Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի վերջին` 7-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին` Մանարայի դաշտին վրայ, իրարու դէմ հանեց Ռիատի Պէյրութը եւ Սաժես Պէյրութը:
Դժբախտաբար, պէյրութեան տերպիի այս մրցումը մնաց կիսատ, երբ անոր աւարտէն 48 երկվայրկեան առաջ բախում մը տեղի ունեցաւ Ալ Մահմուտի (Ռիատի) եւ Թերել Սթոքլինի (Սաժես) միջեւ:
Բախումը հետզհետէ ծաւալեցաւ եւ պատճառ դարձաւ մրցումին անաւարտ մնալուն, մինչ անոր արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ Ռիատիի` 109-98 արդիւնքով:
Միջամտութիւններէ ետք թէեւ դաշտը պարպուեցաւ Ռիատիի համակիրներէն, սակայն Սաժես չշարունակեց մրցումը` ըսելով, որ ունի վիրաւորուած մարզիկներ:
Ասկէ մեկնելով ֆետերասիոնը կիրարկեց օրէնքը` յայտարարելով, որ Սաժես 20-0 արդիւնքով պարտուած կը հռչակուի, որովհետեւ մրցումը չուզեց շարունակել:
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած Հուփս – Պիպլոս մրցումին, անիկա աւարտեցաւ Հուփսի յաղթանակով` 75-71 արդիւնքով: