Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Տօնակատարութիւն
Ս. Վարդանանց Յիշատակին Առիթով
Հինգշաբթի, 12 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հալէպի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւնը:
Ներկայ էին եկեղեցականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Շաբթուան ընթացքին տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ վայելելու պատեհութիւնը ունեցաւ հալէպահայութիւնը` Ս. Ղեւոնդեանց, Ս. Վարդանանց եւ Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութիւններուն շնորհիւ:
Օրուան հանդիսավար Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շեշտեց վերանորոգ հոգիով ապրելու եւ ըստ այնմ հաւատքի պատերազմ մղելու անհրաժեշտութիւնը: Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան դիտել տուաւ, որ հարկ է ներշնչուիլ օրուան խորհուրդէն` ըսելով. «Ամրապնդուած յոյսով եւ բազմապատկուած կամքով քալելու ենք խաչի ճանապարհէն, այդպէս ըրին Ս. Վարդանանք հերոսները` դառնալով տոկուն նկարագիրով օժտուած հայուն խորհրդանիշը»: Գէորգ Գատեհճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց «Վարդանական» քերթուածը: Գերապայծառի ներկայացուցիչ` Կոմիտաս քհնյ. Տատաղըլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայու ինքնութեան եւ առաքինութեան արժանիքները կը խտացուին Սրբոց Վարդանանց յաղթական երթին մէջ, անոնց մղած պայքարը կը պարզէր հայուն ուխտապահ ըլլալը»:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ բժշկ. Սարգիս Իսկենեանի, տօնին նուիրուած շարականներով եւ ազգային-հայրենասիրական երգերով պանծացուց յիշատակը Ս. Վարդանանց հերոսներուն:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Զարեհ քհնյ. Շաքարեան: Ան Աւարայրի ճակատամարտը մղող քրիստոսասէր եւ հայրենանուէր ախոյեաններուն քաջ կեցուածքին ու անսպառ կորովին իւրայատկութեան մասին անդրադարձաւ` մասնաւորելով աներկիւղ եւ յանդուգն հերոսներուն աստուածահաճոյ վերաբերմունքը: Քահանայ հայրը պատմական ակնարկներուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց քրիստոսապատկան գիտակցութեամբ եւ հայավայել կենցաղով արժեւորելու կեանքը: Յովիկ Գըլընճեան ազդու հնչեղութեամբ մեներգեց «Արիացեալք» շարականը:
Շահան արք. Սարգիսեան անխորտակելի հաւատքին եւ անխախտ յոյսին մասին խօսեցաւ` շեշտելով կարեւորութիւնը աստուածակեդրոն ապրելակերպ ունենալուն` դիմագրաւելու համար տագնապներն ու մարտահրաւէրները: Ապա օրուան խորհուրդին այժմէական հանգամանքը ընդգծեց` ըսելով. «Սրբոց Վարդանանց քաջարի վկաները մեկնաբանն են առաքինութեանց: Անոնք ապրեցան իրենց կոչումին համաձայն, ընթացան առանց երկմտութեան, պայքարեցան առանց յուսահատութեան եւ անքակտելի կապուածութիւն ցուցաբերեցին ե՛ւ քրիստոնէական կրօնին, ե՛ւ հայրենիքին նկատմամբ: Նոյն ուղիէն անցան մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները` սրբանուէր հետքեր ձգելով մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ»:
Տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ համայնքապետներու արձակման աղօթքով:
Վարդանանց Կտակը
Վառ Պահելու Խոստումով…
Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի աշակերտութիւնը 11 փետրուար 2015-ին համախմբուեցաւ Բեթէլ եկեղեցւոյ երդիքին տակ` մեր ինքնութիւնն ու ազգային, հոգեւոր արժէքներու կտակը աւանդող Վարդանանց յիշատակը նշելու: Սոյն հանդիսութեան իրենց ներկայութիւնը բերին Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը, Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտները:
Օրուան հանդիսավարուհին էր ԺԱ. կարգէն Արեւիկ Շէօհմելեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Պեթի Գրաճեանը, որ անդրադարձաւ սոյն հաւաքոյթին նշանակութեան:
Ապա հանդիսութիւնը սկսաւ զաւեշտով, որ նորօրեայ մատղաշ սերունդին հետաքրքրութիւնները արտացոլացնելով` ի մտի ունէր լուսարձակի տակ առնել հայ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը: Վարդանանց պատերազմի պատմականն ու անոր յաջորդող Վահանեանց շարժումին պատմականը 7-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտները բեմականացուցին: Լենա Տաղլեանի ղեկավարութեամբ եւ Նորա Գերպապեանի նուագակցութեամբ, աշակերտները փունջ մը ազգային եւ հայրենասիրական երգեր հրամցուցին: Յաջորդաբար նախակրթարանի բոլոր կարգերը զանազան ասմունքներով իրենց ներդրումը բերին գեղարուեստական յայտագիրին:
Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ վեր. Յարութիւն Սելիմեան` փոխանցելու օրուան խորհուրդը: Վերապատուելին իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է Վարդանանց տօնակատարութեան առիթով համախմբուիլը: Այս տարին մեզ յիշեցնել կու տայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, որովհետեւ Վարդանանց հերոսամարտի ողջ տրամադրուածութիւնը կապուած է Վարդանի հերոսական նկարագրին, եւ եթէ այդ հերոսական նկարագիրը փոխանցուած չըլլար մեզի անցեալի սերունդէն, մենք պիտի չկարենայինք հայավայել կեանքով ապրիլ: Այսօր ալ Վարդանանցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թիրախը նոյն հայաջինջ քաղաքականութիւնն է, որ ժամանակին թուրքերու եւ պարսիկներու կողմէ իրագործուած է ընդդէմ հայ ժողովուրդին: Այսօր ալ Սուրիոյ քաղաքական այս ճգնաժամին հայութիւնը դարձեալ ձուլուելու սպառնալիքին դէմ յանդիման է: Արդ, այս այլազան մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու հիմնական միջոցը մեր ազգային դիմագիծը, մշակոյթն ու լեզուն պահպանելն է: Պէտք է Վարդանանց հերոսամարտի կտակը պահպանենք ու զայն նորահաս սերունդին փոխանցենք»: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վեր. համայնքապետին առաքելական օրհնութեան աղօթքով:
Սրբոց Վարդանանց Տօնի Աշակերտական Նշում`
Հալէպի Ազգային Վարժարաններու Մասնակցութեամբ
Չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ին Հալէպի Ազգային Հայկազեան, Սահակեան, Կիւլպէնկեան եւ Զաւարեան վարժարաններու աշակերտները «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ յատուկ տօնախմբութեամբ նշեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը, որուն ընթացքին աշակերտութեան մանրամասնօրէն բացատրուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկին նշանակութիւնը:
Վարդանանց Տօնակատարութիւն
Քեսապի Մէջ
Հինգշաբթի, 12 փետրուար 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայ երեք համայնքներու Վարդանանց միատեղ տօնակատարութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսաւ 1 վայրկեան յոտնկայս հայ նահատակներու յիշատակի յարգումով: Օրուան հանդիսավար Նանոր Պոճիկեան հրաւիրեց Նարեկ վրդ. Լուիսեանը բացման խօսքը ներկայացնելու: Ան իր հակիրճ, սակայն իմաստալից խօսքով վեր առաւ Վարդանանցի նահատակութեան խորհուրդը, յատկապէս ընդգծեց նահատակութիւնը վասն հայրենիքի ու կրօնի` զայն առնչելով մերօրեայ Քեսապը վերաշինելու պայքարին:
Օրուան բանախօս Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան ընդգծեց, որ հայոց պատմութիւնը սկսած է Հայկի ու Բելի պատերազմով, վարդաններու նահատակութեան պատմութիւններով, անցնելով մեր չորս թագաւորութիւններու ընդմէջէն, հասնելով Հայոց ցեղասպանութեան, որուն հարիւրամեակն է այս տարի: Ան յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը անցած է նաեւ մայիսեան մարտերու յաղթանակներէն ու հասած` արցախեան ազատագրական պայքարի հպարտառիթ օրեր: Յիրաւի, Հայաստանի պատմութիւնը կերտուած է Վարդաններու նահատակութեամբ, Վահան Մամիկոնեաններու պսակադրած յաղթանակներով:
Բանախօսը մասնաւորեց Վարդանանց ու Վահանեանց գոյապայքարի օրինակի այժմէականութիւնը` զայն առնչելով Քեսապի գոյապայքարի եւ վերականգնումի գործընթացին: Ան նշեց, թէ քեսապահայութիւնը Քեսապը պահելու եւ պահպանելու իր առաքելութեան մէջ լիցքաւորուած է Վարդաններու ու Վահաններու շունչով: Ան հաւատարիմ է Վարդաններու եւ 100-ամեայ եղեռնի նահատակներու կտակին:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Ան շեշտը դրաւ վերանորոգման գաղափարին վրայ ու յայտնեց, թէ մեր պապերը իրենց կրօնական եւ ազգային պատկանելիութեան համար ենթարկուած են սպառնալիքներու, սակայն վերանորոգուելու հոգիով զինուած` յաղթահարած են այդ սպառնալիքները: Այսօր քեսապցին եւս այդ ոգիով պէտք է արժեւորէ ներկան ու յառաջ ընթանայ:
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերին Ազգ. ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի աշակերտները հետեւեալ երգերով` «Նորահրաշ», «Հիմի էլ լռենք», «Ձայն մը հնչեց», «Բամբ որոտան», «Դեհ, հայրենեաց»: Հայ կաթողիկէ Բարեյուսոյ դպրոցի աշակերտները երգեցին` «Աւարայրի դաշտ», «Քաջ Վարդան» երգերն ու խմբովին արտասանեցին Ա. Սոփոկլեանի «Յոյս անշէջ» քերթուածը:
Ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը:
Թեհրան
Աշակերտական Խորհրդարանի Երկրորդ
Ատենադպիր Փրենի Գոլազիզեանին Ելոյթը
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
Յունուար 20-ին Իսլ. խորհրդարանի նախկին շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական խորհրդարանի բացման հանդիսութիւնը: Իրանի աշակերտական 7-րդ շրջանի դիւանին անդամակցած թեհրանահայ շնորհալի երիտասարդուհի Փրենի Գոլազիզեան, որ ընտրուած էր որպէս երկրորդ ատենադպիր, իր ելոյթին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց իրանահայերու անկեղծ դերակատարութեան` երկրի վերելքի գործին մէջ:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ան հաստատեց, որ իրանահայութիւնը Իրանի նկատմամբ ունեցած անկեղծ սիրոյ պատճառով ոչինչ խնայած է: Առ այդ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով իրանահայութիւնը եւս պէտք է նշէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ նահատակուած մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահէն կ՛ակնկալուի առաւել եւս համախոհութիւն` տարբեր բնագաւառներէն ներս:
Միացեալ Նահանգներ
Սանթա Քլարիթա Հովիտի Ս. Սարգիս
Եկեղեցւոյ Խաչքարերու Եւ
Սրբապատկերներու Օծում
Փետրուար 1-ին, թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն տուաւ Սանթա Քլարիթա Հովիտի Սուրբ Սարգիս Հայց. եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ:
Պատարագի ընթացքին սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ ատեանը, ուր կատարեց խճանկարի, սրբապատկերներու եւ խաչքարերու օծումը:
Իր պատգամին մէջ ան բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ունեցած քրիստոնէական ոգին եւ յանձնառութիւնը` պահպանելու քրիստոնէական արժէքները հայ ընտանիքին:
Եկեղեցւոյ օծման հինգերորդ տարեդարձի եւ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, 31 յունուարին առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը:
Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճորճ Գարայեան ողջունեց ներկաները` նշելով անոնց շարունակական աջակցութիւնը:
Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան անդրադարձաւ 2004-էն սկսեալ ծուխի գլխաւոր իրագործումներուն` շեշտելով, որ ծուխի կարճ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրուած են:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան գնահատեց բոլորին կատարած աշխատանքը եւ առ ի գնահատանք Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի մատուցած ծառայութիւններուն` սրբապատկեր մը նուիրեց անոր:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Մեթիու Քարանեանի Հեղինակած Պատմական
Հայաստանի Լուսանկարներու Հատորին
Ներկայացումը
Նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի շարժապատկերի եւ արուեստներու յանձնախումբին, 11 փետրուարին «Շերըթըն եունիվըրսըլ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական Հայաստանի լուսանկարներուն նուիրուած Մեթիու Քարանեանի հատորին ներկայացումը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան նկատել տուաւ, թէ պատմական Հայաստանի զբօսաշրջութեան առաջին ուղեցոյցը հանդիսացող այս հատորին ներկայացումը շատ յարմար մեկնարկ մը հանդիսացաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ձեռնարկներու շարքին, որովհետեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ վնասուց հատուցումներ ապահովելու մեր պահանջատիրութիւնը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան, որ դրուատեց Քարանեանին աշխատանքը` միաժամանակ կոչ ընելով ներկաներուն, որ նեցուկ կանգնին Հայ դատի գործունէութեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանին վաւերագրական ժապաւէնը` նուիրուած մայիս 2014-ին պատմական Հայաստան կատարած իր այցելութեան, որուն մասնակիցներէն մէկը եղած էր Քարանեանը:
Ապա Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի շարժապատկերի եւ արուեստներու յանձնախումբի ատենապետ Նորա Եագուպեան ներկայացուց Մեթիու Քարանեանը, որ կարգին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ ապա, սահիկներու ցուցադրութեամբ, ներկայացուց հատորը ու խօսեցաւ անոր պատրաստութեան մասին:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական
Ընկերակցութեան Եւ Հայկազեան
Համալսարանի Ճաշկերոյթը
Հովանաւորութեամբ Սերժ եւ Անիթա Պուչագճեան ամոլին, 7 փետրուարին «Սիզըն» ճաշարանի մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպած ճաշկերոյթը:
Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Սերժ Պուչագճեան իր անկեղծ զգացումները արտայայտեց Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակին կապակցութեամբ, ուրկէ ինք շրջանաւարտ եղած էր տարիներ առաջ: Պուչագճեան ընդգծեց, թէ հայկական ինքնութեան պահպանման կողքին, Հայկազեան համալսարանը իր ջամբած ուսումէն անդին, նաեւ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ իր ուսանողներուն կեանքին մէջ` սորվեցնելով հանդուրժողականութիւն եւ սնուցանելով հասկացողութեան մշակոյթ մը գաղափարներու ազատ փոխանակման` տարբեր ազգերէ եւ դաւանանքներէ եկած ուսանողներուն միջեւ: Ան Հայկազեան համալսարանը անուանեց «համալսարաններու ադամանդ մը», մաղթելով, որ ան շարունակէ իր առաքելութիւնը:
ԱՀԱԸ-ի նորընտիր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտնեց, թէ ուսումը միշտ եղած է Հայ Աւետարանական եկեղեցիին ներդրումի կորիզը` հայ ազգին, աւելցնելով, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցին եղած է ռահվիրայ եւ ջատագով կիներու ուսման, ինչպէս նաեւ երաժշտութեան եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան բնագաւառներու ներմուծման կրթական ծրագիրներու մէջ, բարձրացնելով մեր ժողովուրդին ուսման, զարգացման եւ մշակութային մակարդակը:
Այնուհետեւ ան Սերժ եւ Անիթա Պուչագճեան ամոլին յանձնեց յուշանուէր մը:
Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւրընկալ զոյգին եւ ԱՀԱԸ-ին ու անոր Վարչական խորհուրդին` իրենց աջակցութեան համար: Ան նշեց, թէ 2015-ը կը զուգադիպի համալսարանի 60-ամեակին եւ շարք մը գործունէութիւններ եւ տօնակատարութիւններ կը ծրագրուին Պէյրութի, Տուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, աւելցնելով, որ ասոնց մէջէն ամէնէն նշանակալիցը այն է, որ հաստատութիւնը կոչուած է յայտնի դաստիարակ Արմենակ Հայկազեանի անունով, որ զոհը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ պատուելով զայն` մեծարած կ՛ըլլանք նաեւ անոր կողմէ մեզի հասած ժառանգութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան հաստատեց, թէ համալսարանի գոյատեւման համար կարիքը կայ բոլորին շարունակական եւ առատաձեռն աջակցութեան, աւելի նշանակալից ձեւով, քան առաջ:
Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն` Հայկազեան համալսարանի ջատագովը տասնամեակներ շարունակ, իր ծնողներուն` Ստեփան եւ Սրբուհի Փիլիպոսեաններու հետքերուն հետեւելով, ուրախութեամբ արձագանգեց այս կոչին` իր շարունակական մարդասիրական ջանքերով օժանդակելու, որպէսզի Հայկազեան համալսարանը կարենայ շարունակել իր գերազանցութեան մակարդակը հաստատ պահել յառաջիկայ տարիներուն` իր ուսանողներուն համար:
Պանքոք
Հեռաւոր Արեւելքի Հայկական
Համայնքներու Առաջին Հաւաքոյթը
Յունուար 10-ին Պանքոքի Ծայրագոյն Արեւելքի հայկական համայնքները միասին նշեցին Սուրբ Ծնունդը:
Թայլանտի մէջ հայկական պատարագ մատուցուեցաւ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի առաջնորդութեամբ: Ան իր քարոզին մէջ նշեց, որ յուզիչ զգացում է տեսնել Ծայրագոյն Արեւելքի տարբեր վայրերէն ժամանած հայորդիներ, որոնք ամուր կը պահեն իրենց նախնիներուն հաւատքը:
Հայաստանի հիւպատոս Արտօ Արթինեան նշեց, որ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ հայկական համայնքները կը շատնան եւ շատ կարեւոր է հայրենիքէն հեռու պահպանել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու աւանդոյթները:
Հաւաքոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Մալեզիայէն, Սինկափուրէն, Թայլանտէն, Վիեթնամէն ժամանած 80 հայեր:
Այս համայնքներուն շնորհիւ` կը պահպանուին նաեւ տարածաշրջանի հայկական մշակութային կոթողները, մասնաւորապէս` Պանկլատէշի եւ Միանմարի եկեղեցիները:
Նոյեմբեր 2014-ին ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. այցելած է Միանմար: Չինաստանի մէջ հայկական համայնքը տասնամեակներ առաջ կազմակերպած է հայկական պատարագ: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը 2 ակադեմական կրթաթոշակ յատկացուցած է Չինաստանի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութիւնը ուսումնասիրելու համար:
Չինաստանի մէջ հայկական համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեան նշեց, թէ շնորհիւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած անձնաւորութիւններու` Ծայրագոյն Արեւելքի հայկական համայնքները կը բազմանան:
Սպանիա
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս
Փետրուար 11-ին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Չաւիեր Մորեթի «Արարատի յիշողութիւնը. ամէնամոռցուած ցեղասպանութեան 100 տարին» գիրքին շնորհահանդէսը:
«Արարատի յիշողութիւնը. ամէնամոռցուած ցեղասպանութեան 100 տարին» գիրքը բաղկացած է 270 էջերէ: Գիրքը պատմական իրադարձութիւններու շարադրութիւն չէ, այլ` ճամբորդական նոթերու ոճով գրուած պատմութիւն մը, որուն մէջ հեղինակը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր եւ իր լուսանկարիչ ընկերոջ ճամբորդութիւնը Հայաստան եւ Արցախ: Հեղինակը իր հիացմունքը յայտնած է, որ հայ ժողովուրդը հակառակ իր կրած անմարդկային տառապանքներուն` իր մէջ ուժ գտաւ վերածնունդ ապրելու, կերտելու անկախ պետականութիւն եւ պահպանելու իր հարուստ հոգեւոր ժառանգութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Նշենք, որ 2002-ին Չաւիեր Մորեթ իր «Գաղտնի կղզի. Այսլէնտ» գործին համար արժանացաւ «Մեծ ճանապարհորդներ» գրական մրցանակին:
Վրաստան
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի
Տարածաշրջանային Վրաստանի
Յանձնախումբին 5-րդ Նիստը
Փետրուար 12-ին, Թիֆլիսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային Վրաստանի յանձնախումբին 5-րդ նիստը:
Այս առիթով «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հարիւր գիրք» խորագիրով ցուցահանդէսի բացում: Այսպիսով, վիրահայոց թեմին մէջ մեկնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը:
Յանձնախումբի նախագահ, վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան կատարեց բացման աղօթքը եւ ներկայացուց նիստին օրակարգը, որմէ ետք քննարկուեցան յանձնախումբին ծրագիրները եւ ձեռնարկները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ջաւախքի մէջ նախատեսուած ծրագիրներու մասին: Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանները ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ իրենց ծրագրած աշխատանքները: Ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն նաեւ` վիրահայոց թեմը, Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան թատրոնը, «Վրաստան» թերթը եւ հասարակական կազմակերպութիւններ:
Նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունենալու պատճառով Վրաստանի քաղաքացիութենէն հայութեան որոշակի զանգուածը զրկելու հարցը: Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանները խօսեցան այդ ուղղութեամբ իրենց կատարած աշխատանքներուն, Վրաստանի արդարադատութեան նախարար Թէա Ծուլուկիանիի հետ ունեցած հանդիպումին մասին:
Քննարկուեցաւ նաեւ յանձնախումբի կազմի փոփոխութեան հարցը: Աւարտին նիստին աշխատանքը ամփոփեց Հայաստանի դեսպան Եուրի Վարդանեան: