Լեռնալիբանանի նահանգին ծիրին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 9-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0) ջախջախելով իր մրցակիցը` Շաալեթ Քամալը:
Աւիկ Յարութիւնեան հեթրիք մը իրագործեց, Նժդեհ Գազեզեան նշանակեց 2 կոլ, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Սեպասթիան Քոնսթանթին, Պօղոս Վարդանեան, Արաբօ Անտոնեան եւ Ներսէս Պէրպէրեան:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ սկսաւ ախոյեանութիւնը, յետաձգուած մրցում մը ունի կատարելիք Մասիսի դէմ (2-րդ հանգրուան):