Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի Հրկիզուած Եւ Հրոյ Ճարակ Դարձած Արխիւներ

March 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_egypt2Դեկտեմբեր 2011-ին, երբ արդէն իսկ ամիսներէ ի վեր սկսած էր քաոսային վիճակը Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակէն եւ տարածուած` դէպի երկրին զանազան շրջանները, հրկիզուած էին պետական բազմաթիւ շէնքեր, որոնց կարգին` Եգիպտոսի Արխիւներու հիմնարկը:

Այդ օրերուն աշխարհի կիզակէտն էր բուրգերու երկիրը, եւ միլիոնաւոր հետեւողներ, որոնք ամենայն սոսկումով, մտահոգութեամբ եւ յոռետեսութեամբ կը հետեւէին անցուդարձերուն, երբեք չէին երեւակայեր, թէ ինչե՜ր կը հրկիզուէին: Անոնց համար շատ աւելի մտահոգիչ էր թանգարաններու թալանումը…աշխարհի քաղաքակրթութեան կեդրոնէն:

Ոչ ոք կրնար երեւակայել, թէ այդ բարձրացող ծուխերուն եւ աջ ու ձախ տարածուող մոխիրներուն մէջ կրնային գոյութիւն ունենալ հայութիւնն ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութիւնը նկարագրող նամակագրութիւններ, յօդուածներ եւ նկարներ:

Պատահածը երեւակայական պատմութիւն մը չէ, ոչ ալ Եգիպտոսի արդի գրականութեան հանրածանօթ գրչի տէր` Ալա Ասուանիի «Եագուպեան շէնք»-ի նիւթը յիշեցնող նորավէպը (հետագային` վերածուած երկար ժապաւէնի, նաեւ` պատկերասփռային շարքի եւ նոյնքան հռչակ սփռած), որ փոխաբերական ոճով կը ներկայացնէր Գահիրէի ամէնէն աւելի շքեղ շէնքին բնակիչներն ու անոնց անձնական կեանքը, որ նոյնիքն անցեալ դարաշրջանի Եգիպտոսի իրավիճակն էր:

Այս գիրքը ոչ մէկ կապ ունէր հայութեան հետ, բացի շէնքի սեփականատէր Յակոբ Եագուպեանէն, որուն գրասենեակներէն մէկուն վարձակալն էր նոյնինքն ատամնաբուժ եւ գրագէտ Ասուանին:

Մինչդեռ… դեկտեմբեր 2011-ին Եգիպտոսի Արխիւներու հիմնարկին մէջ պատահածը պարզ դէպք մը չէր: Ահաւասիկ քանի մը տարի ետք փաստերը ցոյց կու տան, թէ այդ հիմնարկին մէջ պահուած` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու հրկիզման համար Անգարա մէկ միլիոն տոլարը գերազանցող գումար մը վճարած է Եգիպտոսի եւ այս բնաջնջման գործին մէջ դեր ունեցած են նաեւ «Իսլամ եղբայրներ»-ու որոշ անդամներ: Այս հաստատումները ստոյգ են եւ կը պատկանին Եգիպտոսի «Ժիհատ» կուսակցութեան հիմնադիր շէյխ Նապիլ Նայիմի, որ վերջերս կառավարական նիստի մը ընթացքին խօսք առնելով` շեշտած ու պնդած է այդ տեղեկութիւնը:

Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ Գահիրէի համալսարանի դասախօսներէն Մոհամետ Ռիֆաաթ, եգիպտացի հանրածանօթ լրագրող Մոհամետ Լէյթի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ այդ արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունէին եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն ուղարկուած միլիոնաւոր փաստաթուղթեր, ուր բացայայտ կերպով, ժամ առ ժամ ներկայացուած են հայերուն հանդէպ հալածանքներն ու բռնաբարումները, ջարդերն ու կոտորածները, նաեւ` եգիպտական օրաթերթերուն մէջ տպագրուած եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները, 19-րդ դարու աւարտէն մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այդ արխիւներուն մէջ նաեւ յատուկ տեղ գրաւած էին աւելի քան չորս հազար մուսալեռցի հայերու ժամանումը… Փոր Սայիտ նաւահանգիստ, ֆրանսական նաւատորմիղի օժանդակութեամբ:

Դեկտեմբեր 2011-ին պատահածը պարզ արկած մը չէր, այլ` Անգարայի կողմէ պատրաստուած սադրիչ դաւ մը, ուր հրկիզուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան թանկագին արխիւներ:

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայ Տունը Պիտի Չզրկենք Մեսրոպեան Գիրերու Ջերմութենէն

Յաջորդը

Բանաստեղծութիւններ «Լուսեղէն Տրտմութիւն» Գիրքէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.