Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ յետմիջօրէին Ահտի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Մապարրա – ՀՄԸՄ մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը անսպասելի պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-0):
Պէտք է ըսել, որ ասիկա ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ այս տարեշրջանի ամէնէն ծանր պարտութիւնը:
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ մնաց 2-րդ դիրքին վրայ` 15 մրցումէ ապահովելով 30 կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իժթիմահի, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իսլահ Պըրժ Շիմալիի հետ, 15 մրցումէ ապահոված է 34 կէտ:
Սաժես, որ այս շաբաթավերջին մրցում չկատարեց, 28 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը (15 մրցում):
Իսկ Ահլի Սայտա, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Խըյուլի, 26 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: