Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 28 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Ահտի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հիւրը պիտի ըլլայ Մապարրայի:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ահտի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Իսկ խումբին մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել անպայման յաղթանակ արձանագրելու` մնալու համար վերին դիրքերուն վրայ եւ անշուշտ պայքարելու` գրաւելու համար դասաւորման առաջին դիրքը: