաթրքական կապերը դրական կերպով կ՛ազդեն տարածաշրջանային համագործակցութեան վրայ եւ կրնան նպաստել Արցախի հակամարտութեան լուծման` «պահպանելով Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը»:

Պատահական չէր նաեւ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Փետրուարին երկրին կրօնական փոքրամասնութեանց հետ 4 ժամ տեւողութեամբ ընթրիքէն ետք անդրադարձած էր հայ թրքական սահմանը բանալու հարցին եւ` ըսած, թէ` «Հայաստանը եթէ նոյնիսկ Ղարաբաղի մէկ շրջանէ ետ քաշուէր, պիտի կարենայինք բանալ սահմանը»:

Հայ ժողովուրդը նման ստորագրութիւններ մերժելու հիմնաւոր պատճառներ ունի վերջապէս, մանաւա՛նդ այն նկատառումով, որ թրքական պետութիւնը վերջին շրջանին յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն կը վարէ տարածաշրջանին մէջ` ծաւալապաշտական իր ծրագիրները վերականգնելու համար, չվարանելով անգամ հրահրել իր հարեւան եւ երբեմնի դաշնակից երկիրներու ներքին տագնապները: Արիւնաքամ Սուրիան վկայ…

Հուսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին Ազգային ժողովէն ստորագրուած, բայց չվաւերացուած արձանագրութիւններուն յետս կոչելը, որպէս առաջին քայլ, պիտի կանխէ նշեալ ստորագրութիւններու չարաշահումը, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի այս օրերուն: Կը մնայ յուսալ, որ արձանագրութիւնները վերջնականապէս չեղեալ համարուին ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի առած քայլը իր լրումին հասնի:

Զ. Պ.

 

Նախորդը

Նիւլընտ Լսա՞ծ Է Վուտրօ Ուիլսընի Մասին

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայ Տունը Պիտի Չզրկենք Մեսրոպեան Գիրերու Ջերմութենէն

RelatedPosts

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի  2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի  Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը
Անդրադարձ

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

October 9, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափոխութիւնը

October 9, 2026
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս  Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն
Անդրադարձ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Սողոմոնեան Ընտանիքը Անգամ Մը Եւս Զօրավիգ Կը Կանգնի ՀՕՄ-ի Ծրագիրներուն

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.