ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի արդի պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուելիք իրադարձութեան մը ականատես եղաւ լիբանանահայութիւնը կիրակի, 18 հոկտեմբերին, երբ ամենայն բծախնդրութեամբ եւ իմաստալից բովանդակութեամբ, աւանդականն ու արդիականը միացուցած ծրագիրով ու յայտագիրով տպաւորիչ հանդիսութեամբ մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի Նաւասարդեան անդրանիկ խաղերուն:
Դաշտը, ուր սովորաբար մրցումներ կը կատարուին, յաղթանակներ կ՛արձանագրուին, եւ պարտութիւնները մարզիկները կը մղեն յաւելեալ կորովով յաղթանակի ձգտելու, վերածուած էր հանդիսավայրի, ուր եւս տիրականը մրցումներն էին, յաղթանակն ու պարտութիւնը, սակայն միշտ` մարզական բարձր ոգիով պարուրուած, ՀՄԸՄ-ի հովանիին տակ ամփոփուած եւ նորանոր ծրագիրներով ու հեռանկարներով լիացած:
Այդ դաշտին մէջ համախմբուած էին ՀՄԸՄ-ին հաւատացողները, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու միութեան առաքելութեան տարբեր բնագաւառներէն հանդիսացող մարմնակրթութեան ոլորտին մէջ նորութիւն նկատուող այս մարզախաղերու մեկնարկին, որ տրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան Անթիլիասի յուշարձանէն դաշտ հասած ջահով բոցավառած կրակով, որ ոչ միայն լուսաւորեց դաշտը, այլ նաեւ` բոլոր ներկաներուն սրտերը, հոգիներն ու միտքերը` ներկային ու ապագային նկատմամբ յոյսով ու հաւատքով:
Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի, կիրակի, 18 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի առաջին Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը:
«Նաւասարդեան» Ա. մարզախաղերու բացումը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կողմէ կատարուած Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:
Մեծաթիւ ներկաները ողջունեցին օրուան հանդիսավարներ Սագօ Եագուպեանն ու Էւա Ղազարեանը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Լուսին Գազանճեան: Ան պատմական համարեց պահը, որ կը պատկանի մեր ժողովուրդին ու Լիբանանին, նկատել տալով, որ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի հողին վրայ, կը բացուին Նաւասարդեան մարզախաղերու փառաւոր դռները: Ան ըսաւ, որ Նաւասարդը հայ ժողովուրդի հնագոյն տօներէն է` նոր սկիզբի, յոյսի ու յաղթանակի խորհրդանիշը, աւելցնելով, որ այսօր վառուող Նաւասարդեան ջահը միայն կրակի բոց մը չէ, այլ մեր նախնիներու հազարամեայ յոյսին, Հայոց պատմութեան աննկուն կամքին եւ մեր երիտասարդներու վաղուան պայծառ ապագային միացեալ խորհրդանիշն է: Ան շեշտեց, որ մեր մարզիկները ոչ միայն իրենց մարմինները կը կազմաւորեն, այլեւ կը բարձրացնեն հայ ոգիին անմար ջահը: «Մարզադաշտերը այսօր կը վերածուին միասնութեան, ընկերային կապերու եւ ազգային ոգիի անսասան յենարաններու: Մեր հայ երիտասարդները, մրցելով եղբայրական սիրով, հոն կը կրեն իրենց ապագան ու կ՛ամրապնդեն իրենց հայեցի նկարագիրը` հետեւելով ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին» եզրափակեց Գազանճեան` մաղթելով, որ սոյն պատմական առաջին Նաւասարդեանը ըլլայ յաղթանակի, համերաշխութեան եւ հայկական նորանոր ձեռքբերումներու պայծառ խորհրդանիշ մը: Գազանճեան նաեւ ներկայացուց յայտագիրը:
Ապա դաշտ մուտք գործեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. Նաւասարդեան մարզախաղերու մասնակցող աւելի քան 500 մարզիկներն ու մարզիկուհիները, որոնք կազմած են 90 խումբեր, պիտի մրցին 6 մարզաձեւերու մէջ: Մասնակից աշակերտներուն կարգին են նաեւ հայ ու օտար վարժարաններէ մեծաթիւ մարզիկներ:
Անկէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան օրհնեց Լիբանանի Նաւասարդեան մարզախաղերուն առիթով պատրաստուած դրօշակը, որ կը կրէր համապատասխան նշանակը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ ստեղծուած այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան համար` խնդրելով, որ Ան Սուրբ հոգիիդ ամենազօր շնորհները պարգեւէ` «Մեր նախնեաց պաշտելի յիշատակով ընթացք առնող այս աշխատանքին, որովհետեւ Քեզ ապաւէն ունենալով կը ձեռնարկենք գործի, որպէսզի նոր եռանդ ու թարմ կորով հաստատուի համայնական մեր կեանքէն ներս»:
Սրբազան հայրը խնդրեց Աստուծմէ օրհնել բոլոր անոնք, որոնք իրենց արդար վաստակէն արժանի բաժին կ՛ընծայեն նուիրական այս գործի յաջողութեան` հեռու պահելով ամէն տեսակի դժուարութիւն ու փորձութիւն:
«Բարերար Տէր, օրհնէ այս դրօշը, որպէսզի անոր կենսուրախ գոյներուն շողը պայծառացնէ մեր հոգեկան աշխարհը եւ առիթ ընծայէ, որ բոլորս միակամ հաւատքով լծուինք աշխատանքի եւ արժանանանք մեր վաստակին արդիւնքը վայելելու շնորհքին: Պարգեւէ, Տէր, որ մեզի վստահուած բոլոր պարտականութիւններուն ընդմէջէն յօժարակամ հոգիով միայն Քեզ պաշտենք ու անդադար օրհնաբանենք», աղօթք բարձրացուց առաջնորդ հայրը:
Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ տոքթ. Իշխան Եղիայեան: Ան բացատրեց, որ Նաւասարդեան մարզախաղերը իրենց ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ նորութիւն են ՀՄԸՄ- ի եւ լիբանանահայ երիտասարդութեան համար: Ան մանրամասնեց, որ այս խաղերը կազմակերպելու գաղափարը ունեցած են` նկատի ունենալով, որ Նաւասարդը հայկական աւանդական տօն մըն էր, տեղի կ՛ունենար տարուան առաջին ամիս` օգոստոսին, երբ հայերը կը նշէին նոր տարին եւ այդ ուրախ մթնոլորտի ընթացքին տեղի կ՛ունենային մրցումներ, մարզանքներ: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի այս տագնապալի եւ անստոյգ օրերուն երիտասարդութեան եւ իրենց ծնողներուն համար բնականաբար շատ հրապուրիչ պիտի ըլլար այսպիսի խանդավառ եւ առողջ մթնոլորտի մը գոյութիւնը:
Շրջանային վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը իր հիմնադրութեան օրերէն ունեցած է արդէն այսպիսի աշխատանք եւ պատմական ակնարկ մը նետեց 1919 թուականին, երբ Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած են ՀՄԸՄ-ի Ա. Նաւասարդեան մարզախաղերը, որմէ ետք` չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը, որոնք 1981-էն սկսեալ կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի մարզական գլխաւոր եւ մեծագոյն իրադարձութիւնը:
Տոքթ. Եղիայեան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ վերջին 20-30 տարուան ընթացքին միջմասնաճիւղային մրցումներ կը կատարուէին մերթ ընդ մերթ, բայց ԼԵՎԱՄ-ը կը հանդիսանայ Լիբանանի շրջանի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն մրցաշարքը, որուն 60-ամեակը պիտի տօնուի մօտ օրէն եւ բացումը պիտի կատարուի Նաւասարդեանի փակման օրը:
«Պէտք էր ստեղծել այնպիսի մրցաշարք մը, ուր տարիքը չսահմանափակուի դպրոցական տարիքով, առիթ տայ նոյնիսկ 10 տարեկանէն վար ու 18 տարեկանէն վեր մասնակցողներու եւ նոյնիսկ առիթը տայ ոչ անպայման ՀՄԸՄ-ի մարզիկներու կամ հայկական վարժարաններու աշակերտներու, այլ նաեւ` ուրիշ հայորդիներու, որ մօտենան, մասնակցին, քաջալերուին եւ սպասեն ու մարզուին յաջորդ տարուան կազմակերպուելիք Նաւասարդեան երկրորդ մարզախաղերուն», շեշտեց Ի. Եղիայեան: Ան աւելցուց, որ այս նպատակին համար ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, իսկ բուն մարտահրաւէրը այս մարզախաղերու քարոզչութիւնն էր, որ վստահուեցաւ` մեր քարոզչական եւ այլ յանձնախումբերուն, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, դպրոցներու տնօրէնութիւններուն եւ մարզիչներուն, ինչպէս նաեւ` լրատուական միջոցներուն:
Եզրափակելով իր խօսքը` Իշխան Եղիայեան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանին, առանց որուն նեցուկին` այս բոլորը հեզասահ պիտի չընթանային, եւ ՀՄԸՄ-ի հանդէպ անոր հաւատքն ու հեռատես մօտեցումը այս նախաձեռնութեան նկատմամբ կարելի դարձուցին նման տարողութեամբ Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպումը:
Աւարտին ան յորդորեց բոլոր ՀՄԸՄ-ի համակիրները եւ ծնողները, որպէսզի ուղղեն իրենց զաւակները դէպի ՀՄԸՄ-ի ակումբ, ուր մարզիչը, վարչականը անոնց տարբեր հոգատարութիւն պիտի տան ստեղծելով հայկական միջավայր:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը պատմէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատմութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը` օգտագործելով արհեստական բանականութիւնը: Հոն կային անցեալը ու ներկան, յուզումի ու յոյսի զգացումներ, ինչպէս նաեւ` հայու եւ ՀՄԸՄ-ականի կամքը:
Անկէ ետք գեղարուեստական ներկայացումով մը Նաւասարդը եւ ՀՄԸՄ-ը միացնող պատկերով մը հանդէս եկան Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը եւ «Քնար» պարախումբը, ինչպէս նաեւ երգիչներ` Կարէն Գազանճեանն ու Ղազար Քէօշկէրեանը:
Ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզ մը, թէ ինչպէ՛ս Նաւասարդեան խաղերուն ջահը կը վառի Անթիլիասի Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշակոթողի կրակէն` ՀՄԸՄ-ական, լիբանանեան աթլեթի մարզաձեւի ախոյեան եւ բազմաթիւ անգամ մրցանիշ արձանագրած Զուլալ Պէզճեանի կողմէ, որ այդ ջահը բարձրացուցած` կը վազէ դէպի տարբեր մարզադաշտեր` ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ, հեծիկ եւ այլն:
Տեսերիզը հազիւ աւարտած` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր մուտք գործեց ան` միանալով ՀՄԸՄ-էն եօթը տարբեր սերունդներու մարզիկ ներկայացուցիչներու` տարբեր մարզաձեւերէ: Իւրաքանչիւր մարզիկ ջահը փոխանցեց միւսին, եւ վերջաւորութեան բոցավառեցաւ Նաւասարդեան խաղերու կեդրոնական ջահը` ազդարարելով խաղերու մեկնարկը: Այդ վեթերան մարզիկներն են` Յովհաննէս Յուսամեան (Ճոքի), որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբէն եղած է, Արա Յակոբեան, որ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի պասքեթպոլի խումբերուն, Եսթեր Մեծմօրուքեան` աթլեթի տարբեր մարզախաղերու պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած, Րաֆֆի Մունջողլեան` փինկ-փոնկի ախոյեան, Կարպիս Աբգարեան, որ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբին` ախոյեանի տիտղոս նուաճելով, Սիւզան Մուրատեան` ճատրակի ախոյեան:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց Նաւասարդեան Ա. մարզախաղերու եւ ԼԵՎԱՄ-ի 60-ամեակի նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեան, որ յուզումով շեշտեց, թէ իրեն համար այս օրը բացառիկ օր մըն է, որովհետեւ իր յիշողութիւնը գացած է 60 տարի ետ, երբ իր մտայղացումով հիմնուած է ԼԵՎԱՄ- ը եւ խօսքը ուղղելով պատանիներուն` ըսաւ, որ տակաւին ԼԵՎԱՄ- ը շատ երկար պէտք է գոյատեւէ իրենց աշխատանքով եւ զոհողութեամբ, շեշտելով, որ իրենք պիտի շարունակեն այս գործը: Պէզիքեան ըսաւ, որ շատեր կրնան բարձր կրթութիւն ստանալ եւ հասնիլ դոկտորայի մակարդակին, սակայն մեր հայ սերունդի ապագային համար շատ կարեւոր երկու ուսումներ կան, առաջինը ընտանեկան դաստիարակութեան վկայականն է, իսկ երկրորդը` ՀՄԸՄ-ն է, որ կը սորվեցնէ` եղբայրութիւն, զոհողութիւն, բարի ըլլալ, սիրել զիրար, սիրել ազգը եւ կամք ընել միշտ պայքարելու յաղթանակներ տանելու: Ան հաստատեց, որ ԼԵՎԱՄ- ի խաղերը շատ կարեւոր են պատանիներուն ապագային համար` իբրեւ մարդ արարած աճելու: Պէզիքեան դիտել տուաւ, որ տարիներ շարունակ հեռու մնացած է Լիբանանէն, որովհետեւ պարտականութիւնը զինք կանչած է արտասահման, որպէսզի կարենայ օգտակար դառնալ հայ ժողովուրդին եւ հաստատեց, որ բնաւ չէ զղջացած Լիբանանէն հեռանալով, սակայն շեշտեց, որ հայութեան սփիւռքի մայրաքաղաքը Լիբանանն է: «Մինչեւ այն ատեն, որ ողջ ենք, պիտի դիմագրաւենք, պիտի պայքարինք, որ այս տիտղոսը, այս իրաւունքը պահենք լիբանանահայութեան համար», ըսաւ Պէզիքեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ մեր կազմակերպութիւնները շատ մեծ համբաւ ունին, եւ այս համբաւը պէտք է աւելի զարգացնել նոր սերունդի մասնակցութեամբ եւ գործունէութեամբ: Ան պատանիներուն ըսաւ, որ պէտք է ծառայեն իրենց ազգին, որովհետեւ ազգ մը կարելի է պահել եւ պաշտպանել միայն զոհողութեամբ եւ ոչ թէ նիւթականով: Եզրափակելով իր խօսքը` Պէզիքեան ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը շատ մեծ պարտականութիւն ունի ամբողջ աշխարհի հայութեան համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան իրեն ընծայած առիթին համար եւ խոստացաւ միշտ ներկայ գտնուիլ բոլոր Նաւասարդեան խաղերուն:
Իբրեւ երախտագիտութիւն` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին կողմէ Ալեքքօ Պէզիքեանին յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը` Նաւասարդեան խաղերու եւ ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադրութեան 60-ամեակի իր ստանձնած զոյգ հովանաւորութիւններուն համար:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի համասփիւռքեան կառոյցի Լիբանանի շրջանը իր 100-ամեայ հարուստ պատմութեան եւ իրագործումներուն վրայ կու գայ աւելցնելու նպատակային մարզական նախաձեռնութիւն մը` Նաւասարդեան մարզախաղերը, յիշեցնելով, որ նոյն անուանումով եւ նոյն նպատակով տարեկան յաճախականութեամբ մարզախաղեր, կը կազմակերպուին նաեւ ՀՄԸՄ-ի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Ան անդրադարձաւ այդ մարզախաղերու կազմակերպման գլխաւոր նպատակին ու անուանումին մէջ խտացած իմաստին: Կեդրոնանալով Լիբանանի այս մարզախաղերուն վրայ` Խաչերեան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այս նախաձեռնութեամբ դուրս կու գայ իր կառոյցի միաւորներու աշխուժ եւ կենսունակ անդադրում աշխատանքներու ծիրէն` մարզական մրցակցութեան պիտակին տակ համախմբելու, տօնախմբելու եւ վերյիշելու Նաւասարդ` կապուած մնալու մեր արմատներուն եւ գոյատեւելու մեր հարազատ միջավայրին մէջ կամ շուրջ:
«Այս շունչով եւ անցեալի փառքերը վերանուաճելու կամքով է, որ ՀՄԸՄ կը գոյատեւէ, կը բազմապատկէ իր շարքերը, կը տողանցէ իր տարազաւորներով Երեւանի կամ աշխարհատարած հայահոծ գաղութներու մէջ, կամ մարզանքի կիրարկումով կը խմբաւորէ իր մարզիկները:
«Ոսոխ Բէլի յաղթող Հայկի վճռականութեամբ ՀՄԸՄ-ը պիտի շարունակէ իր երթը մինչեւ այն օրը, երբ Նաւասարդեան մարզախաղերը կազմակերպենք իրենց բնօրրաններուն` Բագաւանի եւ Տարօնի մէջ», շեշտեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:
Ան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, որ որոշեց այս օղակը աւելցնել միութեան խաղերու շղթային, խաղերը կազմակերպող յանձնախումբն ու աշխատակազմը, նաեւ` այս խաղերու նախագահութիւնը ստանձնող Ալեքքօ Պէզիքեանը:
Աւարտին պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան Նաւասարդեան Ա. մարզախաղերը, որմէ ետք փունջ մը հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան Կարէն Գազանճեան եւ Ղազար Քէօշկերեան:
Տարբեր մարզաձեւերու խաղերը պիտի երկարին մինչեւ 31 հոկտեմբեր, երբ տեղի պիտի ունենայ խաղերուն պաշտօնական փակումը:




























